(Ե. ՄԱՍ)

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԱՆՅԱՊԱՂԵԼԻ ԵՒ ՊԱՐՏԱՒՈՐԻՉ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ
Լիբանանահայութեան վշտալի տագնապի (1975-1990) փորձառութենէն երկու տասնամեակ ետք, 2011-ին ծայր առած սուրիահայութեան ողբերգութեան հետեւանքները կը շարունակուին։ Մեր նոր ու հին հիասթափեցնող դառնութիւնները մեզ կը սթափեցնեն գրգռող հրամայականութեամբ, իրենց տողատակի յստակ պարունակով, խորհուրդով մեզ կը դրդեն, մեզ կը յորդորեն ինքնաքննարկում, բաղդատական դատողութիւն, ողջմիտ ինքնաքննադատութիւն կատարելու։
Աղէտներու եւ կորուստներու մարդաբանութեան զուգահեռ, աղէտներու նուազեցման եւ կառավարման (Risk Engineering, Risk assessment) գիտական միաւոր մը, արհեստավարժ համակարգ մը յառաջացուցա՞ծ ենք արդեօք, ակադեմական քննարկումի խորհրդածութիւններով, զրուցասեղաններով, դասընթացքներով, գիտաժողովներով բարձրացուցա՞ծ ենք մեր ազգային անվտանգութեան փորձառութեան մակարդակը, գոյացուցա՞ծ ենք համայնքային նախազգուշական բարձր պատրաստուածութեամբ միացեալ ղեկավարութեան բջիջ մը, միաւոր մը  ունենալու անյետաձգելի օրակարգը։
Եթէ կան նման նախաձեռնութիւններէ բխած զեկոյցներ, աշխատանքային ծրագիրներ ըլլա՛ն անոնք՝ ներգաղութային, միջգաղութային թէ համասփիւռքեան զեկոյցներ խիստ յանձնարարելի է զանոնք հրապարակելով եւ գործնական ծրագրերով գործի մղելը, աշխատանքի լծելը։ Յանձնառու այն ժամանակն է, որ հայ Սփիւռքը կեդրոնանայ իր ներազգային տագնապներու, մարտահրաւէրներու եւ ինքնութեան զրահապատումի անյետաձգելի հարցերուն վրայ։ Գիտական, արհեստավարժ ու գործնական ելքեր գտնելու ուղղութեամբ, մեր անվտանգութիւնը, տեւակայութիւնը միայն խօսոյթներով, լոզունգներով չպահենք։
Ինչպիսի՞ գործելակերպերով պէտք է դիմագրաւենք մեր ազգային անվտանգութեան դիմաց ցցուող սպառնալիքները, որոնք սունկի նման արագօրէն կը վերածուին ահաւոր մարտահրաւէրներու՝ մեզ պարտաւորեցնելով անյապաղելի մշտադիտարկումի գործնական առաջնահերթութիւններու։
Տագնապի սկիզբը համայնքի այսպէս կոչուած ղեկավարութիւնները, քաղաքական դիրքի վրայ անուանուած կամ նշանակուած կուսակցական ղեկավարները անհեռանկար էին, համայնքի հաւաքական անվտանգութիւնը ապահովող համոզիչ հեռապատկեր մը չունէին։ Թերեւս արտագաղթի դէմ էին, չէին ուզեր, որ տեղի ունենայ զանգուածային արտագաղթը, բայց ի՞նչ ծրագիր կամ ինչպիսի՞ գործելաոճ ունէին արտագաղթը կասեցնելու կամ նուազեցնելու համար։ Ահագնացող տագնապի օրերու թաւալումին հետ անաղմուկ սուսիկ-փուսիկ անոնցմէ շատեր հեռացան, արտագաղթեցին։
Լաւ հարց տանք, եթէ մեր համայնքի քաղաքական ղեկավարութիւնները, նշանակուած կուսակցական ղեկավարները, ՀԵՌԱՏԵՍ ՈՒ ԳԻՏԱԿԱՆՕՐԷՆ չմտածեն, մասնագիտականօրէն չվերլուծեն, ազգապահպանման հաւաքական դեղագրեր չնախատեսեն, հայ համայնքի հաւաքական անվտանգութիւնը չծրագրեն, չհամակարգեն ու զայն չհսկեն, հապա ո՞ր կառոյցը կամ ո՞վ պիտի ստանձնէ ճակատագրական օրերու, ճգնաժամային իրավիճակներու պատասխանատուութիւնը, հոգատարութիւնը, խնամատիրութիւնը։
Սփիւռքահայ կառոյցները չունին հաստատութենական (Institutional) մտածողութեան համակարգեր, զգալի է մեր հաստատութենական քաղաքականութեան անգոյութիւնը։ Սփիւռքի մեր կառոյցը պետական հաւաքականութիւն ՉԷ, ուստի չկան մեր  ազգի  հանդէպ  պատասխանատուութեան,  համարատուութեան  եւ  հաշուետուութեան լծակներ, դէտեր, մարմիններ։ Սփիւռքի մեր կառոյցներու կազմութիւնը եւ հայակենցաղ շարունակելու կամքը տնօրինուած է ազգասիրութեան եւ սիրողական մակարդակով, կառուցուած է ընդհանրապէս ձրիաբար ծառայելու, ազգային ջահը սրտին սեղմած սիրայօժար նուիրեալներու հաւատամքներու նուիրուածութեամբ։
ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄԸ ԳԵՐԽՆԴԻՐ Է
Սուրիոյ տագնապէն ծնունդ առած գրականութեան վերաքաղէն կարելի է նկատել եւ հաստատել, որ քաղաքական շուարած դիրքորոշումը գերխնդիր էր եւ է՛ այսօր։
Ընդհանրապէս սփիւռքահայ բոլոր համայնքներու համար դարերէ ի վեր  կողմնորոշուելու չլուծուած հարց մը ունինք, այդ պատճառով միշտ ալ զիջած  կամ կորսնցուցած ենք տասնեակ տարիներով մեր իրագործած նիւթաբարոյական ժառանգութիւնները, հաւատալով նաեւ, որ մեր ստեղծագործած հայկական ժառանգութիւնը, իբրեւ համամարդկային ժառանգութիւն, պիտի յաւերժանայ տեղւոյն պայմաններուն մէջ, որոնք հայրենի հողի վրայ չեն։
Այն իմաստով, որ լիբանանահայութեան տասնհինգ տարիներու արիւնոտ վէրքը, իրավիճակը նախատեսելու բանիմացութիւնը չզարգացուցինք, չխորացուցինք, դարձեալ դասեր չքաղեցինք, պահ մը չմտածեցինք՝ թէ ի՞նչը եւ ինչպէ՞ս ծրագրել, ի՞նչ պէտք է ընել, ինչպէ՞ս ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒԻԼ եթէ այդ ահռելի, անսպասելի տագնապը կրկնուի սահմանակից հայ համայնքին՝ Սուրիոյ մէջ, ինչպէս Լիբանանէն ետք իրաքահայութիւնը, իրանահայութիւնը տանջուեցաւ Իրաք-Իրան պատերազմով։
Այդ բոլորը իբրեւ ճակատագրական իրողութիւններ ընկալեցինք, ընդունեցինք եւ կ’ընդունինք իբրեւ «Հայու ճակատագիր է» ըսելով, հաւատալով կը հաւատանք, որ «Մեր չար բախտն է», բայց հաստատակամ կը շարունակենք շինարարական կոթողներու վիթխարի եւ մեծածախս նախագիծերու հանգանակութիւններ ծրագրել, նուիրատուներ որսալ։
Մեր ազգային մեծագոյն, լրջագոյն եւ hարուածող տագնապներէն մէկն է մեր արտագաղթը եւ սփիւռքներու մէջ մեր սրընթաց ու հեզասահ ձուլումը։ Հաւաքական արտագաղթի հանդէպ մենք անկազմակերպ ենք, անծրագիր եւ անկարգապահ ենք եւ այդպէս ալ վերաբերեցանք սրընթացօրէն ծայր առած ներքին այդ տագնապներուն հետ։ Հեռատեսութեան ակնթարթ մը նոյնիսկ չունենալով, չմտաբերելով, չպատկերացնելով, որ լիբանանահայութեան տագնապը եւ հայ գաղութներու նախորդող կործանիչ փորձերը առաջինը չէին, անվիճելի հաւանականութեամբ արտագաղթի մեր տագնապները կրնային կրկնուիլ եւ պիտի կրկնուին Միջին Արեւելքի մէջ։
Այս տարածաշրջանին մէջ պատերազմներու, հակամարտութիւններու պատմութիւնը շարունակական է տարբեր պիտակներով, մանաւանդ Օսմանեան կայսրութեան փլուզումէն ետք այնքա՛ն փխրուն քաղաքականութեամբ բանող եւ մանաւանդ՝ տնտեսական եւ քաղաքական ներքին փակուղիներով, ինչպէս նաեւ ընկերային յարափոփոխ տագնապներով եւ ընդհանրապէս պայթունավտանգ՝ Լիբանանի, Թուրքիոյ, Իրաքի, Սուրիոյ եւ այլ հայրենամերձ հայ համայնքներ պարփակող միապետական համակարգով կառուցուած երկիրներուն մէջ։
ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄՆԵՐ
Մեր ազգային հաւաքական սարսափելի հոգեխոցէն՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք՝ վերջին ութը տասնամեակներու աշխարհաքաղաքական յարափոփոխ իրավիճակները, զանազան երկիրներուն մէջ բախտորոշ տագնապները կը շարունակուին: Տեղաշարժելով նաեւ հոն ապրող հայ համայնքներու անհատները, զանգուածային արտագաղթերը եւ հայաթափումը, որ աւելի կը սատարէ հայ փոքրամասնութեան թիւի նօսրացումին, կրկնակի վերսփիւռքացումին, քիչ մը աւելի սպառնալով մեր ազգային տեւականութեան, մշտականութեան։ Արտագաղթերու եւ հայաթափումի նոյն կրկնութիւնները տարբեր տեղանուններով, մեզ պէտք է թախանձեն մտածելու, դատելու եւ կողմնորոշուելու, իրատեսութեան լուրջ եւ գործնական ուղիներ խորհրդածելու։
Անկասելի արտագաղթերը, ենթադրաբար արեւմտեան կողմն աշխարհի ովասիսներու ուղեգիծ մը, ընտրութիւն մը ունին։ Նոր ովասիսներու ընտրութիւնը, կարծեցեալ այն վարկածը ունի, որ աւելի անվտանգ, խաղաղ եւ բարօրութեամբ լեցուն եւ երբեմն ալ անխախտ, մշտնջենաւոր բնորոշումով կ’արդարացուի։ Ընտրութիւն մը, որ վճռորոշ դեր կը խաղայ երիտասարդ սերունդի՝ հայու ինքնութեան կամ ազգային դիմագիծի ինքնըմբռնումի եւ ինքնաճանաչողութեան փնտռտուքին ընթացքին, որ կարելի է յատկանշել իբրեւ՝ ԶԳԱՑԱԿԱՆ ԿԱՄ ԳԻՏԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՅ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՆՔՆԸՄԲՌՆՈՒՄՈՎ։
Նոր համաշխարհայնացած արեւմտեան ովասիսները պարտադրեալ  ենթարկուածութիւն մը կը հարկադրեն յաջորդող մեր սերունդներու ինքնութեան վրայ, որ ընդհանրապէս ժամանակի թաւալումին հետ զգացական բնորոշումի կը յանգեցնէ, երբ անոնք պիտի ըսեն՝ «I feel that I am Armenian», «Կը զգամ թէ հայ եմ», իսկ խոր ինքնագիտակցութեամբ անհերքելի ազգակենցաղ նշանակէտն է՝ «հաստատ կը գիտակցիմ, որ հայ եմ»։ Զգացական եւ գիտակցական ինքնութեան բնորոշումի հրամայականին դիմաց Սփիւռքը տակաւին անխօս է, անձեռնհաս ու ԱՆԾՐԱԳԻՐ Է այսօր։ Բացի անտարբերութենէն եւ շողշողուն լոզունգներէն եւ կոչերէն, այդ գերմարտահրաւէրը մեր ԲՈԼՈՐ  ղեկավարութիւններու միաւորները ինքնաքննարկումի եւ զգաստութեան ՊԷՏՔ Է ԿՈՉԷ, մեզ ԱՐՄԿԱՀԱՐԷ ԵՒ ՄՂԷ յանձնառու պատասխանատուութեան, ինքնաքննադատութեան եւ գործնական քայլափոխի։
Ներկայիս անվերջ նորացուող դրութիւններով համացանցային դարաշրջանի լայն կարելիութիւնները օգտագործողներն ենք, ըլլա՛յ անձնական, թէ արհեստագիտական ասպարէզներու մէջ, հրամայական է, որ անոնց օգտագործումը ըլլայ նաեւ աշխարհասփիւռ հայ համայնքի միաւորներու միջեւ՝ արդի ցանցանեարդ (Neural), հեռահաղորդակցութեան (telecommunication) եւ այլ համակարգերու միջոցներով, օգտագործելով նաեւ արհեստական բանականութիւնը (Artificial Intelligence), որ դարձած է մեր առօրեայ կեանքի անբաժանելի մասը՝ այդ կը նշանակէ՝ ստեղծագործ եւ մասնագիտական, բազմաշերտ ու բազմաբովանդակ մտածողութեան հրամայականը կայ մեր ներգաղութային, միջգաղութային թէ համասփիւռքեան կեանքի տարբեր ոլորտներու մէջ, համագործակցելու կերպերը ամրապնդելու, ցանցակերպ խմբաւորումներով միաւորելու, օղակաւորելու, համախմբելու, վերարժեւորելու եւ ծրագրաւորելու։
Արտագաղթերու դառնահամ տագնապներ համտեսող հայ Սփիւռքը, աւանդական  հաղորդակցութեան կողքին համացանցային արհեստագիտութեան օգնութեամբ ՀԱՐԿԱԴՐՈՒԱԾ Է, որ 1) ցանցակերպ հաղորդակցութեան կամրջումի, ինքնայօժար հանդիպումի, համատեղումի եւ համարկումի մասնագիտական գործադաշտերու պուրակներ ստեղծէ, 2) չվերադարձող հայրենակիցներու հետ հաղորդակցական առցանց միջոցներով միացնէ, խմբակներ կազմէ, 3) վերոյիշեալ օրակարգերը մտորելու, մասնագիտական միջգործնական (Interactive)  աշխատակազմեր, խմբաւորումներ ստեղծէ, որոնց հրամայական օրակարգերէն են՝
Ա) աշխատանքային ուղիներ ճշդել մեր հաւաքական միգամած յիշողութեան փրկութիւնը ապահովելու համար,
Բ) սփիւռքահայութեան մարդաբանութեան ծրագրերու գործընթացներ մշակել եւ  գործիքակազմեր որոնել,
Գ) ապահովել հայ համայնքներու անվտանգութեան յանձնառու հեռանկարային քաղաքականութեան օրակարգի
քննարկումը, մշտադիտարկումը եւ վերջապէս՝
Դ) հայ փոքրամասնութիւններու ԳՈՅԱՏԵՒՈՒԹԵԱՆ (sustainability) հիմնահարցը հիմնաւորել եւ քառաժայր խարիսխներով արմատաւորել։
Կը հաւատանք, որ նման գործելաոճի օգնութեամբ պիտի կարողանանք հայ մարդու այս պարագային ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅՈՒ տեսակի կենսագոյութեան ապագայակերտ տեսլականը՝ ծրագրուած գիտական գործիքակազմերով, միացեալ յանձնառութեամբ հոգատարելու եւ յատկապէս ԳՈՅԱՏԵՒՈՒԹԵԱՆ մարտահրաւէրը նուաճելու։
(ՎԵՐՋ)
Փրոֆ.Արա Սայեղ