Բանաւոր խօսքը միտքերու արտայայտման հնչող խօսքն է, որ կ’ըլլայ պաշտօնական ու անպաշտօն: Հնչող խօսք կ’ըսենք, քանի որ խօսքի այլ տեսակ է նաեւ ներքին խօսքը, որ մարդու ներաշխարհին մէջ կը խմորուի մինչեւ դուրս գալը, երբեմն նաեւ չգալը: Պաշտօնական բանաւոր խօսքը գրաւոր լեզուին մօտ եղող խօսքային որակն է, իսկ ժողովրդախօսակցական անկաշկանդ խօսքը կը դրսեւորուի իր անպաշտօն բնոյթով առօրեայ զրոյցներու ընթացքին:

Բանաւոր լեզուն միշտ յարափոփոխ է զայն կրողի զարգացման հետ առընթեր եւ  անոր ոչ միօրինակութիւնը ի յայտ կու գայ թէ՛ բառակազմութեան, թէ՛ քերականական առանձնայատկութիւններու եւ թէ՛ հնչիւնական համակարգին մէջ: Յաճախ կը հանդիպինք յուզականութիւն ու անմիջականութիւն արտայայտող բառաշերտերու, ձայնարկութիւններու, օտարաբանութիւններու, դարձուածքներու …. եւ այլն:
Բառեր կան, որոնք պատկանելութիւն ունին եւ կը պատշաճեցուին տուեալ միջավայրին, բառեր ալ կան, որոնք պատկանելիութիւն չունին եւ կը գործածուին բոլոր ընկերային խաւերուն կողմէ: Առօրեայ խօսքը այսպիսով միջավայրէ միջավայր կրնայ տարբերիլ: Փողոցը հանդիպած ուսուցիչին «ըսթէզ» կրնայ ըսել հալէպցին իբրեւ դիմումի արտայայտութիւն, մինչդեռ նոյն անձնաւորութեան երբ հանդիսաւոր սրահի մէջ հանդիպի՝ «պարոն»-ով պիտի դիմէ անոր:
Տրուած ըլլալով որ առօրեայ լեզուն, մանաւանդ փողոցի լեզուն անկաշկանդ լեզու է եւ ճիգ ու ջանք չի պահանջեր խօսողէն, հոն նկատելի են գռեհկաբանութիւն, հասարակաբանութիւն, քերականական անճիշդ ձեւեր ու կառոյցներ, ինչպէս նաեւ՝ անհարկի փոխառութիւններու օգտագործում: Փոխառութիւն երբ կ’ըսենք առաւելաբար կը հասկնանք բառային փոխանցումները, որոնք մտած են լեզուին մէջ եւ կը գործածուին գրաւոր եւ բանաւոր լեզուներուն մէջ: Անհարկի փոխառութիւնը, կամ օտարաբանութիւնը, միւս կողմէ, այն բառերու օգտագործումն է, զոր գրաւոր լեզուն կը մերժէ, քանի որ անոնց համարժէքը փոխառու լեզուին մէջ առկայ է:
Երբեմն կը պատահի, որ փոխառու լեզուն ունի փոխառեալ բառին համարժէքը, սակայն կարճութեան, բարեհնչեղութեան տեսակէտէն մեկնած առօրեայ խօսքի մէջ կը գերադասուի փոխառեալը, ինչպէս օրինակ՝ քամերա՝ փոխան լուսանկարչական մեքենայի, կամ՝ ամպիւլանս փոխան շտապ օգնութեան մեքենայի:
Գաղտնիք չէ, որ լեզուները, որոնք կը գոյակցին, յաճախ իրարմէ կ’ազդուին, նոյնիսկ երբ երկու լեզուները հնչիւնաբանական եւ մանաւանդ ձեւաբանական, շարահիւսական եւ բառակազմական տարբերութիւններ ունին ու կը պատկանին տարբեր լեզուաընտանիքներու: Արաբ բնակչութեան հետ փոխյարաբերութիւնը, բնականաբար իր ազդեցութիւնը պիտի ձգէր խօսակցական հայերէնին վրայ: Եթէ մէկ կողմէ ընդունինք, որ վերապրողներու կողմէ Էրկիրէն բերուած թրքերէնի գործածութիւնը նուազեցաւ տարիներու ընթացքին նկատելի չափով (ոչ բոլորովին), սակայն միւս կողմէ փոխ առնուեցան արաբերէն բառեր, արտայայտութիւններ, եւ նոյնիսկ որոշ քերականական կառուցուածքներ, որոնք մերժուած են գրաւոր լեզուին մէջ եւ կը մնան միայն փողոցի մակարդակին վրայ:
Արաբերէնի ազդեցութիւնը խօսակցական հայերէնի վրայ Սուրիոյ մէջ ընդհանրապէս եւ Հալէպի մէջ մասնաւորաբար, կարելի է դիտարկել քանի մը լեզուական առումներով. (հոս կը բաւարարուինք միայն իւրաքանչիւրէն քանի մը օրինակ նշելով):
Ա. Ընտանեկան յարաբերութիւններ կամ ընկերային փոխյարաբերութիւններ. 
Հայերէնի խօսակցական լեզուին մէջ կարելի է օրինակ լսել «խալ» բառը, քեռիի փոխարէն, «ամմօ»՝ հօրեղբօր եւ առհասարակ:
Բ. Դիմումի եւ հրաժեշտի բառեր եւ արաբական արտայայտութիւններ՝
«Էհլէն»՝ բարեւ
«Մարհապա» բարեւ
«Պայ» ցտեսութիւն
Ինշալլահ (Աստուած կամենայ)
Սալամ
Ապու Վարդան
Ըսթէզ Արամ
Գ. Սնունդ, հագուստ եւ առօրեայ կեանքի իրեր՝
Պալճան
Մաղտանոս
Կէլէպիէ -արեւելեան աւանդական հագուստի տեսակ
Քիւնէֆէ
Շաուրմա
Ֆալաֆէլ
Թախըմ
Ըճճէ
Մլուխիէ
Քըպէպէթ
Ֆէթթէ
Հալաուէթ ճըպնէ
Սիխ քէպապ
Մըշապպաք
Թանճարա
Սահլէպ
Ճազար
Նաանէ
Դ. Հայհոյանքներ, անէծքներ, սպառնալիքներ, բացագանչութիւններ, ձայնարկութիւններ 
Իպնլ քալպ
Սարսարի
Ճահըշ
Րուհա պալա րէճ3ա
Ալլահ լէ եըրուիքի (Աստուած չցուցնէ)
Ալլալլահ
Եահօ՜
Պէ՜ս
Եանի՜
Ուալլա՜
Խալաս
Եաօ
Ոճային նպատակներով՝ խօսքին զանազան արտայայտչական երանգներ տալու նպատակով գործածուող բառեր.
Ալլա ուաքիլէք
Պիշարաֆաք
Ե. Տեղական աւանդութիւններ, սովորոյթներ, կրօնական սովորոյթներու հետ կապուած եզրոյթներ, որոնք կրնան փոխառուիլ արաբերէնէ եւ մտնել հալէպահայու խօսակցական բառապաշարին մէջ.
Ռամատան մտանք:
Թօփը պիտ զարնէ:
Հարսանեկան ասոյթներ
Ալլայի սաուա տոս տոս նըշքոր րապպի տոս տոս էլահէ՜:
Զ. Որոշ տեղանուններ, վայրեր. 
Պազար պիտ երթամ:
Վիլլաները կը նստինք:
Անպար
Մըսթաուտահ. «Ապրանքը մըսթաուտահը դրի»:
Է. Մակդիրներ, արհեստ, շինարարութիւն… 
Սատճի Յակոբ
Թորնոճի (ճի՝ թրք. մասնիկ)
Տէօքմէճի
Մեքինիստ
Ճփսին
Մօթոր
Ը. Միջատներ եւ կենդանիներու անուններ
Սարսուր (բզէզ)
Տապպուր (իշամեղու)
Զարզուր (թռչունի տեսակ)
Աանքապութ (սարդ)
Ճարտօն (առնէտ)
Թ. Վերաբերմունք, բարի կամեցողութիւն 
Աալա րասի (գլխուս վրայ)
Թըքրամ յէնաք
Ժ. Հնչիւնական ազդեցութիւններ 
Բանաւոր խօսքին մէջ ինչպէս որ կարեւոր են խօսողին  շարժուձեւերը, դիմախաղը, հայեացքը, մարմինին դիրքը, կեցուածքը, հագուստը, նոյնպէս ալ խօսողին հնչերանգը, ելեւէջները, նուագայնութիւնը, շեշտը, դադարը արտայայտչական կարեւոր գործօններ կը համարուին: Հալէպահայը, օրինակ, դամասկահայ խօսողի մը հնչերանգը չունի: Անմիջապէս կը գիտցուի, որ տուեալ խօսողը Հալէպէն է, Գամիշլիէն է, կամ Լաթաքիայէն, Դամասկոսէն եւ կամ  Սուրիոյ այլ նահանգներէ իր արտասանական եղանակային իւրայատկութենէն:
«Եալլա» արաբերէն բառը, օրինակ, որ լայնօրէն կը գործածուի խօսակցական արեւմտահայերէնին մէջ եւ բառացի «ո՜վ Աստուած» կը նշանակէ, ձայնային հնչերանգի շնորհիւ, կրնայ ունենալ տարբեր հասկացութիւններ:
– Եալլա՜, կ’ուշանանք կոր: (աճապարէ՜)
– Եալլաաաա՜, աս ինչե՜ր պատրաստեր ես այսօր: (բացագանչութիւն, զմայլանք)
– Եալլա՛ ելայ: (կարճ՝ հատէ իմաստով)
Անհարկի Փոխառութիւններ, որոնք հայերէնի կաղապարին կ’ենթարկուին. 
Թանթ -իկ
Շութ-եցի
Յարադրաւոր ձեւեր (հայերէն-արաբերէն բառակապակցութիւններ) եւ նախադասութիւններ. 
Մարշը զարկաւ:
Թաշուիթ ըրաւ:
Վաղը ըթլէ է:
Պէտք է ի մտի ունենալ միշտ, որ համայնքի անհատներ կրնան տարբեր աստիճանի տիրապետել արաբերէնին. բան մը, որ կը յանգեցնէ լեզուական ազդեցութեան աստիճանի տարբերութիւններու միջավայրէ միջավայր եւ խաւէ խաւ:
Երբեմն զուտ արաբերէն բառեր ալ չեն, այլ՝ թրքերէն, ինչպէս վերոյիշեալ բառերէն ոմանք, բայց գերիշխողը այսօր արաբերէնի ազդեցութիւնն է բնականաբար: Եւ դեռ կան ֆրանսերէն բառերու փոխառութիւններ՝ Սուրիոյ վրայ ֆրանսական տիրապետութեան օրերէն մնացած: Հոնկէ եւս բառեր մտան մեր լեզուական բառապաշարին մէջ եւ լայնօրէն գործածուեցան մանաւանդ արհեստի եւ ինքնաշարժի կտորներու առուծախի եւ նմանատիպ այլ ոլորտներու մէջ.- Փիսթոն, տպրիաժ, ֆիթէս, անարյէլ, քուաֆէր…
ԺԱ. Լեզուներու փոխազդեցութիւնը միայն բառերու փոխառութիւններով չի դրսեւորուիր շատ անգամ. կայ աւելի վտանգաւորը՝ լեզուամտածողութիւնը: 
Ահաւասիկ քանի մը օրինակ՝
– Եւ ես կու գամ կոր, տեսայ….
– Չի պառկելէս առաջ:
– Ո՞ւր մնացիր. վրադ կը փնտռէի:
– Վրայէդ գնաց:
– Առաջ որ գաս
Եզրակացնելով յիշենք, որ առօրեայ խօսքի ընթացքին ի յայտ  կու գան երկու կողմերու յարաբերութիւններու աստիճանը եւ տուեալ միջավայրն ու ընկերային վիճակը, ինչպէս նաեւ հաղորդակցողներու տրամադրութիւնը, քննարկուող նիւթի բնոյթը, խօսողի անհատական յատկանիշները, տրամադրութիւնը, լեզուամտածողութիւնը եւ այլ բազմաթիւ գործօններ, որոնք կ’ազդեն խօսքի որակին վրայ: Պէտք է նկատել տալ նաեւ, որ խօսակցական տուեալ շրջանի լեզուն կարելի է գտնել գրականութեան մէջ իբրեւ հարազատութիւնը պահպանող տարր, բայց գրական լեզուին մաս չեն կազմեր, որովհետեւ մերժուած են։
Սօսի Միշոյեան-Տապպաղեան