Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը տարածած է Խրիմի՝ Ռուսիոյ կցուելուն 10-րդ տարելիցին առիթով։
«Խրիմի թերակղզիին անօրինական բռնակցումը չճանչնալու եւ Ուքրանիոյ ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան աջակցելու հարցով Անգարայի դիրքորոշումը անփոփոխ է», ընդգծուած է յայտարարութեան մէջ։