Մոսկուայի «Կրոկուս Սիթի Հոլ» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան հետևանքով զոհերուն թիւը 80-ի հասած է։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին կը յայտնէ Baza թելեկրամեան ալիքը։

Մոսկուայի «Կրոկուս Սիթի Հոլ» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան հետևանքով վերջին տուեալներով զոհուած է առնոպազն 80, վիրաւորուած 100-էն աւելի մարդ։

Զոհերու թիւի աճ կը նախատեսուի։

«Կրոկուս Սիթի Հոլ» համերգասրահին մէփ համերգի ընթացքին կրակոցներ հնչել էին, որմէ ետք համերգասրահին մէջ հրդեհ բռնկած էր։ Համացանցի վրայ տարածուած տեսանիւթերէն կը յստականայ, որ կրակոցները արձակած են խումբ մը անձինք, որոնց ինքնութեան վերաբերեալ տակաւին պաշտօնական տեղեկութիւններ չկան։