Ֆրանսայի վարչապետ Կապրիէլ Աթալ՝ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի տարեկան ընթրիքին արտասանած իր խօսքին մէջ՝ Ատրպէյճանէն պահանջեց ետ քաշել իր զօրքերը Հայաստանի բռնագրաւուած տարածքներէն: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը՝ վկայակոչելով Figaro-ն։

Ան դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճանի նախագահը ի՛նք խոստովանած է, որ Ատրպէյճանի ուժերը յառաջխաղացք ունեցած են Հայաստանի տարածքի քանի մը կէտերու մէջ:

«Այսօր մեր պարտքն է օգնել Հայաստանին՝ պաշտպանելու իր անկախութիւնը, իր ժողովրդավարութիւնը, ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը», յայտարարեց Աթալ: