Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ շնորհաւորեց Վլատիմիր Փութինը՝ Ռուսիոյ նախագահ վերընտրուելուն առիթով։ Նախագահը շնորհաւորագրին մէջ ըսաւ. «Կը շնորհաւորեմ ձեր յաղթանակը եւ մեծամասնութեան քուէարկութեամբ Ռուսիոյ նախագահ վերընտրուիլը, ինչ որ ցոյց կու տայ Ռուսիոյ ժողովուրդին վստահութիւնը ձեզի եւ ձեր ազգային եւ ռազմավարական տեսլականին, որոնք միշտ եղած են ի նպաստ Ռուսիոյ ժողովուրդի շահերուն եւ Ռուսիան պահած կայուն դիրքի վրայ, որովհետեւ Ռուսիա ունի դարարմատ պատմութիւն եւ քաղաքակրթութիւն, որոնք հիմնուած են սկզբունքներու, օրէնքներու եւ այլ երկիրներու շահերը յարգելու վրայ, ոչ թէ այլոց տարածքներ բռնագրաւելու գաղափարին վրայ»։
Նախագահ Ասատ Ռուսիոյ նախագահին յաջողութիւն մաղթեց, իսկ Սուրիա եւ Ռուսիա յարաբերութիւններուն՝ նոր վերելք ու թափ։