(Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի բանախօսութիւնը

ՍՕ Խաչի Կազմակերպած Մայրերու Օրուան Տօնակատարութեան)Մեծապէս սիրելի՛, յարգելի՛ եւ թանկագի՛ն մայրեր ու քոյրեր։
Այսօր հաւաքուած ենք յիշատակելու Մայրերու տօնը։ Գեղեցիկ սովորոյթ ու աւանդոյթ դարձած է, արժան եւ իրաւ, ողջ աշխարհով նշել սոյն տօնը, գլխաւորաբար Մարտ, Ապրիլ եւ Մայիս ամիսներուն՝ վեր բերելու ընդհանրապէս մօր կերպարը, անձը, նկարագիրը, առանձնայատկութիւններն ու դերակատարութիւնը, որ ան կ’ունենայ եւ ունի ընտանիքին ու մարդկային ընկերութեան մէջ։
Մարդկային ընկերութեան մէջ իգական սեռի ներկայացուցիչ՝ մօր դերակատարութիւնը ընդհանրապէս կենսական է եւ որեւէ սակարկութեան չ’ենթարկուիր։ Իսկ հայկական իրականութեան մէջ, դարաւոր մեր մշակոյթի ու հոգեմտածողութեան մէջ, մայրը աստուածատուր իր կոչումով եւ առաքելութեամբ հանդէս կու գայ, եւ այնքան նուիրական ու բարձր են անոր արժէքն ու դերակատարութիւնը, որ ընտանիքի կայունութեան, յարատեւութեան եւ անաղարտ պահպանութեան հիմնական կռուանը կը կազմեն, զաւակներու ու սերունդի դաստիարակութեան ամենասրբազան եւ ծանրագոյն պարտականութիւնը մօր ուսերուն դրուած է եւ իրեն վստահուած։
Մեր պարագային, երբ կը փորձենք մտածել մայրութեան գաղափարի մասին եւ կամ խօսիլ մօր կերպարի եւ կամ անոր դերակատարութեան մասին, անմիջապէս մեր աչքին առջեւ կը պատկերուի Սուրբ Կոյս Մարիամի՝ մայրերու մօր տիպարը, որ Աստուածաշունչին մէջ յիշուած բոլոր կիներուն մէջ մաքրագոյնն ու սրբագոյնն է, առաքինութիւններու մարմնաւորումն է, հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ, ազնուութեան, քաղցրութեան, հեզութեան, խոնարհութեան, համբերատարութեան, անձնուրացութեան, աստուածպաշտութեան, աստուածսիրութեան, աստուածվախութեան, պարկեշտութեան, ժուժկալութեան, հաւատարմութեան, պատուախնդրութեան, ծառայութեան, զոհողութեան, անբծութեան, մաքրութեան եւ անարատութեան առաքինութիւններու մարմնացումն ու արտացոլացումն է, ինչպէս նաեւ ցուցանիշն ու բարձրագոյն օրինակը աստուածակնիք ու աստուածահաճ կեանքի, որուն նայողն ու անկէ օրինակուողը բնաւ չի՛ զղջար, չի՛ ձախողիր եւ չ’ամչնար, այլ ընդհակառակը՝ աստուածահաճ կեանք ապրելով եւ լիակատար իր կոչումն ու առաքելութիւնը արժեւորելով՝ ճակատաբաց եւ անվրդով կը կանգնի եւ բոլոր պարագաներու մէջ յաջողութիւն գտնելով՝ կը մեծարուի ու կը գնահատուի թէ՛ Աստուծմէ, եւ թէ՛ մարդոցմէ, իսկ իր կեանքը կը յատկանշուի կատարեալ աստուածահաճութեամբ, աստուածամերձութեամբ եւ սրբութեամբ։
14-ամեայ անմեղունակ կոյս Մարիամը անակնկալ երկնային այցելութիւն մը կ’ընդունի. Ամենակալ Աստուծոյ պատգամաբեր հրեշտակապետը՝ Գաբրիէլը կը յայտնուի եւ անոր կ’աւետէ աշխարհի պատմութեան մեծագոյն եւ աննման հրաշք-նշանին մասին, անոր կուսական յղութեան եւ ծննդաբերութեան, որ Տիեզերաստեղծ Աստուածորդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի մարդեղացումը պիտի ըլլար։ Ծնունդ մը, որ իր էութեամբ ամբողջապէս պիտի փոխակերպէր ողջ մարդկային կեանքին ընթացքը, զայն նոր հունի մէջ դնելով։
14-ամեայ կոյս Մարիամ, Աստուծոյ կողմէ ընտրուած, կը հրաւիրուի իր Միածին Որդիին մայրը ըլլալու։ Այլ խօսքով, Մարիամ Սուրբ Կոյսը մայրութեան կոչումը կը ստանայ. կոչում մը, որ բոլոր կոչումներէն գերազանցապէս բարձր է, սուրբ է ու նուիրական։
Սիրելինե՛ր, մայրական կոչումը աստուածահաստատ եւ աստուածատուր է։ Մայրութիւնը Աստուծոյ էութեան եւ բնութեան յատկութիւններէն է, եւ երբ ոեւէ անձ այդ կոչումին կ’արժանանայ կամ իր մէջ կը զգայ այդ մէկը եւ ըստ այդմ կ’ընդառաջէ անոր, ծայրագոյն գիտակցութեամբ պէտք է մօտենայ անոր, միշտ յիշելով որ թեթեւ, անարժէք, սովորական եւ սոսկ կենսաբանական երեւոյթ մը չէ ատիկա, այլ աշխարհին մէջ, կ’երեւի ատկէ աւելի բարձր, կարեւոր եւ կենսական կոչում չկայ, որովհետեւ, մայրութեան կոչումին եւ առաքելութեան ճամբով անձը զԱստուած կը մարմնաւորէ երկրի վրայ, ընտանիքին եւ ընկերութեան մէջ, անոր գործակից կը դառնայ եւ մանաւանդ՝ կը նմանի Աստուծոյ։
Ո՞վ էր առաջին մայրը. Եւան։ Որմէ՞ ստացաւ այդ կոչումն ու առաքելութիւնը. նոյնինքն Աստուծմէ։ Բայց յաջողեցա՞ւ իր կոչումին ու առաքելութեան մէջ։ Բնականաբար ո՛չ։ Ո՛չ այնպէս՝ ինչպէս Աստուած կ’ուզէր։ Այն՝ ինչ որ առաջին մայրը ձախողեցաւ իրականացնել իր ամբողջութեան մէջ նկատի առած, երկրորդ Եւան՝ Սուրբ Կոյս Մարիամը, Աստուծոյ կամքին կատարեալ հնազանդութեամբ կատարելապէս ամբողջացուց եւ հանդիսացաւ ո՛չ միայն մայր կոչումին, այլ
նաեւ՝ «THEOTOKOS» Աստուածամայր տիտղոսին։
Բայց կենսական իրողութիւնը այն է, որ լուրջ պատրաստութիւն է պէտք մայրութեան կոչումը ըստ էութեան արժեւորելու համար։  Առանց նախօրօք պատրաստութեան, անկարելի է որ ճշմարիտ եւ բառին բուն իմաստով մայր ըլլալ։ Պատրաստութիւն երբ կ’ըսեմ՝ նկատի ունիմ հոգեկան, մտային, Ֆիզիքական, բարոյական, ընկերային ու կրօնական դաստիարակութիւն։ Ամէն էգ կրնայ ամուսնանալ եւ բնազդային ու կազմախօսական իմաստով յղանալ ու այսպէս կոչուած՝ զաւակ ծնանիլ, ատոր մասին չէ խօսքը։ Որովհետեւ, Աստուծոյ կարգաւորումին համաձայն, անասուններն ալ կը զուգուին եւ կը մայրանան։ Մայրութեան կոչումը իր աստուածահաստատ շրջագիծին մէջ պէտք է դիտել ու հասկնալ, որպէս նուիրական կոչում եւ աստուածատուր առաքելութիւն, որ ամբողջական իմաստով ինքնազոհողութիւն եւ նուիրում կ’ենթադրէ։
Աստուածային մայրութեան կոչումին ընդառաջելու համար, Մարիամ սուրբ կոյսը շատ լուրջ եւ խիստ պատրաստութիւն ու դաստիարակութիւն ստացաւ։ Որպէս ուխտի զաւակ, ան 3 տարեկանին արդէն տաճար ընծայուեցաւ եւ հոն դաստիարակուեցաւ հրէական կրօնի սկզբունքներով, կանոններով, պահանջներով ու առաքինութիւններով։ Ստացաւ հոգեւոր, կրօնական ու աստուածաշնչական դաստիարակութիւն։ Ազդու եւ գործուն մայր ըլլալու համար իր մէջ յստակ յատկութիւններ, առաքինութիւններ ու կարողութիւններ զարգացուց։ Ինչպէս կարեկցութիւն, խոնարհութիւն, հեզութիւն, հնազանդութիւն, համբերատարութիւն, երկայնամտութիւն, լսելու, խորհելու, մտածելու եւ հասկնալու կարողութիւններ, պահեցողութիւն կատարել, աղօթական կեանքի նուիրուիլ,  Աստուծոյ տան մաքրութեամբ զբաղիլ, հոգատար ըլլալ իր զգացումներուն, մտածումներուն եւ խորհուրդներուն մաքրութեան, ուրիշներուն հանդէպ գուրգուրոտ ըլլալ, խնամատար ըլլալ, ծառայել, օգնել, ունեցածով գոհանալ, ներողամիտ ըլլալ, մաքուր, անբիծ, սուրբ եւ անարատ կեանք ապրիլ, իր կուսութիւնը պահպանել, ընտանիքի պատիւն ու անունը անարատ պահել, Աստուծոյ պատուիրաններուն համաձայն ապրիլ, ամէն ինչի մէջ Աստուծոյ վստահիլ, ապաւինիլ եւ անոր կամքը փնտռել ու կատարել։
Ուստի,
Ի՞նչպէս կրնանք ազդու եւ գործուն մայրեր ըլլալ
-Երբ հոգատար ենք ուրիշներու նկատմամբ եւ կը տագնապինք անոնց բարօրութեան եւ փրկութեան համար։ Ասիկա անանձնական սիրոյ ամենացայտուն յատկանիշն է։
-Երբ ընտանիքի անդամները առաջնահերթ կը նկատենք եւ մեր կեանքին մէջ մեր առաջնահերթութիւնները կարգաւորել կը գիտնանք։
-Գործուն եւ ազդեցիկ մայրը միշտ իր սիրելիներուն կեանքին մէջ դրական, օրհնաբեր եւ բարեդրոշմ ներկայութիւն կ’ըլլայ։ Բնաւ իր հանգիստն ու վայելքը չի գերադասեր. իր եսը չի փայփայեր, այլ ո՛ւր որ իր կարիքը կը զգացուի՝ ան միշտ հոն կ’ըլլայ եւ պատրաստ զոհուելու, ծառայելու եւ օգնելու։
-Երբ ուրիշներ ներքին ապահովութեամբ կրնան իրմէ կախեալ ըլլալ։
-Գործուն ու ազդեցիկ մայրը ան է, որ ընտանիք կը կազմէ եւ ոչ թէ պարզապէս տուն։
-Գործուն մայրը միաժամանակ մեծագոյն քաջալերողն ու օգնականն է իր ամուսինին ու զաւակներուն։ Ինչպէս նաեւ՝ ամէն զոհողութիւն ամենայն պատրաստակամութեամբ եւ ուրախութեամբ յանձն առնողն է ի սէր իր ընտանիքին ու սիրեցեալներուն։
-Գործուն եւ ազդեցիկ մայրը ան է, որ հոգեւոր կեանք կ’ապրի, հոգեպէս զօրաւոր է եւ անայլայլ որպէս անշարժ լեռ։ Ան է, որ նշանակալից յարաբերութիւն ունի Աստուծոյ հետ եւ այդ ծիրին մէջ առաջնահերթութիւն կը համարէ հոգեւոր կեանքն ու դաստիարակութիւնը։
Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ քրիստոնեայ մօր մասին
 Մայրութիւնը շատ կարեւոր կոչում ու դերակատարութիւն մըն է, որ Աստուած ընտրելով կու տայ կին դասակարգին։
-Քրիստոնեայ մայրը պարտականութիւն ունի սիրելու իր զաւակները, որովհետեւ զաւակները Աստուծոյ կողմէ տրուած պարգեւներ են (Սղ 127.3-5), պէտք է ըլլայ համեստ, անբիծ, տնարար, բարի ու հնազանդ, որպէսզի պատճառ չդառնայ, որ անարգուի Աստուծոյ խօսքը, որուն անունը կը կրէ (Տիտ 2.4-5)։
Իր ունեցած եւ ցուցաբերած սէրը պարզ սէրէն շատ աւելի տարբեր եւ յատուկ «մայրական սէր» է, որ յունարէնով Filoteknos կը կոչուի, որ կը ներառէ հոգատարութիւն, գուրգուրանք, ողջագուրում, գրկին մէջ սեղմել, պէտքերը հայթայթել եւ գորովանքով ու բարեկամաբար վերաբերիլ իւրաքանչիւր զաւակի հետ։
-Ան միշտ՝ ցերեկ թէ գիշեր, պէտք է օգտակար հանդիսանայ իր զաւակներուն։ Այս առնչութեամբ, մօր (ծնողքին, հօրն ու մօրը միաժամանակ) ուղղուած Աստուծոյ հրահանգը հետեւեալն է. «Այս խօսքերը, որոնք ես այսօր քեզի պատուիրեցի, քու սրտին մէջ թող ըլլան։ Ու զանոնք քու որդիներուն կրկին անգամ սորվեցուր։ Թէ՛ տանդ մէջ նստած ատենդ, թէ՛ ճամբայ  քալած ատենդ, եւ թէ՛ պառկելու ու ելլելու ատենդ՝ անոնց վրայ խօսիր» (Բ.Օր 6.6-7)։
-Մայրը պէտք է ներգրաւող ըլլայ ու գործուն մասնակցութիւն ունենայ, այսինքն՝ զաւակներու կեանքին մէջ ներազդէ, խնդիրները փորձէ անոնց հետ քննարկել, միասին մտածել եւ միասնաբար կեանքը ձեւակերպել (Եփ 6.4)։
-Մայրը պէտք է ուսուցանող ըլլայ։ Սորվեցնէ իր զաւակներուն Աստուածաշունչն ու աստուածաշնչական աշխարհայեացքը. «Աստուած իր պատուիրաններն ու Օրէնքը տուաւ մեր ծնողներուն եւ հրահանգեց ատոնք սորվեցնել իրենց զաւակներուն. որպէսզի գալիք սերունդը, որ դեռ աշխարհ պիտի գայ, իմանայ  եւ ինքն իր հերթին պատմէ յաջորդ սերունդին, որպէսզի նոր սերունդներն իրենց յոյսը Աստուծոյ վրայ դնեն, չմոռնան, ինչ որ  ան ըրաւ, այլ անոր պատուիրանները գործադրեն» (Սղ 78.5-6, Բ.Օր 4.10, Եփ 6.4)։
-Քրիստոնեայ Մայրը պէտք է մարզէ ու պատրաստէ իր զաւակները։ Այսինքն, մայրը պէտք է օգնէ իր երեխային զարգացնելու իր կարողութիւնները եւ մանաւանդ՝ յայտնաբերելու իր ուժերն (Առ 22.6) ու հոգեւոր պարգեւները (Հռ 12.3-8 եւ Ա.Կր 12)։
-Քրիստոնեայ մայրը պիտի դաստիարակէ ու կրթէ իր զաւակը։ Անոր պիտի սորվեցնէ Աստուծմէ վախնալ, ինչպէս նաեւ սիրով չափն ու սահմանը սորվեցնէ անոր (Եբր 12.5-11, Եփ 6.4)։ «Գաւազանին խնայողը իր որդին կ’ատէ, Իր որդին սիրողը, հոգածութեամբ (կանուխ) կը խրատէ» (Առ 13.24), «Քանի որ յոյս կայ՝ տղադ խրատէ, եւ անոր մահուանը կամակից մի՛ ըլլար… Տղայէն խրատը մի կտրեր, քանի որ եթէ անիկա գաւազանով ծեծես (խրատես, դաստիարակես), չի մեռնիր։ Թէեւ դուն անիկա գաւազանով ծեծես, բայց անոր հոգին դժոխքէն (մահէն) կ’ազատես» (Առ 19.18, 23.13-14)։ «Գաւազանն ու յանդիմանութիւնը իմաստութիւն կու տան, բայց իր կամքին ձգուած տղան իր մայրը կ’ամչցնէ …խրատէ քու որդիդ, որպէսզի քեզ հանգստացնէ եւ քու հոգիդ զուարճացնէ» (Առ 29.15-17)։
-Քրիստոնեայ մայրը պէտք է սնուցանէ իր զաւակները։ Սնուցանելը պարզապէս ճաշի կամ ուտելիքի իմաստով նկատի չունիմ, այլ նաեւ՝ հոգեւոր սնունդի. մայրը իր օրինակով պէտք է աղօթել սորվեցնէ, Աստուծոյ խօսքը ընթերցել, եկեղեցի երթալ, պատարագներու մասնակցիլ, պահեցողութիւն կատարել, Աստուծոյ կամքին ծանօթանալ, զԱստուած ճանչնալ եւ անոր պատուիրաններուն համաձայն ապրիլ։ Ան նաեւ պէտք է այնպիսի միջավայր մը հայթայթէ, ուր շարունակ խրախուսէ եւ թեւ թիկունք կանգնի անոնց, ազատութիւն տայ գործելու, թէկուզ ձախողին, զաւակը ինքնզինք մերժուած չզգայ այլ՝ ընդունուած եւ փնտռուած։ Ընտանեկան միջավայրին մէջ գորովանք մատուցուի եւ անպայմանաւոր սէր մատակարարուի (Տիտ 2.4, Բ.Տմ 1.7, Եփ 4.29-32, 5.1-2, Գղ 5.22, Ա.Պտ 3.8-9)։
-Քրիստոնեայ մայրը ուղղամտութեամբ պէտք է կաղապարէ իր զաւակները։ Այսինքն, ան պէտք է իր խօսքը ապրի, ուրիշ խօսքով, քու խօսքդ պէտք է ներդաշնակ ըլլայ գործիդ եւ առօրեայ ապրած կեանքիդ։ Եւ ատով պէտք է լաւագոյն կենդանի օրինակը հանդիսանաս, որպէսզի զաւակդ կարենայ քեզմէ սորվիլ աստուածային կեանքի էութիւնը։ «Միայն քեզի աղէկ նայէ ու քու հոգիիդ շատ զգուշութիւն ըրէ, որ աչքերուդ տեսած բաները չմոռնաս եւ կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ քու սրտէդ չելլեն. այլ անոնք քու որդիներուդ ու անոնց որդիներուն սորվեցնես» (Բ.Օր 4.9)։ «Ողջամտութեամբ ընթացողը ապահովութեամբ կը քալէ, բայց իր ճամբաները ծռողը պիտի ճանչցուի», «Ուշադրութեամբ դիտէ արդարը, տե՛ս ուղիղ մարդը, որովհետեւ այնպիսիին վախճանը՝ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ. բայց յանցաւոր մարդիկ միասնաբար պիտի ջնջուին, ամբարիշտներուն վախճանը Տիրոջ ներկայութենէն արտաքսում պիտի ըլլայ» (Առ 10.9, Սղ 37.18,37)։
Բնականաբար, Աստուածաշունչը երբեք չի հաստատեր, թէ բոլոր կիները պէտք է մայր ըլլան։ Բայց կ’ըսուի, որ անոնց որ Աստուած կ’ընտրէ ու կ’օրհնէ մայրեր ըլլալու, ապա լրջօրէն եւ բարձրագոյն գիտակցութեամբ պէտք է յանձն առնեն պատասխանատուութիւնը։ Որովհետեւ մայրեր ճակատագրական եւ իւրայատուկ դերակատարութիւն ունին իրենց զաւակներու կեանքին մէջ։
Մայրութիւնը աննշան աշխատանք եւ կամ անհաճոյ պաշտօն մը չէ։ Ինչպէս որ մայրը իր արգանդին մէջ կը կրէ մանուկը իր յղութեան ժամանակ, ինչպէս որ մայրը կը կերակրէ եւ հոգատար կ’ըլլայ իր փոքրիկին մանկութեան ժամանակ, նոյնպէս ալ մայրեր շարունակական դերակատարութիւն ունին իրենց զաւակներու կեանքին մէջ, ատիկա ըլլայ անոնց պատանեկութեան, երիտասարդութեան կամ նոյնիսկ իրենց հասուն տարիքին, սեփական երեխաներու տէր դառնալէ ետք ալ։
Թէեւ մայրութեան դերը կը փոխուի ու կը զարգանայ, սակայն սէրը, հոգատարութիւնը, գուրգուրանքը, խրատը, հոգեւոր դաստիարակութիւնն ու քաջալերանքը, զորս մայրը կու տայ իր զաւակին, բնաւ պէտք չէ դադրին։
Երբ մայրը իր կոչումին գիտակից իր առաքելութիւնը կը կատարէ, ընտանիքը կ’ըլլայ առողջ, զօրեղ եւ կանգուն։ Երբ ընտանիքը առողջ է եւ աստուածադրոշմ սկզբունքներով, եկեղեցական ու ազգային, հոգեւոր ու մշակութային արժէքներով սնուած ու թրծուած է, թէ՛ մարդկային ընկերութեան եւ թէ ամբողջ ազգին վիճակն ու ապագան առողջ է, զօրեղ ու ապահով։
Մենք միշտ պէտք է երախտապարտ ու շնորհակալ ըլլանք մեր մայրերուն եւ փորձենք ապրիլ այնպիսի կեանք մը, որ կենդանի արտացոլացումը ըլլայ անոնց ունեցած դրական ազդեցութեան մեր կեանքին մէջ։
Հետեւեալ գրութիւնը թարգմանաբար մայրերու տօնին առիթով իբրեւ համեստ նուէր կ’ընծայենք մեր թանկագին մայրերուն։
ԵՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԻՆԸ (ՄԱՅՐԸ) ԿԸ ՍՏԵՂԾԷ
Աստուած 6-րդ օրը ուշ ժամուն, երբ կինը կը ստեղծէր, հրեշտակ մը կը մօտենայ անոր ու կ’ըսէ. «Տէ՛ր, ինչո՞ւ այդքան ժամանակ կը տրամադրես այս մէկուն ստեղծման համար»։
Տէր Աստուած կը պատասխանէ հրեշտակին ու կ’ըսէ. «Միթէ չտեսա՞ր այն բոլոր մանրամասն յատկութիւնները, որոնք զայն ձեւաւորելու համար նկատի ունեցած եմ»։ Եւ Աստուած շարունակելով կ’ըսէ. «Ան պէտք է լուալի ըլլայ, բայց ոչ բլաստիկէ։ Պէտք է 200-է աւել շարժող մասեր ունենայ, եւ պէտք է բոլոր կարելի կերպերով պաշտօնավարէ։ Ան քանի մը երեխայ միաժամանակ գրկելու կարողութիւնը պէտք է ունենայ։ Ան կարողութիւնը պէտք է ունենայ այնպէս սեղմելու իր գրկին մէջ, որ ամէն ինչ բուժէ՝ վիրաւորուած ծունկէն մինչեւ կոտրած սիրտը։ Եւ այս բոլորը պէտք է ընէ միայն երկու ձեռքով»։
Հրեշտակը մեծապէս տպաւորուած՝ կ’ըսէ. «Միայն երկո՞ւ ձեռքով, ասիկա անկարելի է» եւ աւելցնելով՝ կը հարցնէ. «Ասիկա՞ է բնօրինակը։ Մէկ օրուան համար, ասիկա շատ մեծ աշխատանք է, Տէ՛ր, մինչեւ վաղը սպասէ եւ յետոյ ամբողջացուր զայն»։
_Ո՛չ,- կը պատասխանէ Տէր Աստուած,_ Արդէն աւարտելու հասած եմ այս ստեղծագործութիւնը, որ իմ սրտին ամենահամակրելին պիտի ըլլայ։ Եւ շարունակելով իր խօսքը, կ’ըսէ,_ Ան երբ հիւանդանայ, ինքզինք պիտի բժշկէ եւ պիտի կարենայ ի պահանջել հարկին օրը 18 ժամ ալ գործել։
Հրեշտակը աւելի կը մօտենայ եւ դպչելով կնոջ ձեռքին, կ’ըսէ,_  Բայց շատ փափուկ ստեղծած ես զայն, ո՜վ Տէր։ Աստուած կը պատասխանէ,_ Թէեւ փափուկ ստեղծած եմ զայն, բայց միաժամանակ՝ շատ զօրաւոր. Դուն չես կրնար երեւակայել, թէ ան որքա՜ն կրնայ տոկալ եւ ինչպիսի՛ դժուարութիւններ յաղթահարել։
_Ան կրնա՞յ մտածել,- կը հարցնէ հրեշտակը։ _Ո՛չ միայն կրնայ, այլեւ կրնայ տրամախոհել ու բանակցիլ,- կը պատասխանէ Աստուած։
Հրեշտակը այս անգամ կնոջ այտին կը դպնայ ու կ’ըսէ._ Տէ՜ր, ինծի այնպէս կը թուի, որ այս ստեղծածդ կը կաթկթի (այտէն ջուր դուրս կու գայ), երեւի շատ բեռներով ծանրաբեռնած ես զայն։ _Ան ջուր չի կաթեցներ,- կը պատասխանէ Տէրը,_ Ատիկա արցունք է,- կ’ըսէ եւ կ’ուղղէ հրեշտակին արտայայտութիւնը։
_Ատիկա ի՞նչ բանի համար է,- կը հարցնէ հրեշտակը. Եւ Տէր Աստուած կը պատասխանէ,_ Արցունքը անոր կերպն է արտայայտելու իր ցաւը, վիշտը եւ ուրախութիւնը, կասկածները, սէրն ու մինակութիւնը, իր տառապանքներն ու հպարտութիւնը։
Ասիկա մեծ տպաւորութիւն կը ձգէ հրեշտակին վրայ, որ Տիրոջ դառնալով կ’ըսէ,_ Տէ՜ր, դուն հանճար ես։ Եւ կնոջ համար կ’ըսէ,_ Իրապէս որ ան սքանչելի ու հրաշալի ստեղծագործութիւն է։
_ Իրապէս որ այդպէս են կինն ու մայրը,- կ’ըսէ Աստուած ու կը շարունակէ,_ Մայրը այնպիսի զօրութիւն ունի, որ կը զարմացնէ այր մարդը։ Ան ամէն տեսակ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ ու ծանր, աներեւակայելի բեռներ կը կրէ։
Կինը իր մէջ կը պարփակէ ուրախութիւն, սէր, մտածում ու կարծիք։ Ան կը ժպտի, երբ աղաղակել կ’ուզէ։ Կ’երգէ, երբ կը զգայ, որ պէտք է լայ։ Կու լայ, երբ ուրախ է եւ կը ծիծաղի, երբ կը վախնայ։ Ան բուռն կերպով կը պայքարի իր հաւատացածին համար, կուրծք կը պարզէ անարդարութեան դէմ, եւ երբ աւելի լաւ լուծումներ կը տեսնէ «ոչ»-ը երբեք իբրեւ պատասխան չ’ընդունիր։ Ան իր անձը կը զոհէ, որպէսզի իր ընտանիքը բարգաւաճի ու զարգանայ։ Ան վախով բռնուած իր բարեկամը բժիշկի կը տանի եւ իր սէրը անպայմանաւոր կերպով կը մատակարարէ բոլորին։ Ան կու լայ, երբ իր զաւակները յաջողութիւն ու յաղթանակ կ’արձանագրեն։ Կ’ուրախանայ, երբ իր բարեկամները լաւ վիճակի մէջ կը տեսնէ։
Ան երջանիկ կ’ըլլայ, երբ կը լսէ ծնունդի մը կամ ամուսնութեան մը մասին։ Եւ անոր սիրտը կը կոտրի ու կը ցաւի, երբ կը լսէ բարեկամի մը կամ հարազատի մը կորուստի գոյժը. բայց, ուժը կը գտնէ շարունակելու իր կեանքը։ Անիկա քաջ գիտէ, որ մօր մէկ համբոյրը ու իր գրկին մէջ անանձնական սիրով սեղմելը՝ կրնայ կոտրած սիրտ մը բուժել։
_ Այս բոլորով հանդերձ, սակայն անիկա մեծ թերութիւն մը ունի,- կ’ըսէ Տէր Աստուած։ Եւ հրեշտակը ցնցուած զարմանքով կը նայի Աստուծոյ եւ կը հարցնէ,_ Ո՞րն է արդեօք այդ թերութիւնը։ Եւ Տէր Աստուած կը պատասխանէ,_ Ան միշտ կը մոռնայ իր յարգը, թէ որքա՜ն թանկագին է ու հրաշալի։
Կը համբուրեմ ձեր ձեռքերը եւ որդիաբար կը շնորհաւորեմ ձեր եւ համայն մայրերու քաղցր եւ անփոխարինելի տօնը, սիրելի՛ մայրեր եւ քոյրեր, եւ կը հայցեմ որ Աստուած տիպար եւ օրինակելի մայրերու թիւը հազարապատիկով աւելցնէ մեր իրականութեան մէջ եւ ձեր բոլորին կեանքը շնորհազարդէ առողջութեամբ, արեւշատութեամբ, ուրախութեամբ եւ գոհունակութեամբ, եւ իր հայրական գրկին սեղմած ապահով առաջնորդէ ձեր քայլերը միշտ իր սուրբ կամքին համաձայն եւ իր Ամենասուրբ Երրորդութեան փառքին համար։ Թող Աստուածամօր՝ մայրերու Մօր, շնորհքն ու առաքինութիւնները ձեր եւ ձեր սիրելիներուն կեանքերը հարստացնեն ու անոր բարեխօսութիւնն ալ միշտ ձեզի ընկերակից ըլլայ։ Ամէն։