Աւագ երեքշաբթի, 26 Մարտ 2024-ին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս, Տասը Կուսանաց յիշատակի ժամերգութիւն կատարուեցաւ։

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ ժամերգութեան հանդիսապետեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, մասնակցութեամբ՝ Արժ. Տ. Նարեկ Ա. Քհնյ. Զերենցեանի եւ Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեանի: Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Ազգ. Միացեալ Նախակրթարանի վեցերորդ կարգի աշակերտուհիները, ղեկավարութեամբ՝ Ազգ. Միացեալ Նախակրթարանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ քհնյ. Շաքարեանի։ Աշակերտուհիները եկեղեցական շապիկներ հագած եւ եկեղեցւոյ թաղականութեան կողմէ պատրաստուած լապտերները բռնած՝ տասը կոյսերը ներկայացուցին եւ հանդէս եկան աստուածաշնչական ընթերցումներով եւ շարականներու երգեցողութեամբ:
Հինգ աշակերտուհիներ իրենց մոմերը վառած պահեցին, խորհրդանշելով արթուն վիճակի մէջ Տէրը դիմաւորելու պատրաստ եղող իմաստուն կոյսերը, մինչ հինգ աշակերտուհիներ, որոնք կը ներկայացնէին անտարբեր եւ անպատրաստ գտնուող յիմար կոյսերը՝ իրենց մոմերը մարեցին։

Աւագ Երեքշաբթի օրուան խորհուրդը ներկաներուն ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, յայտնելով, որ օրուան աստուածաշնչական ընթերցուածներուն գեղեցկագոյնը տասը կոյսերու առակն է, որ Տէրը պատմեց ցոյց տալու համար, թէ իւրաքանչիւր հաւատացեալ ինչպէ՞ս պէտք է ապրի իր կեանքը եւ ի՞նչ կերպ պէտք է արժեւորէ իրեն տրուած ժամանակը, շնորհքը, կարողութիւններն ու առիթները, որպէսզի ըստ այնմ երկրաւոր կեանքի ընթացքին իրեն տրուած հաւատքը ի գործ դնելով, առաքինութիւններով զարդարուած եւ աստուածահաճ վարքով կարողանայ իր կեանքի ճրագին իւղը ապահովել եւ երբ կէս գիշերէն ետք յանկարծ Տիրոջ գալուստին փողը հնչէ եւ հրեշտակը ազդարարէ, թէ Տէրը կու գայ՝ արթննալէ ետք չնկատէ որ իր ճրագին իւղը սպառնալու վրայ է եւ յիմար կոյսերուն պէս չվազէ իմաստուններուն մօտ եւ անոնցմէ խնդրէ, որ իրեն ալ տան, որովհետեւ իմաստունները պիտի մերժեն տալ: Հետեւաբար, իւրաքանչիւր անձ իր ապրած կեանքին համաձայն հատուցում պիտի ստանայ եւ ոչ թէ ուրիշի հաւատքին միջոցաւ կամ առաքինի կեանքին ու զոհողութիւններուն համաձայն ինք պիտի վարձատրուի: Այլ խօսքով, անփոյթ ու անտարբեր կեանք մը վարելուն դիմաց, վերջին վայրկեանին Տիրոջ դուռը թակելով չէ որ պիտի ընդունուի:

Այս իմաստով, Աւագ Երեքշաբթին մեր առջեւ կը գծագրէ Աստուծոյ անսահման սէրը, ողորմութիւնը եւ հոգատարութիւնը իր զաւակներուն նկատմամբ: Մարդը որքան ալ անտարբեր գտնուի եւ մեղքի ու մեղսասիրութեան մէջ խորանայ, սակայն Ամենակալը առիթներ կը ստեղծէ, որպէսզի Իր զաւակները հասնին այն փրկութեան, որ Իր կողմէ որպէս ձրի պարգեւ կը շնորհուի:

Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ ոեւէ մէկը պիտի չկրնայ մեղադրել զԱստուած, երբ դատաստանի օրը գայ, որովհետեւ Աստուած արդարութեամբ Իր դատաստանը կը կատարէ: Ան հաստատեց իր խօսքերը մէջբերելով 51-րդ Սաղմոսի եւ Եսայի մարգարէութեան 5-րդ գլխուն մէջ յիշուած տողերը:

Ան նշեց, թէ այսօրուան աղօթքներն ու շարականները կարեւոր ճշմարտութիւններ կը սորվեցնեն մեզի, յայտնելով, որ եկեղեցին որպէս մայր հոգատար է իր զաւակներուն աճման եւ փրկութեան նկատմամբ, այնպիսի ճշմարտութիւններ, որոնք անմիջականօրէն առնչուած են մեր կոչումին, մեր առաքելութեան եւ մանաւանդ մեր պարտաւորութիւններուն եւ պատասխանատուութիւններուն, որոնք ունինք ընդհանրապէս Աստուծոյ եւ մեր անձերուն նկատմամբ: Նաեւ առակը կը յիշեցնէ, որ ամէն ինչ իր սկիզբը եւ աւարտը ունի, այլ խօսքով երբ ժամանակը գայ, բոլորս հաշուետուութեան պիտի կոչուինք եւ ոեւէ մէկը պիտի չկրնայ փախուստ տալ:

Սրբազան Հայրը առակը պատմելով յայտնեց, թէ իմաստուն կոյսերը խորհրդանշականօրէն մենք ենք, որ մկրտարանէն ծնած ենք, Քրիստոսի անունը կը կրենք, Ս. Հոգիին դրոշմը ունինք մեր վրայ, այլ խօսքով կոյսեր ենք հոգեւոր իմաստով, երկնային փեսային հարսերն ենք եւ բոլորս պարտականութիւն ունինք պատրաստուիլ եւ անհամբեր սպասել Տիրոջ գալուստին, որպէսզի Իր հետ Երկնքի Արքայութիւն մուտք գործենք: Առակին ճամբով կը հրաւիրուինք զգաստ եւ արթուն ըլլալու եւ պատասխանատուութեան բարձրագոյն գիտակցութեամբ ապրելու մեր քրիստոնէական կեանքը, պատրաստուելու համար Յաւիտենականութեան:
«Վայ մեզի, եթէ անհոգ եւ անտարբեր ըլլանք մեզի տրուած ժամանակին, առիթներուն եւ կարողութիւններուն նկատմամբ, որոնք Աստուած մեզի կը շնորհէ Իր փառքին համար եւ ոչ թէ մեր սեփական քմահաճոյքին համար»: Սրբազան Հայրը նշեց, թէ տասը կոյսերը կը խորհրդանշեն քրիստոնեայ հաւատացեալները: Տասը թիւը ամբողջութեան թիւ է: Բոլորս ծնած ենք մկրտարանէն եւ Աստուծոյ ժողովուրդը կը կազմենք, սակայն շատեր յիմար են, որովհետեւ հոգեւորապէս ուշադիր չեն իրենց կեանքը ապրելու Աստուծոյ կամքին համաձայն, այլ աշխարհիկ հրապոյրներով կը տարուին եւ զանազան պատճառաբանութիւններ գտնելով Աստուծոյ հետ հաղորդակցութեան մէջ ըլլալու ժամանակ չեն տրամադրեր: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է Աստուած-մարդ յարաբերութեան մէջ մեր պարտականութիւնը: Ճրագը կը խորհրդանշէ հաւատքը, որ Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած է, իսկ իւղը՝ սէրն է, յոյսն է, առաքինութիւններն ու բարեգործութիւններն են, որոնք Աստուծոյ հանդէպ ունեցած մեր հաւատքով գործնականի կը վերածենք: Կէս գիշերը կը խորհրդանշէ մահը, այսինքն՝ բոլորս պիտի մեռնինք եւ Քրիստոսի երկրորդ գալուստին Դատաստանի պիտի կանչուինք:

Սրբազան Հայրը պատուիրեց աշակերտներուն, որպէսզի Աստուածաշունչ կարդան, աղօթեն, բարեգործութիւն կատարեն, խոնարհ եւ ծառայասէր ըլլան, որպէսզի իմաստուն կոյսերուն նման Տիրոջ ներկայութիւնը վայելեն: Ան մեծապէս գնահատեց Ազգ. Միացեալ Նախակրթարանի տնօրէնուհին, ուսուցչուհին եւ աշակերտուհիները, յատկապէս վարժարանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ քհնյ. Շաքարեանը, որուն հետեւողական հետապնդումով աշակերտուհիները լաւագոյնս կատարեցին իրենց վստահուած բաժինը:

Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Տասը Կուսանաց յիշատակին ժամերգութիւն կատարեց Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց, մասնակցութեամբ՝ Լ. Նաճարեան Գ. Կիւլպէնկեան Կեդր. Վարժարանի աշակերտուհիներուն, որոնք ղեկավարութեամբ դպրապետ բարշ. Գրիգոր սրկ. Տէր Վարդանեանի, արարողութեան ընթացքին աղօթքներով եւ շարականներով իրենց վստահուած բաժինը բերին։

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Տասը Կուսանաց յիշատակին ժամերգութիւն կատարեց Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց, մասնակցութեամբ՝ Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի աշակերտուհիներուն, որոնք արարողութեան իրենց բաժինը բերին դպրապետ բժշկ. բարշ. Սարգիս սրկ. Իսկէնեանի գլխաւորութեամբ: