Շաբաթ, 23 Մարտ 2024-ին,
հովանաւորութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետ.
Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն
Սելիմեանի, կազմակերպութեամբ Սուրիոյ
Հայ Աւետ. Համայնքի Կրթական
Խորհուրդին, Սուրիոյ Հայ Աւետ.
Համայնքապետարանի «Թեհլիրեան»
սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Հայերէնը
Մեր Կրթօճախներէն Ներս» խորագիրով
միօրեայ լսարան, մասնակցութեամբ հալէպահայ կրթական հաստատութիւններու
տնօրէններու եւ
հայերէնաւանդ ուսուցիչներու։

Լսարանի հիմնական երկու զեկոյցներն էին՝ «Հայերէնի
Կենսունակութեան Հարցը եւ
Հայերէնաւանդ Ուսուցիչէն Ակնկալուածը», որուն զեկուցաբերն էր Համազգայինի
Հայագիտական Հիմնարկի դասախօս եւ
Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի
հայերէնաւանդ ուսուցչուհի Մարիա
Գաբրիէլեան, «Հայերէնի
Այժմու Իրավիճակը Մեր Երկրորդական
Վարժարաններուն Մէջ», որուն զեկուցաբերն էր Համազգայինի
Հայագիտական Հիմնարկի դասախօս եւ
ՀԲԸՄ-ի Լազար Նաճարեան-Գալուստ
Կիւլպէնկեան Կեդրոնական վարժարանի
հայերէնաւանդ ուսուցիչ Լեւոն
Շառոյեան։
Զեկոյցներ ներկայացուեցան նաեւ երկրորդական կարգ մը վարժարաններու
հայերէնաւանդ ուսուցչուհիներուն կողմէ։

Տեղի ունեցաւ խմբակային դրութեամբ
աշխատաժողով ու մասնակիցները կարծիքներ, մտահոգութիւններ եւ առաջարկներ ներկայացուցին արծարծուող հարցերուն եւ անոնց լուծման շուրջ։
Այնուհետեւ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան եզրափակելով լսարանը կարեւոր համարեց նման նիւթերու շուրջ քննարկումներուն շարունակական բնոյթ կրելը՝ միասնաբար լուծումներու հասնելու հեռանկարով։

Աւարտին, կազմակերպիչ մարմինը մասնակիցներուն նուիրեց Լեւոն
Շառոյեանի «Հերկ եւ Բերք» նոր հրատարակութենէն
օրինակներ, ինչպէս նաեւ գովասանագրեր եւ հաստատագրեր բաշխեց անոնց։