Հինգշաբթի, 28 Մարտ 2024-ին, մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ, ՀՄԸՄ-ի Հալէպի Մասնաճիւղի պասքեթի տղոց խումբը Սուրիոյ պասքեթի ախոյանութեան Ա. դասակարգ բարձրացաւ։ Մրցումը աւարտեցաւ 70 -67 արդիւնքով՝ ի նպաստ հիւրընկալ Սաուրային, բայց ՀՄԸՄ օգտուելով երթի մրցումին 6 կէտերու տարբերութեամբ արձանագրած յաղթանակէն, յաջողեցաւ բարձրանալ Ա. դասակարգ եւ իր տեղը գրաւել Սուրիոյ լաւագոյն խումբերուն մէջ։