Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Միացեալ Մանկապարտէզը արժանավայելօրէն յիշատակեց Մայրերուն ամենանուիրական, սրբազան տօնը, 20 Մարտ 2024-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, դպրոցի «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս:
Ամբողջ աշխարհը մեծ ցնծութեամբ կը նշէ աշխարհի մեծագոյն գանձը եւ մշտահոս աղբիւրը հանդիսացող Մայրերու տօնը:
Արեւելքի մէջ Մայրերու տօնը կը յիշատակուի գարնան՝ 21 Մարտին, որ պատահական չէ, գարունը բնութեան վերազարթօնքն է:
Մայրն ալ իր քաղցրութեամբ, ջերմութթեամբ, զոհողութեամբ կը դառնայ շրջապատին եւ ընտանիքին բուրումնաւէտ ծաղիկը, վարդն ու մանուշակը:
Հայաստանի մէջ մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնը կը յիշատակուի 7 Ապրիլին, իսկ արեւմուտքի մէջ՝ Մայիսին:
Տարիներէ ի վեր աւանդութիւն դարձած է Մայրերու օրուան տօնակատարութեան մայրերուն կողքին նաեւ մեծ մայրերուն ներկայութիւնը, որ իսկապէս ողջունելի գաղափար է, որովհետեւ անոնք անսահման ուրախութթեամբ առիթը պիտի ունենան վայելելու իրենց թոռներուն քաղցրաձայն երգերը, մանկական դրախտը այս երկնակամարին վրայ:
Բեմը զարդարուած էր օրուան խորհուրդը ընդգրկող, գեղեցիկ ձեռային աշխատանքով, որ կը ներկայացնէր քնքոյշ մօր պատկերը, կուրծքին սեղմած իր սիրասուն զաւակը, ինչպէս նաեւ գունաւոր փուչիկներով, որոնք մթնոլորտը դարձուցած էին աւելի հմայիչ ու գրաւիչ:
Պէտք է խոստովանիլ, որ թէեւ մանկապարտէզը 2023-2024 տարեշրջանին պաշտօնական մանկապարտիզպանուհի չունէր, բայց Ուսումնական Խորհուրդի ատենապետուհի՝ Անի Գալտընեանը, ՍՕ Խաչի դարմանատան տնօրէնուհին ըլլալով մէկտեղ, ամէն օր առաւօտեան ժամը 8:00-ին կ’այցելէ մանկապարտէզ՝ մօտէն իրազեկ դառնալու ներքին աշխատանքներուն, ծրագիրներուն, իր կողքին ունենալով նաեւ վարժարանիս հոգաբարձութեան անդամը եւ մեր փորձառու ու գիտակից ուսուցչուհիները, որոնք արդէն իսկ արդարացուցին իրենց վստահուած բծախնդիր եւ անխոնջ աշխատանքը:
«Մայրերու Օր»-ուան  հանդիսավարը ծաղիկ դասարանի ուսուցչուհի Սոնա Գրտանեանն էր: Ան իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ. «Այսօր համախմբուած ենք այս սրահէն ներս միասնաբար տօնելու մեր սիրելի մայրերուն հիասքանչ տօնը, յայտնելու երախտագիտութիւն, սէր ու յարգանք մեր փոքրիկներու գեղարուեստական ներկայացումով»: Ան յիշեց, որ ինչպէս գարունը կեանք բերող, յոյս, սէր եւ ուրախութիւն ներշնչող պայծառ ու հրաշալի եղանակ է, մայրն ալ կեանքի օրերը պայծառացնող եւ գարնանային ծաղիկներու նման գունագեղ եւ բուրումնաւէտ դարձնող երկնաքնքոյշ էակ է:
Մեր բողբոջ, կոկոն եւ ծաղիկ դասարաններու հրաշալի փոքրիկները յաջորդաբար ներկայացուցին մայրերուն նուիրուած փունջ մը պարեր, երգեր եւ ասմունք՝ հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Փաթիլ Գասապեան-Վարդապետեանի: Ամենատպաւորիչը իրենց հարազատ, անկեղծ ու ջերմ սրտի խօսքերն էին: Բոլորը արժանացան ներկաներու ծափողջոյններուն:
Այս հանդիսութեան յաջողութիւնը կը պարտինք մեր նուիրեալ ժրաջան, համբերատար, տիպար եւ շնորհաշատ ուսուցչուհիներուն: Հազար ապրի՛ք, աշխատասէր, ստեղծագործ, ազնիւ ու խոնարհ ուսուցչուհիներ: Ձեր բոլորին անսպառ ոյժ, կորով, քաջառողջութիւն եւ արեւշատութիւն, նոյն գիտակցութեամբ, բարձր տրամադրութեամբ շարունակելու ձեր մարդկային, ազգային, վեհ առաքելութիւնը:
Թող որ ամենակալ Աստուած իր օրհնաբեր ձեռքը դնէ իւրաքանչիւր մանուկի վրայ, որպէսզի անոնց ճանապարհը ըլլայ մշտադալար եւ նպատակասլաց: Մեր մանուկները գուրգուրանքի, խնամքի կը կարօտին: Մենք բոլորս պատասխանատու ենք համբերութեամբ, քաղցրութեամբ տանելու իրենց չարաճճիութիւնը, ուղղելով, խրատելով եւ ճիշդ քայլերու առաջնորդելով զիրենք, եթէ կ’ուզենք մեր ապագան տեսնել շողշողուն ու պայծառ:
Սիրելի՛ մայրեր,
Ձեր մանուկներուն իրենց դպրոցական գիրքերու կողքին տան մէջ յատկացուցէ՛ք փոքրիկ անկիւն մը մանկապատանեկան գունազարդ գիրքերու, դաստիարակչական խաղերու, տեսերիզներու: Զարգացուցէ՛ք անոնց բարոյական արժէքները: Անոնք դաստիարակչական խաղերով անուղղակիօրէն պիտի ընկալեն բարին ու գեղեցիկը:
Հոգատար հայրեր եւ քնքոյշ մայրեր, ձեր զաւակներուն ոչ շլացուցէ՛ք, ոչ բան մը զլացէ՛ք, ոչ ալ բարկացէք։ Նախ՝ իմացէ՛ք, ապա զայրացէ՛ք:
Ձեռնարկին ծնողաց յանձնախումբը պատրաստած էր յուշանուէրներ եւ նուէրներ: Բոլոր աշակերտները իրենց մայրերուն նուիրեցին զոյգ մը արուեստական ծաղիկ՝ առ ի երախտագիտութիւն: Ծնողները, մեծ մայրերը իրենց սէրն ու խանդաղատանքը յայտնեցին սրտաբուխ նուիրատուութեամբ՝ ի տես դպրոցի բարեզարդման եւ բարգաւաճումին:
Արփի Սանոսեան-Զէյթճեան