Աւագ Շաբթուան կամ Տէրունի շաբթուան երկրորդ օրը՝ Աւագ Երեքշաբթին կը նկատուի Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան, քարոզչութեան եւ գործունէութեան վերջին ու ամէնէն երկար օրը: Աւանդութեան համաձայն, այդ օրուան ընթացքին Քրիստոսի քարոզչութիւնը սկսած է առաւօտ կանուխէն եւ տեւած է մինչեւ ուշ գիշեր: Աւագ Երեքշաբթին Հայ եկեղեցւոյ սրբազան հայրապետներուն ու մաքրակենցաղ հայրերուն կողմէ կոչուած է «Յիշատակ Տասը Կուսանանց»:
Այս անունը առնուած է Մատթէոսի Աւետարանին 25. 1-13 հատուածէն, ուր յիշուած է Քրիստոսի կողմէ պատմուած Տասը Կոյսերուն (հինգ իմաստուն եւ հինգ յիմար) առակը: Յստակ է, թէ Քրիստոս այս առակը չէ պատմած այդ օրուան ընթացքին, սակայն Հայ եկեղեցւոյ հայրերը զայն ներառած են Աւագ Երեքշաբթի օրուան արարողութեանց մէջ, որովհետեւ այդ օրուան խորհուրդը առաւելաբար կը կեդրոնանայ Վերջին Դատաստանին վրայ, իսկ Վերջին Դատաստանը բացատրող ամէնէն գրաւիչ առակը Տասը Կոյսերուն առակն է:
Այս գրութիւնը վերոյիշեալ աւետարանական հատուածին մեկնութիւնը կամ բացատրութիւնը չի ներկայացներ, ոչ ալ Աւագ Երեքշաբթի օրուան խորհուրդը, այլ՝ իմաստուն եւ յիմար բառերուն հակիրճ  խորհրդածութիւն մը:
Ճիշդ է, որ աւետարանական հատուածին մէջ յիմար բառը կը գործածուի, սակայն իրականութեան մէջ աշխարհի վրայ ի բնէ յիմար մարդ չկայ: Հայրն Աստուած իւրաքանչիւր մարդ արարածի տարբեր մտային կարողութիւն եւ իմաստութիւն, զանազան շնորհքներ եւ ձիրքեր տուած է: Իւրաքանչիւր մարդ իր ունեցած աստուածատուր շնորհքները զարգացնելու կարելիութիւնը եւ ձեռնհասութիւնը ունի: Ան որքան աճեցնէ իր շնորհքները, ճարտարութիւններն ու միտքը, այնքան իմաստուն կը դառնայ: Ասոր առնթեր, մարդ որքան վատնէ իր շնորհքները, ատակութիւնն ու միտքը, այնքան յիմար կը դառնայ: Ահաւասիկ կեանքին կողմէ մարդուն տրուած մարդանալու մատահրաւէրը:
Կը պատմուի, թէ մարդ մը ճամբու ընթացքին մեծ խանութ մը կը տեսնէ, որուն վրայ գրուած էր «Աստուծոյ Խանութ»: Մարդը խանդավառութեամբ ներս կը փութայ, մտածելով թէ իր բոլոր ուզածները հոն կրնայ գտնել: Հրեշտակը զինք կը դիմաւորէ եւ կ’ըսէ. «Բարի եկած ես: Այստեղ Աստուծոյ խանութն է: Ինչ որ կ’անցնի քու մտքէդ հոս կրնաս ստանալ»:
Մարդը անմիջապէս կը պատասխանէ. «Հաճիս ինծի բե՛ր եօթը լիտր երջանկութիւն, տասը քիլօ առողջութիւն եւ վեց տուփ ալ սէր»: Հրեշտակը պահեստանոց երթալով կը բերէ փոքրիկ արկղ մը: Մարդը զարմանքով կ’ըսէ. «Ես շատ բաներ պատուիրեցի, իսկ դուն միայն այս փոքրիկ արկղը բերիր»: Հրեշտակը ժպիտով կ’ըսէ. «Աստուծոյ խանութէն դուն միայն սերմերը կը ստանաս: Այս սերմերուն խնամքը, անոնց աճումը եւ անոնցմէ պտուղ ստանալը քեզմէ կախեալ է»:
Սիրելի՛ հաւատացեալ-ընթերցող, իմաստութիւնն ու յիմարութիւնը կեանքի ընտրանք է: Աստուած քեզի եւ ինծի նոյն որակով, քանակով եւ զօրութեամբ սերմեր տուած է: Մեզի կը մնայ զանոնք խնամելը, աճեցնելը եւ անոնցմէ պտուղ ստանալը, կամ զանոնք արկղին մէջ պահելն ու չորացումի ենթարկելը:
Հոգեւոր կեանքի մէջ ալ պարագան նոյնն է. կայ հոգեւոր իմաստութիւն եւ անոր զուգահեռ, հոգեւոր յիմարութիւն: Սողոմոն իմաստուն Առակներու գիրքին 1. 7-ին մէջ՝ կ’ըսէ. «Իմաստութեան սկիզբը Տիրոջ վախն է, բայց յիմարները իմաստութիւնն ու կրթութիւնը կ’անարգեն»: Թէեւ կարճ համար մըն է, սակայն ան իր մէջ խորին խորհուրդներ կը պարունակէ: «Իմաստութեան սկիզբը Տիրոջ վախն է»: Ի՞նչ վախի մասին է խօսքը: Հին Կտակարանի եբրայերէն բնագիրին մէջ վախ բառին փոխարէն գործածուած է  «yir.’at» բառը, որ վախէ աւելի երկիւղի իմաստ ունի: Ուրեմն կարելի է ըսել, թէ  մարդ արարածը հոգեւոր իմաստութեան հասնելու համար, պէտք է  Տիրոջ հանդէպ երկիւղ ունենայ:
Երկիւղը այն զգացումն է, որ որեւէ անձ կ’ունենայ հեղինակութեան (Authority) մը հանդէպ: Երկիւղը իր մէջ կը կրէ յարգանք եւ սէր: Համարը կ’ուզէ ըսել, թէ ինչպէս որ մենք հեղինակութիւն մը յարգելու համար անոր խօսքերը, թելադրանքները եւ հրամանները կը կատարենք, այնպէս ալ հոգեւոր իմաստութիւն ունենալու համար, պէտք է Աստուծոյ խօսքերը, պատուիրանները, օրէնքները եւ ուսուցումները կատարենք: Մէկ խօսքով պէտք է մեր կեանքը ապրինք Աստուծոյ խօսքերուն համաձայն,  միշտ Քրիստոսի օրինակին հետեւելով: Այս երկիւղը պէտք չէ ունենանք վախցողի, տկարի եւ ծառայի հոգեբանութեամբ, այլ՝ սիրոյ հոգեբանութեամբ: Ինչպէս որ երբ որեւէ հեղինակութիւն յարգելով անոր ուզածները կը կատարենք, երկկողմանի սէր կը ստեղծուի, այնպէս ալ երբ Աստուծոյ խօսքերուն հանդէպ յարգանքով շաղախուած երկիւղ ունենանք, մենք կը սկսինք զԱստուած սիրել եւ այդպիսով մեր մէջ սէր կը ծնի անոր իւրաքանչիւր խօսքին, պատուիրանին, օրէնքին եւ ուսուցումին հանդէպ: Իսկ ինչո՞ւ «Իմաստութեան սկիզբը» կ’ըսուի:
Որովհետեւ Աստուծոյ երկիւղը ունենալը հոգեւոր իմաստութեան միայն սկիզբն է, առաջին քա՛յլն է: Անոր շարունակականութիւնն ու զարգացումը մեզմէ կախեալ է: Եթէ մեր հոգեւոր իմաստութեան ճամբան լուսաւորենք Աստուծոյ երկիւղով, այդ ժամանակ անիկա սովորական գործ մը կամ կատարում մը ըլլալէ կը դադրի եւ կը դառնայ առաքինութիւն, եւ անով մեր կեանքը կ’առաջնորդենք:
Սիրելի՛ հաւատացեալ-ընթերցող, ինչպէս որ սովորական եւ հոգեւոր իմաստութիւնը ազատ ընտրութիւն է, այնպէս ալ սովորական եւ հոգեւոր յիմարութիւնը ազատ ընտրութիւն է: Յիշենք, որ ի բնէ յիմար կամ իմաստուն մարդ չկայ: Մարդը ի՛նք ազատօրէն կ’ընտրէ իմաստուն կամ յիմար ըլլալը: Ուրեմն ընտրութիւնը քուկդ է…

Առաքել Աբղ. Գատեհճեան