ՈՂՋԸ ՄԵՌԵԼՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՉՓՆՏՌԵԼ

«Դուք մի՛ վախնաք, գիտեմ որ խաչուած Յիսուսը կը փնտռէք։ Հոս չէ, որովհետեւ յարութիւն առաւ, ինչպէս ըսած էր։ Եկէք եւ տեսէ՛ք այն տեղը ուր դրուած էր»։

Այս զօրութեամբ եւ համարձակութեամբ կը հնչէ յարութեան առաւօտուն երկնաէջ հրեշտակին քաջալերական եւ յուսադրիչ խօսքը, ուղղուած տրտմասիրտ ու սգատանջ կիներուն, որոնց սիրտը անքակտելի սիրով կապուած էր Տիրոջ։ Հազիւ Շաբաթը երեկոյացաւ, որ Կիրակին, կամ շաբթուան առաջին օրը սկսած էր, Մարիամ Մագդաղենացի եւ միւս Մարիամը, կþաճապարեն դէպի գերեզման։ Տիրոջ սէրը զանոնք դէպի գերեզման քաշեց, որպէսզի այնտեղ հանդիպին խաչեալ, բայց յարուցեալ Քրիստոսին։ Անոնք Տիրոջ ընծայեցին այն՝ ինչ որ իրենց կարելիութիւնը կը ներէր, իսկ Աստուած ալ անձամբ անոնց ընծայեց «յարուցեալ կեանքը», մեռելներէն յարութիւն առած Քրիստոսի անձով։ Իսկ քու սէրդ ի՞նչ աստիճանի է հանդէպ Տիրոջդ։ Այսօր քու սէրդ դէպի ո՞ր կողմ կը քաշէ քեզ. սիրտդ որո՞ւն կը ցանկայ ու կը փափաքի։ Արդեօք երբեւէ հանդիպա՞ծ ենք Յարուցեալին եւ անով մեզի ընծայուած յարուցեալ կեանքը կþարտացոլացնե՞նք։ Մարդ, երբ սրտանց, նոյնիսկ պարզ բան մը կը մատուցէ՝ ինչպէս կիներուն գերեզման այցը, Աստուած անոր դիմաց գերազանց բաներ կը կատարէ։ Իւրաքանչիւր սէր եւ սիրոյ արարք, որ կþընծայես Աստուծոյ, փոխարէնը ան քեզի աներեւակայելի օրհնութիւններ ու սէր կու տայ։

Երբ կիները Կիրակի վաղ առաւօտուն հասան գերեզման, Յիսուս արդէն իսկ յարութիւն առած էր։ Մարկոս աւետարանիչ կը յիշէ, որ անոնք կþերթան՝ խունկեր կը գնեն ու կը պատրաստեն, որպէսզի երթան եւ օծեն Յիսուսի մարմինը (տե՛ս Մր 16.1)։ Կիրակի օրուան լուսաբացին զարմանքն ու ցնծութիւնը մեծ կþըլլան, քանի որ հաւատացեալին վրայ կը ծագի Արդարութեան Արեգակը, խաւարի գուբէն եւ յարութիւն առնելով՝ մեղքի եւ անգիտութեան խաւարը կը հալածէ աշխարհէն։ Եւ բնական մղումով Սաղմոսերգուին հետ մենք ալ կþերգենք. «Այսօր Տիրոջ յաղթանակի ու փրկութեան օրն է, եկէք ցնծանք եւ ուրախանանք» (Սղ 118.24)։ Այո՛, որովհետեւ արդարութեան ու սիրոյ, խոնարհութեան եւ լոյսին, ազատութեան եւ բժշկութեան, անմեղութեան, փրկութեան եւ կեանքի յաղթանակը կարելի եղաւ Տիրոջ ազատարար միջամտութեամբ. ուստի այդ յաղթանակն է որ կը տօնախմբենք եւ ցնծութեամբ կը բարձրաձայնենք։

Հրեշտակին երկինքէն իջած ատեն, զօրաւոր երկրաշարժ մը տեղի ունեցաւ, կþըսէ աւետարանիչը, եւ հրեշտակը գերեզմանին մուտքի դրուած մեծ քարը գլորելով անոր վրայ կը նստի։ Կիներուն՝ Քրիստոսի հանդէպ ունեցած անկեղծ սիրոյն համար, որոնք գերեզմանը տեսնելու եկած էին, Աստուած անոնց կը պարգեւէ շատ աւելին քան կրնային երեւակայել։ Հազիւ գերեզման կը հասնին, փառահեղ փայլքով հրեշտակ մը կը տեսնեն, որ եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, Գաբրիէլ հրեշտակապետն է, որ երկինքէն եկած էր մարդկութեան աւետելու եւ յայտնելու Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը։ Զօրաւոր երկրաշարժը կը խորհրդանշէ երկրաւոր ցանկութիւններու շարժումն ու խորտակումը, ինչպէս նաեւ բոլոր Աստուծոյ զաւակներուն եւ յարութեան հաւատացողներուն համար՝ նոր կեանքի սկզբնաւորութիւնը։ Քրիստոսի յարութենէն ետք հրեշտակը կու գայ, որպէսզի անոր յարութիւնը աւետէ, որուն համար ալ քարը կը գլորէ, որպէսզի դատարկ գերեզմանը երեւի։

Յարութիւնը Քրիստոսի աստուածային զօրութեամբ եւ իշխանութեամբ տեղի ունեցաւ, անոր՝ որ կատարեալ հնազանդութեամբ ինքզինք երկնաւոր Հօր սուրբ կամքին յանձնեց, որպէսզի ընդունի թէ՛ մահը եւ թէ ալ յարութիւնը, հակառակ անոր որ ըսաւ. «Իրաւունք ունիմ զայն (կեանքս) տալու, ինչպէս նաեւ իրաւունք ունիմ զայն կրկին առնելու» (Յհ 10.18)։ Ան իշխանութեամբ եւ զօրութեամբ յարութիւն առաւ, երբ տակաւին քարը կնքուած կը մնար գերեզմանի մուտքին, ինչպէս եկեղեցական հայր մը կþըսէ. «Գերեզմանի մուտքի դրուած քարը կնքուած վիճակին Քրիստոս՝ մեր Տէրը, յարութիւն առաւ, ինչպէս որ Կոյսէն ծնաւ առանց խախտելու անոր կուսական կնիքը, համաձայն Եզեկիէլի տեսիլքին (Եզ 44.1-3), իսկ թէ ինչո՛ւ հրեշտակը գերեզմանի մուտքին դրուած մեծ քարը գլորեց, որպէսզի բացայայտէր ու ծանուցէր յարութիւնը, քանի եթէ քարը անշարժ մնար, պիտի կարծէին որ մարմինը գերեզմանին մէջն է»։

Քրիստոսի յարութեամբ երկնայինները մեր քով իջան, որպէսզի գլորեն մեր գերեզմաններուն դուռը փակող քարը, որպէսզի մեռելներէն յարութիւն առած Քրիստոսի միջոցով, սիրոյ եւ եղբայրութեան հաղորդակցութեան մէջ իրենց հանդիպինք։ Ինչպէս որ Քրիստոս խաչին վրայ հոգին աւանդած ատեն երկիրը շարժեցաւ, այդպէս ալ իր յարութեան ժամանակ զայն դարձեալ շարժեց՝ յայտնելու եւ յայտարարելու համար, որ ան որ մեռաւ՝ նոյն ինքն է որ յարութիւն առաւ։ Զօրաւոր երկրաշարժ եղաւ, որպէսզի ցոյց տրուէր, որ յարութիւնը խաչելութենէն մեծ ու սքանչելի է, քանի որ յարութեամբ կը փառաւորուի խաչելութիւնը։ Ատիկա կը խորհրդանշէ նաեւ համընդհանուր յարութիւնը, որուն ժամանակ զօրաւոր երկրաշարժ պիտի ըլլայ, ինչպէս մարգարէութեան մէջ կը կարդանք. «Քիչ ատենէն դարձեալ երկինքն ու երկիրը… պիտի շարժեմ» (Անգ 2.6-7)։

Հրեշտակին երկինքէն իջնելը կը նշանակէր, որ յարուցեալը երկնային էր. ան երկինքի մէջ էր աստուածութեամբ եւ անոր տնօրինութիւնը Հօր կամքով եղաւ։ Այդ պատճառով ալ, ինչպէս որ իր ծննդեան եւ խաչելութեան ատեն հրեշտակը սպասաւոր եղաւ, այդպէս ալ՝ իր յարութեան ժամանակ։ Իսկ գլորած քարին վրայ նստիլը կը նշանակէ Տիրոջ մահուան վրայ տարած յաղթանակը, որ մարդկային մեր բնութեամբ յաղթեց մահուան ու չարչարանքներուն՝ ոտնակոխ ընելով զայն, որ կը յոխորտար քարէ խուփի պէս ճզմելով մարդիկը։ Հրեշտակները իրենք պիտի ըլլան համընդհանուր յարութեան ազդարարները, որովհետեւ հրեշտակապետի ձայնով՝ վերջին շեփորով, բոլոր Քրիստոսով մեռածները յարութիւն պիտի առնեն (Ա.Թս 4.15), դուրս գալով գերեզմաններէն ու ո՛չ հողը եւ ոչ ալ քարէ խուփերը պիտի կարենան արգելք հանդիսանալ կամ խանգարել։

Երկինքէն իջնող հրեշտակին փայլակի տեսքով գեղեցկութիւնն ու փառքը սարսափ կը պատճառեն պահապաններուն, որոնք մեռելի պէս կþըլլան։ Այո՛, Աստուծոյ զօրութիւնը սարսափազդու պիտի ըլլայ ամբարիշտներուն ու անապաշխարհ մեղաւորներուն, Քրիստոսի փրկագործութիւնը մերժող եւ զայն ուրացող մարդոց համար։ Հրեշտակին այդ տեսքով կիներուն երեւնալը ուրախութիւն կþաւետարանէր, որ իբրեւ ճշմարիտ յարութեան աւետաբեր՝ ցնծալով կը փայլէր՝ որպէս թէ ըսած ըլլար. «Եթէ տրտմութեան առիթ ըլլար, ես ալ ձեզի պէս պիտի տխրէի, բայց իմ տեսքէս հասկցէք, որ Յիսուս ճշմարտապէս յարութիւն առած»: Եւ կիներուն կþըսէ. «Դուք մի՛ վախնաք, գիտեմ որ խաչուած Յիսուսը կը փնտռէք։ Հոս չէ, որովհետեւ յարութիւն առաւ, ինչպէս ըսած էր։ Եկէք եւ տեսէ՛ք այն տեղը ուր դրուած էր»։

Այստեղ կը տեսնենք աստուածային հրաշալի կարգաւորումը, որ կը վերաբերի Մարիամ Մագդաղենացիին եւ միւս Մարիամին ու կիներուն, որոնք առաջինը պիտի ըլլային ստանալու յարուցեալ Քրիստոսի աւետիսը եւ հանդիպէին անոր։ Որովհետեւ անոնք ներկայ եղան խաչին մօտ, նաեւ երբ ժայռափոր գերեզմանի մէջ կը դրուէր, եւ այժմ կը ստանան սիրոյ վարձատրութիւնը։ Անոնք առաջինները կþըլլան, որ կþապրին ու կը վայելեն յարութեան ուրախութիւնն ու ցնծութիւնը եւ այսօր նոյն թելադրութիւնը եւ նոյն աւետիսը մեզի կը տրուի։

Հրեշտակը երկինքէն իջնելով կþաւետէ ու կը քարոզէ յարութիւնը, որ սարսափ կը պատճառէ պահապաններուն, որոնք մեռելի պէս կþըլլան, բայց ցնծութեամբ կը լեցնէ եկեղեցւոյ սիրտը, որ երկու կիներու կերպարով կը ներկայացուի։ Ս. Կիւրեղ Աղեքսանդրացի կþըսէ. «Հրեշտակները, որոնք Յիսուսի ծննդեան ժամանակ, Բեթլեհէմի հովիւներուն փոխանցեցին բարի լուրը, այժմ կը պատմեն անոր յարութեան մասին։ Երկինքը իր բոլոր սպասաւորութեամբ կþաւետէ անոր մասին։ Վերին ոգեղէն հոյլերը կը յայտնեն Որդիին մասին, որ ան Աստուած է, թէկուզ որ մարմինի մէջ է»։ Հրեշտակը անոնց կþընծայէ աստուածային պարգեւ մը՝ «մի՛ վախնաք»: Իսկ չվախնալու գաղտնիքը, այլ խօսքով՝ ներքին խաղաղութեան վայելքը, ուրիշ բան չէ եթէ ոչ «խաչուած Քրիստոսը յարութիւն առած է»՝ Այո՛, «մի՛ վախնաք» կը թելադրուինք, ուստի չվախնաք ներկայ կեանքը եւ մարդկային ընկերութիւնը ալեկոծող եւ յուզող պայմաններէն։ Ի՛նչպիսին ալ որ ըլլան անոնք, մենք վախնալու չենք, որովհետեւ մեր Տէրը յարութիւն առած է մեռելներէն եւ այդ զօրութիւնը, խոստումն ու կենսուժը մեզի տուած է եւ մեր մէջ կը ներգործէ։ Մի՛ վախնաք եւ պէտք չէ՛ վախնանք, որովհետեւ մեր Տէրը ինք ըսաւ.«Ասոնք խօսեցայ ձեզի, որպէսզի ինձմով խաղաղութիւն ունենաք։ Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին»։ Մեր Տէրը ո՛չ միայն յաղթեց աշխարհին, այլ նաեւ իր մահուամբը մահուան իշխանութիւնը խորտակեց եւ իր յարութեամբը մեզի յաւիտենական կեանքը պարգեւեց։ Այսօր յարուցեալ Տէրը քեզի կը թելադրէ ըսելով՝ «Մի՛ վախնաք, որովհետեւ ահա միշտ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ աշխարհիս վախճանը»:

Քրիստոս իր աստուածային զօրութեամբ յարութիւն առած էր մեռելներէն, քանի անկարելի էր որ ան գերեզմանին մէջ մնար։ Մահը չէր կրնար բանտարկել զայն եւ ոչ ալ ապականութիւնը որեւէ ձեւով կրնար մօտենալ իրեն։ Ուստի, ով որ կը միանայ յարուցեալ Քրիստոսին՝ մահը չի կրնար մօտենալ իրեն եւ վախնալու ո՛չ առիթ եւ ոչ ալ պատճառ կայ, այլ հաւատացեալին վրայ կը հանգչին յարութեան զօրութիւնն ու ցնծութիւնը, որոնցմով ան կը վայելէ Քրիստոսի խոստացած խաղաղութիւնը, որ այս աշխարհի տուած խաղաղութեան չի նմանիր այլ ամբողջութեամբ տարբեր է (տե՛ս Յհ 14.27)։

Յարութիւնը Քրիստոսէ չվերցուց խաչելութեան յատկութիւնը, այլ հաստատեց զայն եւ բացայայտեց անոր իսկական եւ խոր հասկացողութիւնը։ Եւ այս առումով, Ս. Կիւրեղ Երուսաղէմացի կþըսէ, որ հրեշտակը չըսաւ, որ գիտեմ որ իմ Տէրս կը փնտռէք, այլ ըսաւ. «Գիտեմ որ խաչուած Յիսուսը կը փնտռէք», որովհետեւ խաչը փառք ու պսակ է եւ ոչ թէ ամօթ։ Հրեշտակը կþաւետէ Յիսուսի յարութիւնը զայն նկարագրելով իբրեւ խաչուած։ Որովհետեւ, ան թէ՛ խաչուածն է եւ թէ՛ յարութիւն առածը, եւ այս տիտղոսը կը յայտնէ անոր ցմահ ինքնազոհ սէրը եւ միաժամանակ մեռելներէն յարութիւն առնելու իր զօրութիւնը։ Եւ յարութեան որպէս ապացոյց, հրեշտակը անոնց ցոյց կու տայ դատարկ գերեզմանը, եւ կը հրաւիրէ՝ «Եկէք եւ տեսէ՛ք այն տեղը, ուր դրուած էր»։ Ան զանոնք դէմ յանդիման կը դնէ դատարկ գերեզմանին հետ։ Հրեշտակին խօսքը ինքնին հաւատքի կոչ մըն է։ Եւ երբ Քրիստոսի անձին, խօսքին, խոստումներուն ու ճշմարտութեան կը կառչինք, ամէն կասկած ու տարակոյս կը չքանան։ Հրեշտակը վստահեցնելով կը խօսի վախցած կիներուն։ Անոնք մարդ Յիսուսը կը փնտռէին, որ խաչուած էր, բայց Յիսուս հոն չէր, այլ յարութիւն առած էր։ Յիսուս, նախապէս երեք տարբեր առիթներով խօսած էր իր մահուան եւ յարութեան մասին, իր աշակերտներուն (տե՛ս Մտ 16.21-28, 17.22-23, 20.17-19)։ Ղուկասի Աւետարանին մէջ կը կարդանք, թէ ինչպէս հրեշտակը կþըսէ կիներուն. «Յիշեցէ՛ք ինչ որ ըսաւ՝ մինչ տակաւին ձեզի հետ Գալիլիա կը գտնուէր, թէ Մարդու Որդին պէտք էր յանձնուէր մեղաւոր մարդոց ձեռքը, պէտք էր խաչուէր եւ երրորդ օրը յարութիւն առնէր»(Ղկ 24.6-7)։ Հրեշտակը կը հրաւիրէ կիները, որ ներս մտնեն եւ տեսնեն այն տեղը ուր դրուած էր Յիսուսի մարմինը եւ անձամբ համոզուելով իրենց տեսածին ու ներքնապէս զօրացած Քրիստոսի յարութեամբ՝ ճշմարտութեան վկաները դառնան։

Հրեշտակը, յարութեան աւետիսով  մեր ալ ալեկոծեալ սրտերը կը հանդարտեցնէ ու կը խաղաղեցնէ եւ կը հրաւիրէ որ Յիսուսի յարութեան եւ պարապ գերեզմանին վկաները դառնանք, որ Քրիստոսի չարչարանքին ու փառքին խորհրդանիշն է։ Այս երկուքը միշտ իրարմէ անբաժան են, որպէսզի Յիսուսի հետեւորդները ընդունելով իրենց մէջ Տիրոջ չարչարանքներուն պակասութիւնը (Կղ 1.24), նաեւ անոր փառքին հաղորդակից ըլլան, Քրիստոսի անսուտ խօսքին համաձայն (տե՛ս Յհ 17.24)։ Ինչպէս որ վկաներուն մէջ, անդրանիկը՝ Ս. Ստեփանոս (տե՛ս Գրծ 7.55), տեսաւ երկինքը բացուած եւ Յիսուսը Աստուծոյ աջին կանգնած։

Ի վերջոյ հրեշտակը կիներուն կը յանձնէ Յիսուսի յարութիւնը աւետելու առաքելութիւնը, ըսելով. «Անմիջապէս գացէք եւ ըսէ՛ք իր աշակերտներուն՝ թէ յարութիւն առաւ։ Անիկա ձեզմէ առաջ Գալիլեա կը հասնի եւ հոն պիտի տեսնէք զինք…», եւ այս երկնային առաքելութեամբ, հրեշտակը կիներուն պարտականութիւն կու տայ Քրիստոսի յարութիւնը աւետելու՝ անոնց միջոցով փողահարելու, որ յարութիւնը կը բժշկէ այն մահաբեր երկունքը, որ կին Եւային միջոցով տարածուեցաւ աշխարհին մէջ։

Հրեշտակը անոնց պարտականութիւն կու տայ կիսելու իրենց տեսածն ու ապրածը։ Եւ երբ կիները անձամբ բացայայտեցին յարուցեալ Քրիստոսի իրողութիւնը, իրենց առաջին պարտականութիւնը եղաւ յայտարարել ու կիսել զայն ուրիշներուն հետ։ «Գացէք եւ ըսէք»ը առաջին հրահանգն է, որ մարդ կը ստանայ, երբ անձամբ կը բացայայտէ Յիսուս Քրիստոսի զարմանահրաշութիւնը։

Յիսուսի յարութիւնը աւետող հրեշտակը ինչպէս այն ատեն կիներուն՝ այսօր ալ մեզի չորս պատգամներ կու տայ, ըսելով.

1.- «Դուք մի՛ վախնաք»։ այո՛, որովհետեւ Յարութեան իրողութիւնը ուրախութիւն կը պարգեւէ եւ ո՛չ թէ վախ։ Ուստի, չվախնանք, մարդոց չարութենէն ու անարդարութենէն, անզգամութենէն ու բռնութենէն, անխղճութենէն ու անաստուածութենէն, որովհետեւ, Քրիստոսի յարութիւնը եւ անոր կենդանի ներկայութիւնը մեր կեանքերէն ներս ուրախութեամբ եւ ցնծութեամբ կը լեցնեն մեր էութիւնը։ Կառչած մնանք անոր եւ անոր խոստումներուն, որովհետեւ մեր Տէրը հաւատարիմ Աստուած է։ Ուստի, երբ կը վախնաս, յիշէ պարապ գերեզմանը։

2.- «Ան հոս չէ, որովհետեւ յարութիւն առաւ…»։ Այո՛, Յիսուս մեռած չէ այլ յարութիւն առած է եւ յաւիտենապէս կենդանի է եւ ուստի մեռելներուն մէջ պէտք չէ փնտռել զայն։ Ան ողջ է եւ միշտ իր ժողովուրդին հետ է։ Ան քու սրտիդ մէջ է ու հոն հաստատած է իր բնակութիւնը եւ թագաւորութիւնը։ Քու Տէրդ նոյնինքն կեանքն ու լոյսն է, ուստի ո՛չ մահը կրնայ զայն կալանաւորել, ո՛չ գերեզմանը զայն բանտել եւ ոչ ալ խաւարը զայն թաքնել։ Ուստի ուրախացի՛ր ու ցնծա՛ եւ առաքեալին հետ դուն ալ ծիծաղիր մահուան վրայ, ըսելով. «Ո՞ւր է մահ յաղթանակդ. ո՞ւր է դժոխք քու խայթոցդ՚ (Ա. Կր 15.55)։

3.- «Եկէք եւ տեսէ՛ք…»։ Կիները անձամբ ստուգելով գերեզմանը, զայն պարապ գտան, այսօր ալ այդպէս է։ Քրիստոսի յարութիւնը պատմական անժխտելի իրողութիւն է։ Ուստի հաւատքի ձեռքերով զօրեղ կառչիր Տիրոջդ յարութեան եւ անով կենսաւորուած ու զօրացած՝ ապրիր ու գործէ։

4.- «Անմիջապէս գացէք եւ ըսէք իր աշակերտններուն՝ թէ յարութիւն առաւ»։ Անհրաժեշտ էր, որ մենք կիներուն նման Քրիստոսի յարութեան ուրախ աւետիսը տարածենք։ Մեր ալ պարտականութիւնն է իբրեւ Քրիստոսի անունը կրողներ եւ անոր աշակերտներն ու արքայութեան ժառանգորդները, տարածել մահուան վրայ կեանքի յաղթանակին, խաւարի դէմ լոյսի յաղթանակին, անարդարութեան դէմ արդարութեան յաղթանակին եւ բռնատիրութեան դէմ ազատութեան, յոյսի եւ յաւիտենականութեան յաղթանակի Մեծ Աւետիսը՝ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան Աւետիսը, օրհներգելով՝«Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, մահուամբ զմահ կոխեաց եւ յարութեամբն իւրով մեզ զկեանս պարգեւեաց։ Նմա փառք յաւիտեանս։ Ամէն»։

Թող մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը իր կենսապարգեւ զօրութեամբ վերանորոգէ մարդոց միտքն ու սիրտը, ուղղէ մեր կենցաղն ու վարմունքը, վերափոխէ, կերպարանափոխէ եւ ի բարին ու կատարեալը փոխակերպէ ողջ աշխարհն ու մարդկութիւնը, որպէսզի արժանի ըլլանք վայելելու Տիրոջ խաղաղութիւնն ու երկնապարգեւ եւ յարութաբոյր արդարութեան, ճշմարտութեան եւ իրաւունքի բարիքներն ու օրհնութիւնները։ Ամէն։

Այս ուրախ եւ յաղթական տօնին առիթով ընդունեցէք մեր ջերմ շնորհաւորանքն ու բարեմաղթութիւնները, որ կը յղենք բոլորիդ անխտիր, մաղթելով ամենաբարին եւ աստուածահաճը։ Ուստի, մենք ալ երկնաէջ հրեշտակին միանալով՝ ցնծութեամբ կþաւետենք.

«Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց։ Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի»։

 

Մակար Արք. Աշգարեան

 Առաջնորդ Բերիոյ Հայոց Թեմին

 Հալէպ, 31 Մարտ 2024