«Ճեմարանաւարտ, Ճեմարանէն ներս պաշտօնավարած հալէպահայեր իրենց կիզակէտին մէջ պահած են ու կը շարունակեն պահել Ճեմարանն ու ազգային կառոյցները ընդհանրապէս», այսպէս արտայայտուեցաւ հալէպահայ Ռաֆֆի Եարալեան, դիտել տալով որ Միացեալ Նահանգներ հաստատման առաջին իսկ ամիսներէն, նախ Ճեմարանի նախկին դաստիարակ Մհեր Միհրանեանի հետ, ապա աւելի ընդլայնուած ճեմարանականներու խումբով սկսած են կազմակերպել մտերմիկ ձեռնարկներ տօնական օրերու առիթով ու հասոյթը տրամադրել նախ՝ պատերազմի տարիներուն հայաշատ շրջաններու օժանդակութեան, ապա Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանին ու այլ հաստատութիւններու։
Խումբին թիւը հետագայ տարիներուն հասած է 400 ճեմարանաւարտի, իսկ խանդավառութեամբ տարուող աշխատանքներուն սատար կանգնած է տեղւոյն Պատկան Մարմինը եւ Թեմի Առաջնորդը։
Եարալեան կը շեշտէ, որ Միացեալ նահանգներ հաստատուած հալէպահայերուն համար Հալէպի յիշատակներն ու ներկան ամէնօրեայ ապրում են, զիրենք ծննդավայրին ու յատկապէս Ճեմարանին կապող անխորտակելի կամուրջ մը, որ համախմբել կու տայ, տագնապիլ ու օժանդակութեան միջոցներ յառաջացնել կու տայ անոնց։