«Գիրքերու աշխարհը… Տիեզերք է անեզր…»
Եղիշէ Չարենց
Գիրքերու աշխարհը անսահման է: Գիրքը մարդուն թեւեր կու տայ եւ կը տանի տարբեր աշխարհներ:
Չարենցեան այս իմաստալից խորհուրդը համոզումի վերածած հրապարակագիր դոկտ․ Հրայր Ճէպէճեան իր աշխատութիւններով կը սատարէ արեւմտահայերէնի պահպանման եւ կենսունակութեան յոյժ կարեւոր գործին։ Ան իր յօդուածներու ճոխ ծաղկաքաղով կ՚արծարծէ շարք մը նիւթեր, որոնց հիմնական առանցքը կը կազմեն Հայրենիքի ու Սփիւռքի գոյութիւնը խաթարող մտահոգութիւնները, ցաւերն ու դժուարութիւնները, որոնց յաղթահարման համար երբեք չի տկարանար իր կամքը, այլ նոր տեսիլքներով ու քրիստոնէական վառ յոյսով կը կենսաւորուի եւ նոր աւիշ կու տայ մեր ամպամած երկինքին։
Արդարեւ, Կիրակի, 7 Ապրիլ 2024-ին, Քուէյթի Ազգային վարժարանի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ դոկտ․ Ճէպէճեանի «Հայկական Ազգագրական Պատկերներ՝ Տեսիլք, Կամք Եւ Յոյս» գիրքին շնորհանդէս-գինեձօնը։
Հանդիսութիւնը կը վայելէր հովանաւորութիւնը Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերպ․ Տ․ Պետրոս Ծ․ Վրդ․ Մանուէլեանի։
Երեկոն իրենց ներկայութեամբ պատուած էին՝ Քուէյթի մօտ ՀՀ դեսպան Սարմէն Պաղտասարեան, Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ․ Արտակ Ա․ Քհնյ․ Քէհեայեան, Պատկան Մարմնի ներկայացուցիչ Յակոբ Մելիքսէթեան, ՔԱՎ-ի տնօրէն տոքթ․ Ներսէս Սարգիսեան, ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներն ու գրասէր ընտրանի մը։
Օրուան հանդիսավար քահանայ հայրը, բարի գալուստի խօսք արտասանեց, որուն ընդմէջէն ներկայացուց դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան մարդն ու գրիչի սպասարկուն։
Իսկոյն բեմ հրաւիրուեցաւ ՔԱՎ-ի հայրենաւանդ ուսուցիչ Ճորճ Արապաթլեան, որ հետաքրքրական շրջագայութիւն մը կատարելով գիրքին ծալքերուն մէջ, հաճելի ներկայացում մը հրամցուց։
Ան նախաբանին մէջ յիշեց Խաչատուր Աբովեանի հետեւեալ խօսքը. «Մէկ ազգը միացնողը, իրարու կապողը լեզուն եւ հաւատքն են..», ապա շարունակելով ըսաւ, որ դոկտ. Ճէպէճեան Աբովեանի սրբութիւններուն վրայ կ’աւելցնէ նաեւ մշակոյթը, զայն անուանելով` փափուկ զէնք, որուն շնորհիւ յաջողած ենք մեր ինքնութիւնը պահել, կեանքի փոթորիկներուն դէմ դնել, միշտ Հայրենիքը ամէն բանէ վեր դասելով։
Քաղաքական նիւթերով յօդուածներուն քով կանգ առնելով Արապաթլեան պարզեց, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը ելակէտ ունենալով, գիրքին հեղինակը զուգահեռներ կը գծէ Արցախի պատերազմին, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին եւ մերօրեայ այլ իրադարձութիւններուն միջեւ։
Ապա անդրադառնալով գիրքին մէջ կարեւոր տեղ գրաւած կրօնական յօդուածներուն պարզեց հեղինակին այն սկզբունքը, որ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը նոյնքան անհրաժեշտ է՝ իւրաքանչիւր քաղաքացիի բարոյական նկարագիրը կերտելու համար։ Արապաթլեանի համաձայն, հեղինակը կը հաւատայ, որ քրիստոնեան պէտք չէ վախկոտ ըլլայ, այլ իր մէջ պէտք է ամրապնդէ «քրիստոնէական վրէժխնդրութիւնը» փոխաբերական իմաստով։
Այնպիսի վրէժխնդութիւն մը, որ մեզ կ’առաջնորդէ վերստին յառնելու ու հաստատակամութեամբ ընթանալու դէպի յառաջ։
Այնուհետեւ թուղթի եւ տպագրական մելանի հոտին, գիրքին սիրահար եւ ընթերցասէր, Ազգ. Վարչութեան երիտասարդ անդամ Դալար Գալէմքեարեան-Տաղլեան ներկայացուց գիրքին գեղարուեստական արժէքը։
Ան ըսաւ, որ գիրքի իւրաքանչիւր յօդուածին մէջ ի յայտ կու գայ դոկտ. Հրայրի հայ հոգին, պինդ ու անխախտ հաւատքը. ան ուխտած է գործել բարիք ու համատարած դարձնել զայն։
Դոկտ. Հրայր շաղախուած է քրիստոնէական հաւատքով, լաւատեսութեամբ, մարդասիրութեամբ եւ յատկապէս հայրենասիրութեամբ, որոնք ակնյայտօրէն արտացոլացած են իր գրութիւններուն մէջ։
Տաղլեան միաձուլուելով իւրաքանչիւր յօդուածի գաղափարին ու խորհուրդին հաստատեց, որ այս գիրքը արխիւային մեծ հարստութիւն մը ու Զարթօնքի կանչ մըն է` վերանայելու կեանքի հասկացողութեան, համամարդկային ու հայկական արժէքներուն ու փիլիսոփայութեան, հաւատքին, ազգին եւ հայրենիքին։
Ան իր խօսքը աւարտեց հեղինակի այն մարտահրաւէրով, որ կ’ըսէ. «Եթէ կ’ուզես, կ’ըլլայ»։ Անկարելի բան չկայ բարիով թրծուած աստուածասէր ու հայրենասէր հայուն համար։
Այնուհեսեւ, ՔԱՎ-ի տնօրէն, հասարակական գործիչ եւ մտաւորական տոքթ․ Ներսէս Սարգիսեան քննական ակնոցով ներկայացուց գիրքը։
Ան գլխաւոր երեք ենթավերնագրերու բաժնած էր հատորը՝ պարզելու համար, թէ հաւաքական մեր կեանքի այս ծանր օրերուն ի՚նչ ունի ըսելիք դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան հայ ընթերցողին: Այսպէս.
Ա) Հայկական Սփիւռքը, իր բազմերես էութեամբ, հոգեմտաւոր բարդ կազմուածքային շերտերով, գաղութները կազմող հայերու առանձնայատկութիւններով, նմանութիւններով եւ տարբերութիւններով, ինչպէս նաեւ հաւաքական ինքնութեան խնդիրներով:
Անոր հերոսները այն հայերն են, որոնք ամէն տեղ են ու պատնէշի վրայ։ Անոնք պատմելիք ունին աշխարհին եւ տակաւին շարունակուող ցաւ ունին։ Աշխարհին բացուելով հանդերձ, ինքնութիւնը պահպանելու մարտահրաւէրներ ունին եւ անոնցմէ արժանապատիւ ու յաղթական դուրս գալու խնդիր ունին:
Սփիւռքեան հակասութիւնները, համադրումի ու կառուցողական ներդաշնակութիւն ստեղծելու փորձերը, իւրայատուկ երանգ մը կը ստանան գիրքին մէջ։
Տագնապէն դուրս գալու միջոցը հեղինակին համար համակարգ-պետութիւն կերտելը կամ պետականաշինութիւնն է։ Հայուն փրկութիւնը իր խելքին մէջ է։ Հեղինակը կը հաւատայ ու ջատագովն է միասնականութեան։ Իրեն համար Սփիւռքը Հայաստանի միակ «հաւատարիմ դաշնակից»-ն է։ Սփիւռքը անցողակի, ժամանակաւոր երեւոյթ մը չէ, այլ մնայուն ներկայութիւն է:
Բ․-) Գիրքին մէջ տիրական ներկայութիւն է Ճէպէճեան ընտանիքը իր հարուստ աւանդով եւ երեւելի ու պատուաբեր անձնաւորութիւններով, որոնց մասին կ՚արժէ յատուկ գիրքի մը հրատարակութեան ձեռնարկել, աւելցուց տոքթ․ Սարգիսեան։
Գ․-) Քրիստոնէական հոգեւոր թեման զգալիօրէն ներկայ է: Ճէպէճեանին համար Աստուածաշունչը հաւաքականութեան գիրքն է։ Ան իր ներգործութիւնը ունի կեանքի բոլոր երեսներուն վրայ:
Հայու ազգային ինքնութիւնը խարսխուած ու շաղախուած է քրիստոնէական արժէքներով, որոնք անքակտելի են: Կրօնական յօդուածները իրական կեանքին համար ուղեցոյցներ են։ Առօրեայ խնդիրներն ու աշխարհի հարցերը քրիստոնէավայել ընթացքով մը դիմագրաւելու կոչ ու պատգամ են։
Եւ այսպէս, քննական պրիսմակը շարունակուեցաւ ու խօսքի առիթ տրուեցաւ ՔԱՎ-ի փոխտնօրէն Կարօ Արսլանեանին։
Ան բերկրալի ոճով մը սկսաւ իր խօսքը ըսելով «Գիրքի մը հրատարակութիւնն ու անոր նուիրուած շնորհանդէսը ծնունդի, ապա մկրտութեան ուրախ առիթներ են: Մեր տրամադրութեան տակ դրուած այս նորածին հատորին հեղինակը մարդկային առումով տիպարն է բարձրագոյն արժէքներ կրող մերօրեայ մարդուն, որուն բացակայութիւնը մեր կեանքին մէջ շատ յաճախ զգալի է»:
Աւելցնելով Արսլանեան ըսաւ. «Սոյն հատորը ընթերցելէ ու քննելէ ետք անոր բովանդակութիւնը կարելի է ամփոփել երեք գլխաւոր միտքերու մէջ.
1. Հաւատացեալ հայուն դարաւոր տեսիլքը վառ է ու կը մնայ միշտ վառ այնքան ատեն որ աշխարհացրիւ հայերու հոգիներուն մէջ առկայծ է նախահօր Հայկի կտակած ազատատենչ հայու կերպարը, այն կերպարը որով այսօրուան նիւթապաշտ աշխարհի ցուրտէն պատսպարուելու համար գիտէ ջերմանալ՝ իր խորքը ճարճատող հաւատքի հուրով, եւ անոր լոյսով նաեւ գտնել ճշմարտութեան արդար ուղին:
2. Արարող ու զարգացող հայուն կամքը, որ անկոտրում է եւ ծլարձակող: Կամք, որ ստացած է իր ամրութիւնը պապենական հողի ժայռերէն, սիգապանծ լեռներու վրայ ծնունդ առած իր նախնիներու պատգամը միշտ թելադրած է զինք ըլլալ խիզախ, որովհետեւ կեանք կը նշանակէ ապրիլ, իսկ ապրիլը՝ յարատեւ պայքար ու յառաջխաղացք է:
3. Վերջապէս, յոյսը ամօթով չի ձգեր։ Այն յոյսը, որ անձրեւոտ աչքերու սրբիչն է, ցաւոտ հոգիներու բալասանն է: Այն սրբազան յոյսը, որ մեր ազգի պարտութիւնները դէպի կատարեալ յաղթանակներու առաջնորդողն է»:
Ապա քուէյթահայ սիրուած ասմունքող Նարինէ Գոնճայեան-Արապաթլեան հմայիչ առոգանութեամբ ընթերցեց «Եթէ կ’ուզես, կ’ըլլայ» յօդուածը, որ եկաւ երաշխաորելու բոլոր զեկուցաբերներուն բանաւոր վկայութիւնները։
Օրուան յայտագիրին իր մասնակցութիւնը բերաւ ՀՀ դեսպան Սարմէն Պաղտասարեան, որ իր կարգին, ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց գիրքի բովանդակութիւնը, շնորհաւորեց անոր շունչ տուող հեղինակը, մաղթելով բեղմնաւոր ճանապարհ գիրի ու գրականութեան ոլորտէն ներս։
Վերջապէս, կարելի չէր յայտագիրը աւարտել, առանց Տէր եւ Տիկին դոկտ․ Հրայր եւ Արտա Ճէպէճեաններու երախտիքի խօսքերուն։ Անոնք սրտի անհուն հրճուանքով, ողջունեցին ձեռնարկը հովանաւոր եւ կազմակերպող կողմերը, անհատ առ անհատ, իրենց ուրախութիւնը, սէրն ու կապուածութիւնը յայտնեցին քուէյթահայ համայքին, խոստանալով մնալ հաւատաւոր հետեւորդները մեր նախահայրերուն, որոնք ընկրկում չճանչցան եւ հայու անխախտ հաւատքով ու կամքով շարունակեցին իրենց վստահուած առաքելութիւնը, հարկ եղած պահուն նոյնիսկ իրենց կեանքերը նուիրաբերեցին, մեզի նոր արշալոյսներ պարգեւելով։
Գրական երեկոներու ծարաւը յագեցնող այս հոգեպարար հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց՝ Գերպ․ հայր սուրբը։
Ան լուսարձակի տակ առաւ Ճէպէճեան ամոլի լուսաշող տեսիլքը, հաստատուն կամքն ու անմառ յոյսը, որոնք խթան կը հանդիսանան իրենց դառնալու կենսատու մասնիկներ հայկական մեր իրականութեան մէջ։
Աւարտին, տեղի ունեցաւ գինեձօնի աւանդական արարողութիւնը։
Յայտագիրի գործադրութենէն անմիջապէս ետք, ներկաները իրենց ջերմ բարեմաղթանքները յայտնեցին դոկտ․ Ճէպէճեանին եւ մեծ հաճոյքով ստացան մակագրուած գիրքերու իրենց օրինակները։
Մարիա Սարգիսեան
Քուէյթ