Մակար Եպս. Աշգարեան.- «Հրեշտակին յայտարարած մէկ եւ միակ բացարձակ ճշմարտութիւնը Քրիստոսի յարութիւնն է, մեռելներէն յարութիւնը եւ Քրիստոսի յաղթանակը»։

Կիրակի, 31 Մարտ 2024-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ իր հայրական պատգամը ուղղեց հաւատացեալներուն, Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ:
Պատարագին ներկայ էին ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոս Բաբգէն Պատալեան, ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադէոսեան, ՀՀ մարդասիրական առաքելութեան խումբի ղեկավար գնդապետ Արկադի Տօնոյեան, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետն ու երեսփոխաններ, Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան, Ազգ. Վարչութեան անդամներ, Յարաբերական մարմինի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան, ՀՄԸՄ-ի եւ ՀՕՄ-կեդր. վարչութեանց անդամներ, ազգային մարմիններու, մշակութային, բարեսիրական եւ մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հանդիսաւոր թափօրով եւ դպրաց դասի «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ մուտք գործեց եկեղեցի:
Ս. Պատարագի ընթացքին, Սրբազան Հօր առընթերականերն էին՝ Արժ. Տ. Նարեկ Ա. Քհնյ. Զերենցեան եւ Արժ. Տ. Գառնիկ քհնյ. Չափանեան:
Եկեղեցւոյ օրհնաբեր կամարներուն ներքեւ, դպրաց դասը Ս. Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց, ղեկավարութեամբ՝ դպրապետ բարշ. Գէորգ սրկ. Սէմէրճեանի:

Սրբազան Հայրը Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տօնին պատգամը ուղղեց ժողովուրդին ըսելով. «Այսօր ողջ քրիստոնեայ աշխարհը, մանաւանդ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին, իր հաւատաւոր զաւակներով, հոգեկան ուրախութեան եւ ցնծութեան մէջ է, որովհետեւ կը տօնէ իր կրօնը մարմնաւորող, արժեւորող եւ իմաստաւորող ամենակարեւոր երկու սիւներէն մէկուն՝ Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնը, որ կու գայ իսկապէս մարդուն հոգի, յոյս եւ քաջութիւն ներշնչելու եւ անոր ի ներքուստ զօրացուցած, առաւել եւս հաւատքի ժայռին վրայ հաստատած կ’առաջնորդէ, որպէսզի իր կեանքի պայքարը մղէ խաւարով լեցուած եւ անարդարութեամբ լեցուն այս աշխարհին մէջ»:

Սրբազան Հայրը ակնարկեց իւղաբեր կանանց պարտականութեան գիտակցութեան եւ սիրոյն, երբ վաղ առաւօտուն Քրիստոսի գերեզմանը այցելեցին իրենց պարտականութիւնը կատարելու եւ հրեշտակէն ստացան Քրիստոսի Յարութեան աւետիսը: Հետեւաբար, ան գնահատեց եկեղեցւոյ մէջ ներկայ գտնուող մեծաթիւ հաւատացեալները, որոնք իւղաբեր կանանց նման, Քրիստոսի հանդէպ իրենց սէրէն եւ հաւատքէն մղուած, մասնակից դարձան Քրիստոսի Ս. Յարութեան տօնին նուիրուած Ս. Պատարագին:

Սրբազան Հայրը հաստատեց, թէ հրեշտակին յայտարարած մէկ եւ միակ բացարձակ ճշմարտութիւնը Քրիստոսի յարութիւնն է, մեռելներէն յարութիւնը եւ Քրիստոսի յաղթանակը:

Սրբազան Հայրը քանի մը կէտերով անդրադարձաւ հրեշտակին տուած պատգամին:
– Հրեշտակը յայտարարեց յաղթանակի աւետիսը, որ այսօր մեր ներաշխարհին մէջ կենդանութեան վերածուած, ուժականութեամբ զսպանակուած մեզ կ’առաջնորդէ մեր դժուարին պայմաններուն մէջ:
– Մեծ երկրաշարժը, որ պատահեցաւ երկինքէն հրեշտակին իջած պահուն, կը խորհրդանշէ բոլոր քրիստոնեայ հաւատացեալներուն տրուած նոր կեանքը: Աշխարհի մտահոգութիւններով ծանրաբեռնուած հին մարդը կը հրաւիրուի Քրիստոսի Յարութեան լոյսով լուսաւորուելով նոր կեանք ապրելու:
– Յարութեան առաջին պատգամը, որ մեր սրտերուն, հոգիներուն եւ մտքերուն մէջ կ’արձագանգէ «մի՛ վախնաք» աստուածատուր պատուէրն է, որովհետեւ մեր Տէրը Յարութիւն առաւ: Ան նշեց, թէ պատերազմը, տնտեսական ծանր տագնապը եւ դժուարութիւնները կու գան ճնշելու մեր ծննդավայր Սուրիան, սակայն Յարութեան տօնը կու գայ մեզ գօտեպնդելու, ըսելով, որ մի՛ վախնաք, յիշեցէ՛ք դատարկ գերեզմանը եւ Քրիստոս ձեզ աւելիով կը զօրացնէ:
– Պէտք չէ կենդանին փնտռել մեռածերուն մէջ: Քրիստոս եկաւ եւ իր Յարութեամբ մահուան ստրկութենէն ազատեց մեզ, փարատեց մահուան խայթոցը, խորտակեց դժոխքի դռները եւ մարդկութիւնը ազատագրեց մահուան անէծքէն, որ դարեր շարունակ կը տիրէր:
– «Եկէ՛ք տեսէ՛ք, որ գերեզմանը պարապ է»: Այս հասկացողութեամբ կը հրաւիրուինք, որ մեր ներաշխարհին մէջ կենդանի վկան ըլլանք Քրիստոսի դատարկ գերեզմանին, որպէսզի աւելիով արմատանայ մեր քրիստոնէական հաւատքը եւ ժայռին վրայ հաստատուինք: Ժայռը Քրիստոսի Յարութեան, մարդեղութեան եւ խաչելութեան վարդապետութիւնն է: Քրիստոնէական կրօնը հաստատուած է երկու հիմնական սիւներու վրայ.-
Ա. Քրիստոս մեզի համար մեռաւ
Բ. Քրիստոս մեզի համար Յարութիւն առաւ մեռելներէն:

Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ հրեշտակը այս պատգամներէն ետք կը հրաւիրէ մեզ առաքելութեան եւ կոչումի, որն է որպէս քրիստոնեայ մեր պարտականութիւններուն հետ միասին հաւատքի վկայութիւն տանք եւ զիրար գօտեպնդելով մեր հաւատքին մէջ, մեր կեանքը ի սպաս դնենք Աստուծոյ, մեր հայրենիքին, եկեղեցւոյ եւ մեր ազգային, մշակութային եւ հոգեւոր արժէքներուն:

Սրբազան Հայրը աղօթեց, որ Ս. Յարութեան զօրութիւնը վերանորոգէ մեր մտքերն ու հոգիները, ուղղութեան մէջ դնէ մեր ապրելակերպը, առաջնորդէ մեր քայլերը, որպէսզի ուրախութեամբ եւ յոյսով շարունակենք ապրիլ եւ գոյատեւել:

Սրբազան Հայրը Ազգ. Իշխանութեան քաղաքական եւ կրօնական ժողովներուն անունով շնորհաւորեց ժողովուրդի զաւակները՝ Ս. Յարութեան տօնին առիթով: Ան ջերմագին բարեմաղթութիւններ փոխանցեց Սուրիոյ Վսեմաշուք Նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ-Ասատին, անոր մաղթելով առողջութիւն, բարօրութիւն եւ արեւշատութիւն: Ան աղօթեց, որ Քրիստոսի Ս. Յարութեան զօրութեամբ, սուրիական հայրենիքին դէմ ծառացած մեղքի խաւարին կապանքները փշրուին: Ան մաղթեց, որ Տէրը զօրացնէ Հայաստանի եւ Սուրիոյ բանակները, սէր եւ խաղաղութիւն հաստատէ բոլորիս սրտերուն մէջ, որպէսզի եղբայրասիրութեամբ եւ աստուածպաշտութեամբ ապրինք, արդարութիւնը սիրելով եւ ճշմարտութիւնը փնտռելով:

Պատարագէն ետք, դպրաց դասը հոգեկան ցնծութեամբ երգեց «Այսօր յարեաւ ի մեռելոց» շարականը։ Ապա, Սրբազան Հայրը ընդունեց ժողովուրդի զաւակներուն շնորհաւորութիւնները, որմէ ետք դպրաց դասի «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ, Սրբազան Հայրը թափօրով ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակ։