Այսօր Իսրայէլ թիրախ դարձուց Դամասկոսի «Մէզզէ» հրապարակին մէջ գտնուող Իրանի Հիւպատոսութիւնը։

ՍԱՆԱ-ի թղթակիցին համաձայն իսրայէլեան յարձակումին հետեւանքով հիւպատոսութեան շէնքը եւ անոր յարակից կառոյցները մեծ վնասներ կրեցին։

Սուրիական օդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին յարձակումին եւ վար առին քանի մը հրթիռ։