Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է ՀՅԴ Արցախի կազմակերպական կառոյցի 28-րդ շրջանային ժողովը։ Ժողովը անգամ մը եւս հաստատած է, որ ՀՅԴ-ն բոլոր միջոցներով սատար պիտի կանգնի Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի վերականգնումին։
ՀՅԴ-ն բոլոր հարթակներու վրայ պիտի շարունակէ ներկայացնել Արցախի հիմնահարցի էութիւնն ու արցախցիներու՝ հայրենիք հաւաքական վերադարձի անժամանցելի իրաւունքը։ Պիտի շարունակէ իր համագործակցութիւնը Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն եւ քաղաքական ու հասարակական բոլոր այն ուժերուն հետ, որոնք իրենց օրակարգի վրայ պահած են վերոյիշեալ հարցերը։
Ժողովը իր աշխատանքներու աւարտին ընտրած է Կեդրոնական կոմիտէի 7 հոգինոց կազմ։
Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընտրուած է Արա Պուլուզեան։

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէ

31.03.2024 թ.