Իրաւապաշտպան Սիրանուշ Սահակեան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ գերիներու կամ Ատրպէյճանի մէջ պահուող քաղաքական բանտարկեալներու հարցը մշտապէս գտնուած է իրենց ուշադրութեան կիզակէտին մէջ եւ այս առումով շարունակական աշխատանք կ’իրականանայ։ Ատրպէյճանի մէջ պաշտօնապէս պահուած է 23 հայ, որոնք չունին իրաւական կարգավիճակ։ Անոնց մէկ մասը զինուորական է եւ որակուած է որպէս ռազմագերի, կան նաեւ քաղաքացիական գերիներ եւ Արցախի Հանրապետութեան նախկին ղեկավարներ, որոնք իրենց գործունէութեան եւ տէսակէտներուն համար կը հետապնդուին, ուստի դիտարկուած են որպէս քաղաքական բանտարկեալներ։ Այս բոլոր գործընթացներուն մէջ էական նշանակութիւն ունի ցեղային պատկանելիութեան յատկանիշը։
«Ատրպէյճան անոնց կը ներկայացնէ որպէս սովորական յանցագործներ, կը մատնանշէ իր ներպետական քրէական օրէնսդրութեան բազմաթիւ ձեւաչափերու խախտումներ՝ տնտեսական ահաբեկչութիւն, զինուորական ապօրինի խմբաւորումներ ստեղծել, խոշտանգումներ իրականացուցած են եւ ամբողջովին հարցը կը փորձէ մատուցել ներպետական կարգաւորումներով», ըսաւ իրաւապաշտպանը։
Ան ընդգծեց, որ կան նաեւ բռնի անհետացման ենթարկուած գերիներ։
«Մենք չունինք տեղեկութիւն 2023թ.-ի պատերազմի հետեւանքով բռնի անհետացման դէպքերուն մասին, բայց մօտաւորապէս 80 գործ ունինք 44-օրեայ պատերազմէն, եւ այստեղ Ատրպէյճան ունի մերժողական քաղաքականութիւն, որեւէ ձեւով չի փափաքիր հետաքննութեան միջոցով բացայայտել դէպքերը եւ ճշմարտութեան իրաւունքը ապահովել ընտանիքներուն», ըսաւ իրաւապաշտպանը՝ աւելցնելով, որ անհետ կորածներուն հարցը եւս կը շարունակուի անլոյծ մնալ։ Անոր փոխանցումով՝ շուրջ 210 գերեվարուած անձեր Ատրպէյճանէն հայրենադարձ եղած են։