_ Տեսէ՛ք ձու եմ ճարել, այսօր ձուածեղ եմ սարքելու,_ Մարինէն տուն խուժեց խանդավառ ու ինքնագոհ:
Երեւակայելի գումարով ճարեր էր հաւկիթները, հատը՝ 700 դրամ, ափսոսալու ժամանակը չէր, մանաւանդ որ հերթի կանգնելով հաց ալ կրցած էր ապահովել:
Իններորդ ամիսն էր շրջափակուած էին, խանութները՝ դատարկ, վառելանիւթ չկար, ելեկտրական հոսանքը՝ հազուադէպ: Նման իրավիճակներուն մարդիկ կամ շատ բարեհամբոյր կ’ըլլան կամ առիթէն  օգտուելով կը շահագործեն ու կը կողոպտեն:
Քառասունօրեայ պատերազմէն ետք կը փորձէին ամոքել ցաւերը: Գաղթականներ գրաւուած շրջաններէն,
իւրաքանչիւր տուն զոհուած զաւակ ունէր, ամուսին, եղբայր, հաշմանդամներ… իսկ պարտութեան խարանը ահաւոր էր, անսպասելի, տարիներ յաղթանակի բերկրանքը ապրելէ ետք:
Թշնամին ախորժակը սրած նստած էր բարձունքին: Խաղաղապահ զօրքերու առաքելութիւնն ալ յստակ չէր:
Բայց… կեանքը պիտի շարունակուէր, իր փոքրիկները նախասիրութիւններ ունէին, առջինեկին շարադրութիւնները բարձր կը գնահատուէին, փոքրիկին պատկերածները մանկական ցուցահանդէսներուն մըրցանակի կ’արժանանային, իսկ տղան հիանալի կը նուագէր: Ջանք չէին խնայեր զիրենք քաջալերելու, իսկ այս պայմաններով ամէն ինչ խանգարուած էր:
Աշխարհը փոքրիկներու իրաւունքներու մասին բազմաթիւ ուղերձներ ունէր, բայց այս բուռ մը ճնշուած, նոյնիսկ ցեղասպանութեան վտանգի դիմաց կանգնած ժողովուրդին, մանուկներուն հանդէպ անտարբեր էր:
_ Մա՛մ, քաղցրաւենիք եմ ուզում, շոքոլադ, պաղպաղակ:
_ Տղա՛ս, մեղր ունենք, աւելի օգտակար է,_ վազեց պահարանէն դուրս բերաւ մեղրի ամանը:
Պայթիւնները որոտացին, հեռաձայնը հնչեց:
_ Շո՛ւտ… նկուղ ապաստանէ՛ք:
Ընտրեցին նկուղի կաթկթումներէ զերծ անկիւնը, խոնաւ էր, գարշահոտ բայց մասամբ՝ ապահով, գիշերը հոն անցուցին:
_ Հո՞ս ենք ապրելու, մա՛մ, իմ անկողինն եմ ուզում,_ աղջնակն էր:
_ Ժամանակաւոր է, սիրելի՛ս, մի քիչ համբերենք,_ իր խօսքին չհաւատալով քաջալերեց:
Թշնամին յարձակած էր, բանակը դիմադրելու անհրաժեշտ ուժը չունէր, թէեւ կը փորձէր պաշտպանուիլ… կը խօսուէր, որ յաջորդ օրը իշխանութիւնները զիջումներու պիտի երթային, ինչպիսի՞ զիջումներ…
Ոչ մէկ յենակէտ, իր ճակատագիրին լքուած էր հայուն այս հողը, դաժան թշնամին արդիական զէնքերով զինուած էր: Ու ամենայուսահատեցուցիչը՝ Արցախը պաշտօնապէս որպէս Լեռնային Ղարաբաղ, այլեւս ճանչցուած էր Ատրպէյճանի կազմին մէջ:
Աշխարհը անտարբեր, քարիւղի հոտէն հարբած, միայն յորդորներ կը շռայլէր:
Երկու օր ետք անակնկալներուն ամենավատն էր… դատարկել Արցախը, ինը երկար ամիսներ սեղմած ակռաները դիմացած էին..
Ի՞նչ վերցնել, ի՞նչ փոխադրել…
Ազգականի ինքնաշարժով դուրս պիտի գային: Տաք հագուստները հապճեպ հաւաքեց ճամբրուկին մէջ, ափսոսանքով նայեցաւ գրադարանին, հոն էր իրենց հարստութիւնը եւ կարելի չէր փոխադրել:
Դիտեց շուրջը, շատ հաւանաբար վերջին անգամ: Այր ու կին աշխատած էին ու ստեղծած այս փոքրիկ բոյնը. խնամքով փակեց դէպի Շուշի նայող պատուհանը ու վարագոյրին թելը քաշեց, յետոյ ծածկեց դուռը, կղպեց, սովորութեան համաձայն բանալիով խաչ մը գծելով վրան:
Փոքրիկները ամուսնոյն հետ հասած էին փողոց. ամուսինը կը տատամսէր:
_ Մի գուցէ ցուցակում եմ, մնամ, ձեզ արգելք չլինեմ,_ շշնջաց ականջին:
_ Առանց քեզ ես քայլ չեմ առնի, _ ըսաւ վճռական:
Աղէտներու շղթան կը քակուէր.
Լսուեցաւ ահաւոր պայթիւն, հսկայական հրդեհի բոցը կը բարձրանար երկինք, վայնասունն ու աղաղակը տարածուեցան:
Խուճապ, իրարացում: Սուրացող շտապ օգնութեան ինքնաշարժներու շչակներ:
_ Աստուած իմ, բաւ է որքա՜ն…
Լիցքակայանն էր պայթած, իրենց ինքնաշարժներուն համար վառելանիւթ ապահովելու համար հոն հաւաքուած էին հարիւրաւոր արցախցիներ:
Գոյժը տարածուեցաւ, ամբողջովին հալած մարմիններ կային, անհետ կորածներ, ծանր աստիճանի այրուածքներ:
Տեղաւորուեցան ազգականի ինքնաշարժին մէջ:
Կրիայի նման դանդաղ յառաջացող հազարաւոր ինքնաշարժներ, հսկայ բեռնատարներու տանիքներուն վրայ խռնուած
ընտանիքներ:
Քաոս…
Կը մօտենային անցակէտին, ինքնաշարժները կարգի կեցած էին, Մարինէ աջ ձեռքով ամուր բռնած էր վզին խաչը, ձախով ամուսինին ձեռքը, շրթները կը շարժէին, կ’աղօթէր…
Ստուգող ատրպէյճանցի պաշտօնեան պահանջեց փաստաթուղթերը,  իրենց ազգականը ռուսական հպատակութիւն ունէր ու…անցակէտի պաշտօնեան ելքի արտօնութիւնը տուաւ, ռուսական հպատակութի՞ւնն էր, թէ իր աղօթքները…։
Մտան Հայկական սահման, ետին թողած ամէն ինչ…
_ Մա՛մ, հիմի ո՞ւր ենք գնում,_  հարցուց քունէն արթնցած տղան:
_ Հայրենիք, որդի՛ս, հայրենիք:
_ Հապա մեր տունը,_ պնդեց աղջնակը:
_ Կգանք, աղջի՛կս, կգանք,_  հանգստացուց հայրը խռպոտ ձայնով:
Հարիւր հազար արցախցիներ պարտադրաբար լքեցին հայրենի հողը, այն  հողը, որ հազարաւոր տարիներ եղած էր հայկական, հայաբնակ, հայաբոյր ու չէր լքուած:
Յանձնուեցաւ զինամթերքը, մշակութային հսկայական հարստութիւնը, ՀՈՂԸ, ՀՈՂԸ, ՀՈՂԸ…
Նախկին նախագահները, զինուորական պատասխանատուներ ձերբակալուեցան, դաւաճանի պիտակին տակ անարգաբար փոխադրուեցան Պաքուի բանտերը, պատերազմի գերիներու կողքին… դատուելու, անտէր-անտիրական: 
Ո՜ղբամ զքեզ, հա՛յ ժողովուրդ:
Երեւանեան արեւոտ առաւօտ մը հանդիպեցայ Մարինէին, անշուշտ նախապէս ժամադրուած էինք: Ֆրանսայէն ազգականուհիս, որ Արցախով տարուած էր տարիներ, յաճախ այցելած սերտելով հոն ներդրումներ ու թուրիզմ (զբօսաշրջական ընկերութիւն) հաստատելու կարելիութիւնը, ծանօթ էր իրենց ընտանիքին, թելադրեց, քանի որ հոգեկան ծանր ապրումներ ես ալ ունեցած էի սուրիական պատերազմէն ետք հայրենիք ներգաղթելով, հանդիպէի ու մխիթարէի զինք:
Մեր պայմաններուն միջեւ զուգահեռներ կային, սակայն նաեւ մեծ տարբերութիւններ:
Մարինէ բռնի տեղահանութեան ենթարկուած էր արցախի բնակչութեան հսկայ զանգուածին հետ ու.. հայրենի հող կորսնցուցած, հսկայական, աներեւակայելի կորուստ:
Ես կիսափլատակ կալուած մը ձգած էի ետիս եւ անշուշտ հարազատ-բարեկամներ: Դուրս գալու որոշումը եւ վերադառնալու նախընտրութիւնը կը մնար իմս.. մինչ որպէս երկրի քաղաքացի՝ մէկ ու կէս տարի, ներքին պատերազմի ընթացքին, պետական զօրքի հսկողութեան սահմանագիծէն ներս ըլլալով ականատես եղած եւ ապրած էի պատերազմի դաժան առօրեան ու պայթումներու ահուդողը:
Ողջագուրուեցանք հարազատներու պէս:
Նոր հասած էին Երեւան, թէեւ անծանօթ վայր չէր, որպէս մանկավարժական համալսարանի նախկին ուսանող եւ լրագրող քանիցս եղած էր հոս, բայց իր տունը հոն էր՝ Ստեփանակերտի մէջ, պատուհանները դէպի Շուշի բացուող ու Շուշի տանող ճամբուն ամենամօտիկ շէնքին մէջ…
Փորձեցի հակիրճ քաջալերական նախաբան ձեւակերպել, աչքերուն մէջ արցունքը խաղաց, սիրտը լեփ-լեցուն էր ահազդու պատմութիւններով, ափսոսանքով: Հարազատները՝ տարտղնուած, քրոջը զաւակը՝ լիցքակայանի հրդեհէն այրած, բայց հրաշքով փրկուած կը բուժուէր, իրենք ժամանակաւոր մէկ սենեականոց բարեկամի մը գրասենեակին մէջ տեղաւորուած էին:
Մխիթարական բառեր կը փնտռէի ու կը սրբէի արցունքներս…
«Ամուր մնա՛, պիտի ապրիս զաւակներուդ ապագան կերտելու, անոնց ուսումը, կեցութիւնը ապահովելու… դժուար օրերը կու գան ու կ’երթան:
Հայը միշտ նման արհաւիրքներու մէջէն անցած է, մեծ մայրս կ’ըսէր «եթէ սեֆերպելիքը անցաւ, ուրեմն ամէն ինչ կ’անցնի»։
Ձեռքերը կը դողային, հազիւ կու տար թէյը:
Ու… լացինք միասին զուգահեռներ ու տարբերութիւններ ուրուագծելով:
Հայրենի հողը անփոխարինելի է, ես կը զգայի որ անհնար է ամոքել ցաւը. Մեր բոլորին ՑԱՒԸ:
Անի, Վան, Արեւմտեան Հայաստան, Կարս, Նախիջեւան… Արցախ.
Երբեմնի Հայաստանը ներկայիս աշխարհի քարտէզին վրայ հազիւ նշմարելի տարածք է, ներկայ սահմանումով 29.800 քիլոմեթր քառակուսի ու տայ Աստուած, որ խաղաղութեան լալագին կոչերով, մեծ պետութիւններու  հովանաւոր գթութեան դիմելով մնայ ԱՆՍԱՍԱՆ:
Ժամանակն ու բա՞խտը հայերուս համար եղած են անողոք, թէ մենք եղած ենք անհեռատես, անքաղաքագէտ, ապիկար: Երբեմն՝ մէկը ու շատ անգամ ալ՝ միւսը:
Պերճուհի Աւետեան