Բոլոր մանուկները քնացեր են հիմա. քաղաքը կը ննջէ, քաղաքը իր նիրհին մէջ կը խոկայ անցեալի եւ գալիքի բոլոր երանելի եւ ցաւալի դրուագները: Անցեալի հերոսական, դաժան եւ վշտաբեր պատկերներ, ապագային տեղի ունենալիք դժուարին վիճակներ, որոնցմէ պարտաւոր է դարձեալ յաղթական դուրս գալ:
Քաղաքը, երկրի բոլոր քաղաքները գծագրուած են հիմա բիբերուն մէջ զանոնք արարողին, ափերուն մէջ նախնիներուն, որոնք անընդհատ մաղթանք, աղօթք եւ օրհնանք յղեցին զինուորին, որ երկիրը մնայ կանգուն, ապահով…։
Բոլորը կ’արթննան պայծառ հայեացքով, որովհետեւ մշտարթուն հրեշտակներ կը հսկեն սիրոյ մրմունջներով, օրհներգելով, որպէսզի բարին շարունակուի պիպլիական երկրին վրայ, կտակուած երկիրը մնայ կանգուն անյողդողդ: Հոն՝ ուր ընդարձակին սահմանները կը վերադառնան նախկին փառապանծ օրերուն, ոսկեղէն տառերով ծաղկուն, հայօրէն շնչող թուփ ու ծառով, ամբողջական լիճերով, ձիւնաթագ լեռներով:
Կրկին կը ժպտին հողեղէն արարածներ, քաղաքները կը վերականգնին, կը լուսաւորուին արեւու զօրութեամբ, արդարութեամբ, նոյնիսկ մարդոց նայուածքներն ու դէմքերը կը լուսարձակեն, կը ճառագայթեն արեւալոյսով:
Մանուկներուն ճիչը կը տարածուի ամէնուրեք: Անվախօրէն, ուրախութեամբ եւ սիրով կը վազվզեն նորածիլ Հովինարներ ու Ծովինարներ:
Բոլոր ծննդատուներէն կ’արձակուին ուրախութեան ճիչեր, որոնք կը լսուին նոյնիսկ հեռաւոր տիեզերքէն: Մոլորակները զարմացած հետաքրքրութեամբ եւ սիրով կը լեցուին երկիր մոլորակին նկատմամբ:
Հրեշտակներու փաղանգներ, մոլորակներէն կը դիտեն արթուն հսկելով, որ երկիրը կանգուն եւ անսայթաք մնայ իր ծիրին վրայ, ինչպէս պատուիրուած էր իրենց:
* * *
Ծառերու ճիւղերուն միջեւ հաճելի աղմուկ է, աղօթքի պէս բան մը, երաժշտութեան անհպելի երկինքներէն մեզի հասնող գեղգեղանք մը կը հնչէ: Հսկայ դաշտին մէջ բնութեան խրախճանքներէն մին է: Ծաղկաւէտ կանաչին մէջ ծառերու կոճղն ի վեր քրքիջ մը կը բարձրանայ, կը վերածուի համանուագի: Մօտակայ ծովուն յատակը քնացող նոյնիսկ խխունջներուն ունկին մէջ կ’ամփոփուին գեղածիծաղ ծառերուն քրքիջն ու ցնծութեան երգը: Նոյի օրերէն մնացած ջրհեղեղի հնչիւններուն հետ տարածքը կը լիանայ բարձրաղաղակ հաճելի վեհութեամբ մը, որ չունի անուանում: Շատ հեռուներէն եկող խորհրդաւոր այս համերգը կը մօտենայ եւ քեզի կը թուի, թէ հրեշտակներու հաւաք կայ կողքիդ, աչքերէ անտես, անշօշափելի: Կը դառնաս հսկայ երկրին մէկ մասնիկը, այն երկրին որ մեր ժամանակաւոր բնակավայրն է: Վերջնական տունը հոս չէ…
Ծառը անյագօրէն կ’ըմպէ լոյսին եւ երաժշտութեան զօրութիւնը՝ զայն փոխանցելու հողին, լոյսով ծփուն հողին, ծաղկաւոր խոտերուն, արմատներուն եւ ընդերքի բնակիչներուն:
Ծառը իր ձեռքերը երկինք պարզած կ’աղօթէ:
Զինուորներու վաշտերն են, որոնք հրեշտակներու գունդերու հովանաւորութեամբ կը տեղաւորուին կամաց-կամաց, երկրի երեսին, հորիզոնի հզօրութեան հաղորդելով ինչ որ տարտամ անհանգստութիւն։
Աղօթքի աներեւոյթ կապով մը անտեսանելի, ամէն բան կը միանայ իրարու: Լոյսի ելեւէջներով, ձայնի թրթռացումներով, վերերկրային գեղեցիկը փոխադրելու դէպի ընդերք: Բոցերու մէջ գալարուող երկրագունդի կորիզին հպելու, անոր ալ փոխանցելու լոյսի բերկրութենէն:
Հուրհրացող բոցեր կ’երեւան հեռուէն հորիզոնին վրայ, ակնթարթ մը վերածուելով լոյսի ճաճանչներու, ետքը հորիզոնական գիծի մը պէս հանդարտելու խաղաղութեան մէջ:
Մարիանա Պէրթիզլեան-Ղազարեան