Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Արցախի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան աջակցութեամբ, Համազգայինի հիմնադրութեան 95-ամեակին առիթով լոյս տեսաւ արցախցի լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեանի «Արցախ.Անաւարտ Պատերազմ» հայերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն եռալեզու պատկերագիրքը, բաղկացած երեք մասերէ` արցախեան 44-օրեայ պատերազմ, պատերազմէն ետք իրավիճակ եւ Արցախի շրջափակում։
Պատկերագիրքը ստանալու համար կարելի է դիմել Համազգայինի շրջանային վարչութիւններուն եւ գրասենեակներուն կամ ե-նամակով, գրելով artsakh@hamazkayin.com հասցէին։