Սուրիոյ Խորհրդարանի նախագահ Համմուտա Սապպաղ խորհրդարանի կառոյցէն ներս հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Գէորգեանի հետ։

Հանդիպումին ընթացքին Սապպաղ անդրադարձաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի ջերմ յարաբերութեան պահպանման եւ զարգացման կարեւորութեան, շեշտելով երկու երկիրներու խորհրդարանական կապերու ամրապնդումին եւ տնտեսական պատուիրակութիւններու այցելութեանց բազմապատկումին կարեւորութիւնը։

Սապպաղ յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ տարիներէ ի վեր մղուած պատերազմը Սուրիան իր սկզբունքներէն ու կեցուածքներէն շեղելու համակարգուած ճիգ է։
Սապպաղ դատապարտեց Դամասկոսի մէջ Իրանի հիւպատոսութեան վրայ իսրայէլեան գրոհը, զայն միջազգային ոճիր համարելով։

Իր կարգին դեսպան Գէորգեան լուսարձակի տակ առաւ երկու բարեկամ երկիրներու սերտ յարաբերութիւնը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի խորհրդարաններու յարաբերութեան զարգացման կարեւորութիւնը։
Գէորգեան դատապարտեց Կազզայի մէջ Պաղեստինի ժողովուրդին ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ Դամասկոսի մէջ իրանեան դեսպանատունը թիրախ ընտրած իսրայէլեան յարձակումը, զայն բարբարոսական գրոհ համարելով։

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Սուրիոյ Խորհրդարանի գրասենեակի անդամներ, սուրիական-հայաստանեան խորհրդարանական բարեկամութեան յանձնաժողովի նախագահն ու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Դամասկոսի մէջ Հայաստանի Դեսպանութեան խորհրդատու Վարդան Ադամեան։