Երբ կը խօսինք գրողին տեղին մասին, կը նշանակէ, որ այդ գրողին դեր մը կը վստահինք նոյն այդ ընկերութեան մէջ: 19-րդ դարուն հայ գրողը ոչ միայն տեղ, այլ եւ շատ հիմնական դեր ունէր ընկերութեան մէջ: Օրուան ամէնէն հրատապ հարցերուն մասին գրողները ըսելիք ունէին, եւ այդ ըսելիքը լրջօրէն կ’ընկալուէր ընթերցող հասարակութեան կողմէ, որոշիչ դեր կատարելով այդ հասարակութեան կեցուածքին մէջ: Այսօր արդէն 21-րդ դար մտած, Սփիւռքի մէջ հաստատուած հայ գրողին տեղին եւ դերին քննարկումը նոր մօտեցումի կը կարօտի:
Իրապէս տեղ ունի՞ այսօր հայ գրողը իր ապրած ընկերութեան մէջ. ո՞ւր է այդ տեղը եւ ի՞նչ է գրողին դերը:
Գլխաւոր հարց մը ինքզինք կը զգացնէ՝ այդ դերը ընկերութիւնը ի՞նքն է, որ կու տայ գրողին, թէ՞ գրողը ինք կը վերցնէ զայն իր ուսերուն:
Գաղութները վերջերս, քաղաքական թէ ընկերային պատճառներով, սկսած են այնքան տարբերիլ իրարմէ, որ գրեթէ անկարելի կը դառնայ գտնել լուծումներու այնպիսի առաջարկութիւններ, որոնք ընդհանուր յայտարար դառնան գաղութները յուզող հարցերուն համար: Բայց այստեղ պիտի փորձենք լայն գիծերու մէջ քննարկել կացութիւնը:
Նկատի առնելով, որ գրեթէ բոլոր գաղութներն ալ կը շարունակեն իրենց կէթոյական գոյութիւնը՝ իրենց շրջանակներուն մէջ փակուած, կրնանք նշել այն քանի մը կէտերը, որոնք կը յատկանշեն զանոնք.-
1.- Այստեղ ոչ միայն մշակոյթը, այլեւ գրականութիւնը երկրորդական, նոյնիսկ երրորդական կարգի զբաղումներ են ընկերութեան համար: Գրողը կը յիշուի միայն, երբ անոր մտաւորականի, եւ ոչ ստեղծագործողի կարիքը զգացուի, ինչպէս օրինակ երբ դասախօսութեան մը կամ հանդիսութեան մը համար դուրսէն դասախօս հրաւիրելու պիւտճէ չկայ եւ կազմակերպողները ստիպուած կ’ըլլան տեղական ուժերով գոհանալ (ինչպէս կը սիրեն ըսել):
2.- Գրողի մը դերին գլխաւոր բեմը մամուլն է: Բայց ընթերցող հասարակութիւնը ոչ մէկ հակազդեցութիւն կը ցուցաբերէ: Արտայայտուած գաղափարները կրնան նոր ըլլալ, կրնան անյարիր ըլլալ ընթերցողին, բայց անորմէ լսուածը միայն լռութիւն է, որ պերճախօս իսկ չէ: Այս կացութիւնը ամբողջապէս կը հակադրուի նախկին վիճակին, երբ ընթերցող հասարակութիւնը իր խօսքը ունէր հրատարակուած նիւթերուն առնչութեամբ:
3.- Տակաւին կայ կուսակցութիւններու դիրքորոշումը, որ կրնայ պատճառ դառնալ, որ գրութիւն մը լոյս չտեսնէ, կամ խօսք մը ճամբայ չգտնէ դէպի ընթերցող հասարակութիւնը: Այս պարագային ի՞նչ դերի մասին կարելի է խօսիլ:
Յաճախ ըսած եմ, որ գրող մը իր գեղարուեստական գործերուն համար կրնայ կարծիք կամ գնահատանք չսպասել, որովհետեւ այդ գրուածքները թէեւ ուղղուած ընթերցողին, գրուած են ներքին պահանջ-գոհացումի մը զսպանակներով: Սակայն երբ հասարակութիւնը յուզող հարցի մը մասին է գրուածքը, որուն համար գրողը միայն լռութիւն կը քաղէ, այդտեղ սխալ դրուածքի մը հոտը պէտք է առնել:
Ոչ միայն Հալէպի նման աւանդապահ գաղութ մը, այլեւ միջազգային գրական հրապարակը գրողներու երկու գլխաւոր եւ տարբեր խմբաւորումներ ունի.
ա- կան աւանդապահները, որոնք էութեամբ աւանդապահ են, եւ որոնց համար հայ գրողը հայ է, գրող ըլլալէ առաջ (թէեւ բնաւ ճիշդ չէ այս երկուքը անջատել), եւ ուրեմն «ի ծնէ» յանձնառութիւն մը ունի՝ ծառայել հայութեան, եզր մը ասիկա, որ կրնայ յստակ չըլլալ իրեն համար, բայց որ կը ստիպէ զինք «երգել» այդ հայութիւնը, յօդուած գրել այդ մասին, բանախօսել Ապրիլ 24-ին, Վարդանանց տօնակատարութեան եւ այլն:
բ- եւ կան անշուշտ արդիականները, որոնց միակ յանձնառութիւնը գրականութեան հանդէպ է, համոզուած, որ ներքին ամուր կառոյց ունեցող հայը նախ անպայմանօրէն «հայութիւն» պիտի երգէ, ի՛նչ ալ ըլլայ իր կշռոյթը, եւ երկրորդ՝ հայութիւնը աւելի ապրելու յատուկ եզր մըն է, քան՝ ծանուցելու:
Այս երկու խմբաւորումներուն համար գրողին տեղն ու դերը շա՜տ տարբեր, նոյնիսկ հակասական հասկացողութիւններ ունին:
Աւանդապահ գրողին տեղը.-
Եթէ բիրտ ըլլալու չափ յստակ եւ կտրուկ ձեւով ըսենք՝ քարոզիչի ամպիոնին, պարապ սրահի մը առջեւ:
Սրահը կրնայ պարապ չըլլալ. մտիկ ընողները սակայն անոնք են, որոնք պէտք չունին նման քարոզներու: Պէտք ունեցողներո՛ւն տեղն է, որ պարապ է:
Արդիական գրողին տեղը.-
Նոյնքան բիրտ եւ յստակ՝ դժուար է ճշդել: Եթէ միջազգային առումով նայինք, այդ տեղը չկայ ի սկզբանէ, որովհետեւ արդի գրողը կը հաւատայ, որ իր գրականութիւնը ոչինչ կ’ուզէ փոխել ընկերութենէն: Իրը այն գետակն է, որ իրեն եկողները կը զովացնէ, կը գոհացնէ, բայց ոչ մէկ օգուտ ունի երկրի տնտեսութեան (անշուշտ խօսքը հոս արեւմտեան չափանիշերով ժողովրդային գրականութեան մասին չէ, որ գիրքի մեծ եւ շահաւէտ շուկայ ունի):Այդ գրականութեան չգոյութիւնը կ’ազդէ անոնց, որոնք կը գուրգուրան անոր վրայ. իսկ գոյութիւնը աղիւս մը կ’աւելցնէ գրականութեան որմին, կը նորոգէ զայն, «բնակելի» կ’ընծայէ, ինչպէս նորոգուած հին ամրոց մը: Նոր ծածք, պատուհաններ, բացուող եւ գոցուող դռներ, ելումուտ, երբեմն «դաժան եւ շլխտի հով»… բայց բոլոր պարագաներուն ալ՝ շարժում:
Գրողին դերը այդ շարժումը ստեղծելն է, իսկ տեղը՝ յարատեւ փոփոխութեան մէջ:
Ի՞նչ կարելի է ըսել արդի ժամանակակից գրողին տեղին եւ դերին մասին մեր, Սփիւռքի գաղութներուն մէջ:
Բանավէճի նիւթ հաւանաբար …
Մարուշ Երամեան