Կիրակի, 31 Մարտին Ս. Յարութեան տօնին առիթով իր պատգամին մէջ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոս ըսած է.
«Ատրպէյճանի ծաւալապաշտական ու սադրիչ գործողութիւնները նորանոր պահանջներով չեն դադրիր, անոնք անմիջական սպառնալիքներ կը ստեղծեն Հայաստանի անվտանգութեան դէմ»:
«Յանցագործ դրսեւորումներով կը շարունակուին Արցախի պատանդառուած քաղաքական ղեկավարութեան եւ անօրինաբար գերութեան մէջ պահուող մեր զաւակներուն նուաստացումները, ինչպէս նաեւ արցախահայութեան իրաւունքներու անտեսման, Արցախի մէջ հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան իւրացման ու ոչնչացման անթաքոյց քաղաքականութիւնը», աւելցուցած է Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը:
Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը խօսած է ներազգային տարակարծութիւններն ու անմիաբանութիւնը յաղթահարելու ժողովուրդի պարտքին մասին:
«Չընկրկինք մեզ պատուհասած փորձութիւններուն դիմաց, չգործենք պարտուողական հոգեբանութեամբ եւ չվերածուինք վհատած ու տկար ազգի՝ վտանգելով մեր հայրենիքի ապագան եւ անկախ պետականութիւնը: Մեր ընթացքը չի վերջանար մեր մարտիրոսներու ու քաջորդիներու նահատակութեան վայրերուն մէջ եւ ոչ ալ Արցախի մէջ ձգուած շիրիմներուն մօտ», եզրափակած է Գարեգին Բ. Կաթողիկոս: