Հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց
Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ.
Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի,
Հինգշաբթի, 4 Ապրիլ 2024-ին,
առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Մեծի Տանն
Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի
հսկիչ Հոգշ. Տ. Ազատ Աբղ. Ֆիլիկեան,
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ
յաւուր պատշաճի քարոզեց:
Պատարագին ներկայ գտնուեցան նաեւ
Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան եւ
Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան:

Հայր Սուրբի քարոզին բնաբանն էր
Ղազարոսի յարութեան դրուագը, որուն
ընդմէջէն ան մատնանշեց Քրիստոսի
կողմէ մեզի ուղղուած երկու կենսական
դասեր.-
Ա. Աստուծոյ հանդէպ հաւատք
ցուցաբերել եւ կատարելապէս վստահիլ
Անոր:
Բ. Յոյս ունենալ Քրիստոսի նկատմամբ եւ
յոյսով սպասել Երկնքի Արքայութեան:

Հայր Սուրբը դիտել տուաւ, որ Քրիստոս
մեզի հոգեկան երջանկութիւն կը
պարգեւէ, մինչ աշխարհի ուրախութիւնը
ժամանակաւոր է: Հետեւաբար, Քրիստոս
իր աստուածային սէրը կ’արտայայտէ
արարածներուն նկատմամբ եւ մեզմէ սէր
կը սպասէ:

Այնուհետեւ, Հոգշ. Տ. Ազատ Աբղ.
Ֆիլիկեան խօսեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի
առաքելութեան մասին, հրաւիրելով
ժողովուրդը, որ իր ընտիր զաւակները
առաքէ Դպրեվանք՝ ուսանելու եւ
ապագային դառնալու ժողովուրդին
ծառայող հոգեւորականներ, ազգային
գործիչներ եւ դաստիարակներ:

Քարոզէն ետք, Սրբազան Հայրը
ամբողջացնելով, ժողովուրդին
պատուիրեց, որ իրենց լաւագոյն, ատակ
եւ առողջ զաւակները ուղարկեն
Դպրեվանք, որպէսզի ութ տարիներ
ուսանելով կատարելագործուին եւ
ժողովուրդին վերադառնալով իրենց
ծառայութիւնը մատուցեն, ինչպէս ՆՍՕՏՏ
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կ’ըսէ.
«Դպրեվանքը կը պատրաստէ գլխագիր
մարդը, որ պատրաստ է ծառայելու
եկեղեցւոյ, ազգին եւ ժողովուրդին»։