Անցնող քանի մը տարիներուն ընթացքին նկատելի փոփոխութիւն տեղի ունեցաւ տարածաշրջանին մէջ ազդեցութիւն բանեցնող ուժերու յարաբերակցութեան մէջ:
Այս փոփոխութիւնները համընկնեցան միջազգային հաւասարակշռութեան խախտումին՝ Չինաստանի եւ Ռուսիոյ, որպէս միջազգային բեւեռներ, ի յայտ գալէն եւ միաբեւեռ աշխարհին աւարտը յուշող զարգացումներէն ետք։
Կազզայի մէջ ծայր առած պատերազմը այդ ուժերու բախման բեմ հանդիսացաւ փաստօրէն, ի յայտ բերելով իսրայէլաամերիկեան զինուորական գործակցութիւնը ի դէմ պաղեստինեան դիմադրութեան զօրավիգ կանգնող արաբական եւ իսլամական կողմերու։
Դամասկոսի մէջ Իրանի հիւպատոսութեան հրթիռակոծումը ցոյց կու տայ, որ իսրայէլ Կազզայի մէջ ոչ մէկ ձեռքբերում կրցած է ունենալ, հակառակ ի գործ դրած սպանդին։ Այս կացութիւնը զինք կը մղէ սպառնալու տարածաշրջանային այլ ուժերու, ցոյց տալու պատերազմի տարածքը ընդլայնելու հնարաւորութիւններ, հրթիռակոծելով անուղղակի թիրախներ, յատկապէս տագնապալի շրջաններու մէջ, ինչպէս՝ Սուրիոյ։
Յստակ է սակայն, որ Իրան պատերազմի մէջ ներքաշուելու ծուղակը պիտի շրջանցէ, պահել ջանալով իր դիրքերը ինչպէս Հարաւային Կովկասի, այնպէս ալ Միջին Արեւելքի մէջ։
Փոխադարձ հրթիռակոծումներու ալիքը կրնայ ընդլայնիլ սակայն, մինչեւ ուժերու վերահաստատման պատկերին յստակացումը։
Այս բոլորին լոյսին տակ Թուրքիան երկկողմանի քաղաքականութիւն կը վարէ, մէկ կողմէ սպառնալով Իսրայէլի, իբրեւ պաղեստինցիներու սպանդը դատապարտող իսլամ երկիր, միւս կողմէ սակայն, բացայայտօրէն, զէնք ու վառելանիւթ վաճառելով Իսրայէլի։ Թրքական ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ ոչ մէկ օր թիրախ դարձած է ամերիկեան կամ իսրայէլեան ուժերու, որովհետեւ ներքին համաձայնութեան գիծ մը կայ այս կողմերուն միջեւ՝ տարածաշրջանի ուժերու հաւասարակշռութեան ապահովման իմաստով։
Թուրքիա պիտի չուզէ տեսնել ոչ ռուսական, ոչ ալ իրանեան ազդեցութեան զարգացումը Միջին Արեւելքի մէջ, ան բռնագրաւած է սուրիական տարածքներ ու իր կարգին սատարած ահաբեկչական գործողութիւններու եւ ահաբեկիչներու տեղափոխման տարածաշրջանին մէջ, սակայն ոչ մէկ դատապարտման արժանացած է տարածաշրջանի ուժերուն կողմէ, ոչ ալ Սուրիոյ մէջ իր ուժերը որեւէ ազդեցիկ խաղացողի կողմէ հրթիռակոծման ենթարկուած են։ Սուրիան իր ճիգերով կը պայքարի թրքական ուժերուն դուրս բերման համար, ապաւինելով պարզապէս իր դաշնակիցներու դիւանագիտական աջակցութեան։
Ուժերու հաւասարակշռութեան հաստատման նոյն մրցավազքը տեղի կ’ունենայ Հարաւային Կովկասի մէջ։ ՆԱԹՕ-ն եւ Արեւմուտքը կը ջանան սահմանափակել ռուսական ազդեցութիւնը, նոյնպէս շրջապատել Իրանը՝ օգտագործելով այս անգամ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան։
Եւ որքան որ Սուրիան դարձած է միջազգային ուժերու բախման թիրախը, նոյնքան ալ Հայաստան այս օրերուն կ’ապրի ճակատագրական պահեր՝ աշխարհաքաղաքական զարգացումներու եւ միջազգային հաւասարակշռութեան վերաձեւաւորման լոյսին տակ։
Երկու երկիրներուն համար ճակատագրական այս օրերուն դիւանագիտական աշխատանքին կողքին անհրաժեշտ է տարածքային ամբողջականութեան եւ  ինքնիշխանութեան ամրագրման համար համաժողովրդային պայքար, ամուր բանակ ու ազգային շահերուն կառչած մնալու յանդուգն քաղաքականութիւն, որպէսզի կարելի ըլլայ  պաշտպանուիլ ու հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարել, առանց ներքաշուելու տարբեր կողմերու մրցավազքի ճահիճին մէջ։