Հայաստանի մէջ վերջերս յաճախ կը խօսուի ժողովրդավարութեան կիրարկման նուաճումներուն մասին, նոյնիսկ միջազգային հարթակներու վրայ Հայաստանի վարչապետը կը հաստատէ, որ երկիրը նուաճած է ժողովրդավարութեան նկատառելի մակարդակ մը եւ կը պատրաստուի համարկուիլ Եւրոպական Միութեան ժողովրդավարական համակարգին։
Միւս կողմէ սակայն Հայաստանի Հանրապետութենէն հողեր յանձնելու իշխանութիւններու պատրաստակամութիւնը _ առանց նկատի առնելու ժողովուրդին պատմական իր հողին կառչած մնալու վճռակամութիւնը եւ յանձնումի քաղաքականութեան մերժումը _ կը շշմեցնէ։ Հայոց պատմութեան դասագիրքերու ճակատագրական փոփոխութիւնը, որ հարցականի տակ կը դնէ մեր պատմութիւնը, մեր աշխարհագրութիւնը _ առանց այս ոլորտի մասնագէտներու շօշափելի տոկոսին հետ քննարկումներ վարելու _ կը զայրացնէ։ Մշակութային կեդրոններու փակուիլը _ առանց արուեստի ու մշակոյթի մէջ պատմութիւն կերտած արուեստագէտներու կարծիքը լսելու _ կ’ընդվզեցնէ, այնպէս ինչպէս Արցախը Ատրպէյճանի մաս յայտարարելու վարչապետին որոշումը արհամարհած  ու ընդվզեցուցած էր Արցախի բնիկ ժողովուրդն ու բռնի տեղահանման ճամբայ հարթելով արցախցիին իրաւունքները ոչ միայն ոտնահարած, այլեւ հետագային վերականգնելու ուղիներն անգամ փակած էր։
Տակաւին սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցով, արեւմտեան երկիրներու տարածաշրջանի հանդէպ վարած քաղաքականութեան վստահելով, ընդդիմութեան ու ժողովուրդին պարզած տագնապները աչքաթող ընելով ու ներքին միասնութեան ամուր պատնէշի ստեղծման կարեւորութիւն չտալով, իշխանութիւնները կը հաստատեն, թէ իրենց վարած քաղաքականութիւնն է միակ երաշխիքը երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը պահպանելու ու յարձակողապաշտ դրացի երկիրներու ախորժակներուն վերջ տալու։ Տայ Աստուած այդպէս ըլլայ, բայց անցնող տարիներու կարգ մը երկիրներու պարզած վիճակը այս լաւատեսութիւնը կը հաստատէ՞…
9 Ապրիլին, Ազգային Ժողովի մէջ ընդդիմութեան առաջարկով հրաւիրուած սահմանազատման եւ սահմանագծման օրակարգի քննարկման նիստին, որ սովորաբար իշխանութեան հրաւէրով կրնար իրականանալ ժողովրդավար երկրի մը մէջ, ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան ելոյթ ունենալով կը շեշտէր.
«Այսպիսի գործընթացի մէջ մտնելով հայկական կողմը փաստօրէն պատրաստակամութիւն կը յայտնէ սահմանազատում եւ սահմանագծում իրականացնելու Ատրպէյճանի կողմէ ուժի սպառնալիքներու կիրառման պայմաններուն մէջ: Իսկ նման պարագայի, եթէ այդ սպառնալիքները վերածուին գործի, մեզ այլեւս ոչ ոք _ եթէ ուզէ
անգամ _ կրնայ օգնել:
Ժամանակն է, որ մեր ժողովուրդը յստակօրէն գիտակցի նման ձեւով հակառակորդին տարածքներ յանձնելու այս իշխանութիւններու վարած քաղաքականութեան ծանր հետեւանքներուն:
Տաւուշեան գործընթացին մէջ ակնյայտօրէն կը դրսեւորուի մեզի զիջումներ պարտադրելու այս իշխանութիւններուն ձեռագիրը»:
Տարածաշրջանի մէջ որպէս ինքնիշխան ու ազատ երկիր գոյատեւելու քաղաքականութիւնը կը թելադրէ ժողովրդավարութեան լիիրաւ իրագործում, որպէսզի համախմբուած ուժերով, կարծիքներու բիւրեղացումով ուրուագծուին տարածաշրջանի մէջ Հայաստանի ռազմավարութիւնը եւ տարբեր կողմերու հետ յարաբերութեան որակն ու եղանակը, առանց իյնալու Վրաստանի կամ Ուքրանիոյ նման երկիրներու խոստացուած ու չիրականացած զինուորական կամ տնտեսական զարգացման ծրագիրներու ոլորապտոյտին մէջ, յատկապէս նկատի առնելով որ Հարաւային Կովկասի մէջ ՆԱԹՕ-ի ներկայացուցիչը Թուրքիան է. այն Թուրքիան, որ ժամանակի ընթացքին հայկական աշխարհէն այնքան հողեր բռնագրաւած է, իսկ վերջին պատերազմին Ատրպէյճանը զինած ու անոր յարձակողապաշտ քաղաքականութեան հիմնական մղիչը դարձած։