Երկու նուիրեալ դէմքեր, գիր-գրականութեան եւ Մեսրոպեան աւանդի լիբանանահայ երկու սպասարկուներ, որոնց մասին պիտի խօսինք անցեալ ժամանակով, քանի որ երկուքն ալ հեռացած են այս աշխարհէն։ Վազգէնը՝ 1996-ի Սեպտեմբերին, Պէյրութ, իսկ քոյրը՝ Գեղանին, 2022-ի Հոկտեմբերին, Երեւան։
Ես օրդ. Գեղանին ճանչցայ շա՜տ ուշ, քանի մը տարի առաջ, Պիքֆայայի Դպրեվանք (ուր կը պաշտօնավարէր այն ատեն) տրուած կարճ այցելութեան մը ընթացքին, անցողակիօրէն, իսկ Վազգէնը չեմ ճանչցած բնաւ։
Էթիեմեզեաններուն արմատը Հալէպէն էր, բայց իրենց ազգային ծառայութեան դաշտը տեւաբար հանդիսացաւ Լիբանանը, ուր, հրկիզուող մայրիներու բոցերուն մէջ անգամ՝ Էթիեմեզեանները մնացին պատնէշի վրայ…։
Հիմա, երբ անոնք չկան, ուրախալի է տեսնել, թէ մեր սեղանին վրայ դրուած են երկու նորատիպ գիրքեր, որոնք կը միտին փրկել յիշատակն ու գիրը քոյր-եղբայր Էթիեմեզեաններուն, անջատաբար։
Ես կը հաւատամ տպագիր խօսքի տոկունութեան, նոյնիսկ՝ յաւերժութեան։ Մարդ անհատին Ֆիզիքական անէացումէն ետք ի՞նչ կը մնայ իրմէ…։ Ոմանք կ’ըսեն՝ «բարի անուն մը», «քաղցր յիշատակ մը»։ Աննիւթական հասկացութիւնները, սակայն, կրնան դիմադրել դարերու մաշեցնող, հարթող գլանին՝ եթէ գրաւոր-տպագիր աւանդ մը կայ մէջտեղը։ Այլապէս, ո՛չ մէկ յիշատակ կամ անուն կրնայ տոկալ մէկ-երկու սերունդէ անդին…։
Էթիեմեզեաններու գիրն ու յիշատակը փրկուած է ուրեմն։ Կրնանք «խօսիլ» իրենց հետ, «լսել» զիրենք՝ իրենց տպագիր գործերուն ճամբով։
Եկէ՛ք թակենք անոնց դուռը զատ-զատ։
Ա)  «ՍՏՈՒԵՐՆԵՐ» (Գեղանի Էթիեմեզեանի)
Իմացայ, թէ այս փոքրածաւալ գիրքը ունեցած է երկու անջատ տպագրութիւն. մին՝ Երեւան, հեղինակուհիին մահէն տարի մը առաջ, միւսը՝ Պէյրութ, 2022-ին (տպ. Զաւէն եւ որդիք)։
Ընտանեկան յիշատակարան մըն է այս։
Գեղանին (ծն.1944) ունեցեր է երեք եղբայր եւ երկու քոյր։ Բոլորն ալ այս աշխարհէն մեկներ են իրմէ առաջ…։ Գիրքին մէջ կը խօսի անոնց մասին, կը բնութագրէ զանոնք մէկ առ մէկ, սեղմ, ստուերային պատկերագծումներով։ Կարծէք ընտանեկան ալպիւմ մը կը բանայ ու հոն տեղադրուած սեւ-ճերմակ լուսանկարները հերթով կը ցուցադրէ մեզի, այնտեղ արձանացած իւրաքանչիւր դէմքի մասին անպայման պատմելիք բան մը գտնելով…։
Անմոռանալի յուշեր ունի Հալէպէն, ուր անցած է իր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը։ Շրջանաւարտ եղեր է Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանէն, 1965-ին։
Օ՜, ինչե՜ր կը յիշէ Նոր Գիւղի փողոցներէն, տուներէն, մարդոց առօրեայ կենցաղէն։ Հանրային բաղնիքներու մէջ առնուած լոգանքը, զորօրինակ, որքա՜ն տպաւորեր է մանուկի իր հոգին. «…Ճամբայ իյնալ մեծ ծրարներով։ Հագուստ, կարպետ, օճառներ, ցամքոցներ եւ մանաւանդ նարինջ ու պանիր՝ անհրաժեշտ մանրամասնութիւններն էին։
Ժամեր կը տեւէր մեր լոգանքը։ Քանի մը անգամ կը լոգցնէին մեզ, որովհետեւ բաղնիքին խոնաւ, ջրաշոգիով յագեցած կիսամութ անցքերուն մէջ, կաւի, օճառի ջուրերու հոսքին մէջ իյնալով՝ քանի մը անգամ լուացուելու կարիքը կը ստեղծէինք։ Տօնակատարութիւնը կ’ամբողջանար բաղնիքի մուտքի ՛՛սետիր՛՛-ներուն վրայ, հագուստները հագնելէ ետք, նարինջի ու պանիր-հացի հիւրասիրութեամբ»…։
Նոյնքան երանաւէտ զգացումներով կը յիշէ իր մօրեղբօր բակով տունը, «անցանկապատ, լեռան գլուխը, քանի մը սենեակներով», շուրջը՝ խնձորենիներ, վարդի թուփեր, ռեհան ու մեղրածաղիկ…։ Իսկ այդ տան տանիքը քնանալու փորձառութիւնը՝ ամռան արձակուրդի գիշերներուն, աստեղազարդ բաց երկնքին տակ, տարեկից փոքրահասակ երկու զարմիկներուն հետ կողք-կողքի, երջանկութենէն աւելի՛ բան մը եղած է իրեն համար։ «Աստղերն ու մօտակայ ծառերուն բոյրը հեքիաթային մթնոլորտ մը կը ստեղծէին, ու ես՝ հեքիաթասացս, երբեմն չէի անդրադառնար որ արդէն մշիկ-մշիկ քունի են անցած մօրեղբօրս աղջիկները…»։
Նախակրթարանի տարիներէն ան կը յիշէ կարգ մը ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ։ Առաջինը՝ օրդ. Սիրանոյշը, «որ մարմնացումն էր այդ օրերու մանկավարժական արմատացած սկզբունքներուն։ Մէկ թեւը մնայուն անշարժ էր, իսկ մատները՝ միշտ ձեռնոցի մը մէջ պահպանուած։ Միւս ձեռքը ամբարած էր արտակարգ ուժականութիւն մը։ Կը դասաւանդէր աշխարհագրութիւն» (հեղինակուհին թէեւ մականուն չի տար, բայց ակնյայտ է որ խօսքը կը վերաբերի Հալէպի Կրթասիրաց աղջկանց վարժարանի երբեմնի ուսուցչուհի օրդ. Սիրանոյշ Էլէյճեանին)։ Նոյն դպրոցէն կը մտաբերէ Պետրոս խոճան (= Տէր Պետրոսեան), երգի ուսուցիչը, «հաստ ապակիներով իր ակնոցով ու մանաւանդ՝ իր կաղ ոտքով»։
Յետոյ կը յիշէ Արմէն Անոյշը, որ Հայկազեան վարժարանի տնօրէնն էր ու նաեւ՝ հայոց պատմութեան ուսուցիչ եւ իր աւանդած դասանիւթի դասագրքին հեղինակը։ Կարճահասակ անձ մը՝ մեծ գլխարկով։ «Տնօրէնի հանգամա՞նքը, պատմելո՞ւ ոճը, թէ՞ դասագիրքին հեղինակ ըլլալը՝ ակնածանքի պարտաւորեցնող զգացողութիւնը կ’արթնցնէին ու շրթներէն կախուած՝ բառը բառին կը հետեւէի։ Առիթով մը, երբ իրմէ ետք դասը պատմելու հերթը ինծի հասաւ, նոյն ոգեւորութեամբ յաջողեցայ ներկայացնել պատմուածը։ Իր թելադրանքով՝ ընկերներս ծափահարեցին, ու դարձայ իր աստղը»։ Իսկ Ճեմարանի տարիներէն կը յիշէ հայերէնաւանդ երկարամեայ ուսուցիչ Մկրտիչ Մկրտիչեանը, որ «մեր շարադրութեան իւրաքանչիւր բառը կը մաղէր ու իր սուր քննադատութեամբ կը ձեւաւորէր մեզ՝ բառերը ընդունելու իբրեւ գանձ եւ աշխարհ»։ Կը պատմէ որ անգամ մը իր շարադրական պարտականութեան մէջ մէկու մը հասցէին գործածեր էր «որձեւէգ» բառը եւ ատով՝ պատճառ դարձեր էր որ պր. Մկրտիչեան գայթակղի։«Այս բառը քու գլուխէդ վե՜ր է»,_ յանդիմաներ էր զինք ուսուցիչը…։
Գեղանիին կեանքը հուն եւ ճակատագիր կը փոխէ 1965-ին, երբ ան Հալէպէն կը փոխադրուի Պէյրութ, բարձրագոյն ուսման նպատակով։ Հոս, նոյն տարին, «ժամանակաւոր» կերպով ուսուցչական պաշտօնի կը կոչուի Ազգ. Նուպարեան վարժարանէն ներս։ Ու երեւակայե՜լ, որ այդ «ժամանակաւոր» պաշտօնը պիտի երկարէր ամբողջ կեանքի մը վրայ՝ լման 55 տարի…։ Արդարեւ, 24 տարի Նուպարեանի մէջ գործելէ ետք (13 տարին՝ իբրեւ տնօրէնուհի), 1989-էն սկսեալ ալ՝ լման քառորդ դար կը վարէ տնօրէնութիւնը Ազգ. Աբգարեան երկրդ. վարժարանին։
Արդի՞ւնքը։ Օր մըն ալ առաջնորդարան կը կանչուի ու «փափկանկատութեան ամբողջական բացակայութեամբ եւ առանց նախաբանի» իրեն կը հաղորդուի, թէ «յառաջիկայ տարի պիտի դադրիք աշխատանքէ»…։ Իջած էր վարագոյրը…
Իր կէս դարու կրթանուէր կեանքէ՛ն ալ դրուագներ պատմած է Գեղանին։ Զորօրինակ, յիշած է հայոց պատմութեան ուսուցիչ պր. Արտաշէսը (= Տէր Գէորգեան), որ «Թիրօ թաղին մէկ անկիւնը գետնայարկի մը մէջ կ’ապրէր։ …Գիրքերով ծանրաբեռնուած սենեակ-տունը մահճակալի մը տեղը հազիւ ունէր։ Խոնաւութիւնը, առողջապահական պայմաններու բացակայութիւնը ինչպէ՞ս կը բաւարարէին իր շնչելու պահանջը, կը հարցնէի ինքզինքիս, երբ կ’այցելէի իրեն»։
Հապա՞ Նուպարեան վարժարանի երկարամեայ մանկապարտիզպանուհի օրդ. Ծաղիկը։ Ա՜հ, որքա՛ն խնայասէր եղեր էր ան։ «Ձեռային աշխատանքներու ամենամանր մնացորդները բծախնդրութեամբ կը պահէր։ Ազգին դրամն էր։ Պէտք չէր վատնել»։ Անո՛ր ալ մայրամուտը տխուր պիտի ըլլար։ Ծանօթները զինք տեղաւորեր էին ծերանոց, կիսախելագար պառաւներու դրացնութեամբ…։ «Տո՛ւնս տարէք զիս»,_ խնդրեր էր հէք ուսուցչուհին իր շուրջիններէն տեւաբար։ Ու օր մըն ալ՝ «մահացաւ լուռ ու մունջ եւ անտէր-անտիրական թաղուեցաւ»…։
Բ) «ՇԱԲԹՈՒԱՆ ՄՏԱԾՈՒՄԸ» (Վազգէն Էթիեմեզեանի)
Զինք մօտէն ճանչցողներու հաւաստիացումով՝ Վազգէնը եղած է լուրջ, խոհական, իր ուրոյն աշխարհը ունեցող եւ ընդհանուր զարգացումի տէր եզակի մտաւորական մը։ Ոմանց կարծիքով՝ այլախոհ-իմաստասէր մը։ Քոյրը՝ Գեղանին, իր մասին գրած է. «Չպեղուած քարահանքի նման էր։ Միշտ ապրած եմ զինք լաւապէս չճանչնալու զգացողութիւնը» («Ստուերներ», էջ 26)։
Վազգէնն ալ ծնած էր Հալէպ (1943), հոն ստանալով իր հիմնական ուսումն ու հայեցի դաստիարակութիւնը։ Քսան տարեկանին փոխադրուած էր Պէյրութ։ Գրական շեշտուած հետաքրքրութիւններ ունենալով հանդերձ՝ կեանք ու ապրուստ շահած էր արհեստներով, երբեմն՝ «սեւ» աշխատանքով։ Շրջան մը (1968-1975) ճամբորդեր էր մինչեւ Գանատա, համալսարանական ուսման դիտաւորութեամբ. խորացուցեր էր իր գրականագիտական եւ իմաստասիրական գիտելիքները, նոյնիսկ տարուեր էր կրօնական փիլիսոփայութեամբ…։ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը հազիւ բռնկած՝ Վազգէն վերադարձեր էր ընտանիքին մօտ, Պէյրութ, ու ա՛լ հոնկէ չէր հեռացած։ Կազմեր էր սեփական ընտանիք, բախտաւորուեր էր զաւակներով, դասաւանդել սկսեր էր հայկական վարժարաններու մէջ, աշխոյժ աշխատակից դարձեր էր հայ մամուլին։
Վազգէնին գրչի վաստակը, որ մասամբ կը կրէ հրապարակագրական բնոյթ ու մասամբ ալ՝ գրականագիտական, կը տարածուի նախ Գր. Շահինեանի «Ահեկան» պարբերականին ու Սիմոն Սիմոնեան\Գէորգ Աճէմեանի «Սփիւռք» շաբաթաթերթին էջերուն (60-ականներ ու 70-ականներ), այնուհետեւ՝ «Ազդակ» օրաթերթի, «Ազդակ Շաբաթօրեակ-Դրօշակ»-ի ու «Բագին» ամսագրին վրայ։
Ան, 80-ականներու երկրորդ կէսէն ետք, գրաշարութիւնը ընտրած էր իբրեւ ազատ ասպարէզ՝ կեանքի կոչելով «Մորմոք» գրաշարատունը։ Մահացած էր անակնկալօրէն, 53 տարեկանին։
* * *
Վազգէն Էթիեմեզեանի կանխահաս մահէն աւելի քան քառորդ դար ետք, այսօր, լոյսին եկած է ահա իր անունը կրող առաջին գիրք մը, որ մկրտուած է «Շաբթուան մտածումը» խորագրով (2023, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն)։ Այս գնահատելի նախաձեռնութիւնը կը պարտինք Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդր. Կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին, որ գաղափարակից ողբացեալ ընկերոջ մը գրական թողօնը փրկելու ջանադրութեամբ՝ այդ վաստակին մէկ բաժինը տպարան կը յանձնէ, խմբագրական աշխատանքն ալ վստահելով ծանօթ մտաւորական Վիգէն Աւագեանին։ Հատորը գեղատիպ է ու ճաշակաւոր, խմբագրական աշխատանքը՝ բծախնդիր ու գրեթէ անվրէպ։
Գիրքը շնորհանդէսի մըն ալ արժանացած է անցնող Մարտ 29-ին։
Վ. Աւագեան իր նախաբանին մէջ բացատրութիւններ կու տայ գործին բնոյթին ու պարունակութեան մասին։ Կ’ըսէ, թէ այս հատորին կողքին տակ ի մի բերուած են Վազգէնին քաղաքական-քաղաքագիտական ու ընկերային-իմաստասիրական դրոշմ կրող այն քրոնիկները, որոնք «Շաբթուան մտածումը»  ընդհանուր վերնագրին տակ լոյս տեսած էին «Ազդակ Շաբաթօրեակ-Դրօշակ»-ի մէջ, 1981-1985, մի՛շտ Վարազդատ գրչանունով։ Ըստ Աւագեանի, այս գրութիւնները կը պատկանին հրապարակագրութեան սահմանումի ժանր-ին, այսինքն՝ ասոնցմով հեղինակը կը փորձէ սահմանել ազգային-քաղաքական յղացքներ եւ լուսարձակ կը բանայ մեր կազմակերպչական կեանքին հայող ընդհանրական երեւոյթներու վրայ։ Տեսակ մը գաղափարախօսական հրապարակագրութիւն։
Թէ Վարազդատի այս էջերը, 40 տարի ետք, որքանո՞վ կրնան գոհացնել նորահաս ընթերցողներու ակնկալութիւնները կամ որքանո՞վ կրնան հասկնալի դառնալ մերօրեայ ընթերցողին՝ վիճարկումի նիւթ է անշուշտ։ Այս կէտը կը մատնանշենք՝ նկատի ունենալով հեղինակին արտասովոր ոճն ու բառամթերքը, որ,_ անկեղծ խօսք,_ մատչելի չէ հայ ընթերցող խաւի ջախջախիչ մեծամասնութեան։ Ներկայացուած հարցերն ու արծարծուած նիւթերը, արդէն, հրապարակագրին որդեգրած ժանրին իսկ բերումով, յստակացում կամ եզրայանգում չունին ընդհանրապէս, այլ կը կատարեն լոկ սահմանումներ։ Հոն գրեթէ չէք գտներ անուն, տեղանուն, թուական ու նմանօրինակ շօշափելի տուեալներ։ Կայ միայն մատնանշուած երեւոյթի մը հպանցիկ ախտորոշումը՝ ընդհանուր գիծերու մէջ։ Ասոր վրայ բարդեցէ՛ք հեղինակին լեզուէն, ոճէն ու խրթին գրելաձեւէն բխած խոչընդոտող ազդակներն ալ, կ’ունենաք հանգոյցներու շարան մը, որ պէտք ունի… Աղեքսանդր Մակեդոնացիի մը թուրին։
Ահա՛ պատահականօրէն ընտրուած առանձին պարբերութիւն մը (էջ 296-97).
_ Ճիշդ է որ սկզբնապէս բնականօրէն աւելի թուող երեւոյթներ ու գործունէութիւններ, կեանքի փորձառութեան ու հասունութեան ձեռքբերման, ինչպէս նաեւ ուրիշներու ճաշակին ժողովրդավարօրէն ու հանդուրժողաբար տեղ բանալու եւ, առանց անպայման զայն իւրացնելու, այդ ճաշակին իւրայատկութիւնը ըմբռնելու ճամբով, տրամախոհական հաշտութեան մը մթնոլորտը կ’առաջացնեն անհատներու մօտ, բայց նոյնքան ճիշդ է որ բնազդօրէն ու զգացականօրէն սկզբնապէս ատելի թուող երեւոյթներ իրենց ատելիութեան վերահաստատումը կը գտնեն նոյնիսկ յաւելեալ գիտակցութեան ու հանդուրժողութեան ձեռքբերումէն ետք։
Տասը տողնոց այս գեր-երկար նախադասութիւնը շնչասպառ կարդալէ ետք՝ ի՞նչ կը հասկնանք։ Դժուար է եզրակացնել։
Ամբողջ գիրքը, իր 344 էջերով, կը շնչէ նոյն «ծանր» մթնոլորտով։ Ասիկա կը թուի թէ Վազգէնին բնորոշ ոճն է, որ սակարկութեան ենթակայ չէ անշուշտ։
Եթէ հատորին 109 քրոնիկներէն ընտրութիւն մը կատարելու պարտաւորութեան տակ ըլլայինք, մենք պիտի ջոկէինք երկու յօդուած՝ էջ 107-ի «Ողբը խիղճի խայթ է»-ն եւ էջ 332-ի «Հրաժարի՛մք»-ը։ Վազգէնին ազգային ու մարդկային  «հաւատամք»-ը պարզաբանող, յստակ դիտարկումներ կատարող ուշագրաւ էջեր են ասոնք։
Կը մնայ սպասել, որ մօտիկ ապագային Գանատայի մէջ լոյս տեսնէ Վ. Էթիեմեզեանի գրական-գրականագիտական յօդուածներու ժողովածուն եւս (այդ մասին ակնարկութիւն կ’ընէ ներկայ հատորին նախաբանը), որպէսզի նոր վարագոյր մը բացուի մեր առջեւ ու վաղամեռիկ մտաւորականը մեր դիմաց կանգնի իր ամբողջական դիմագծութեամբ։
(շար. 1)
Լեւոն Շառոյեան