Ներկայ աշխարհին ընդհանրապէս ծանօթ է ամերիկեան սահմանադրութիւնը՝  հռչակուած 1787-ին եւ ճանչցուած որպէս հնագոյն սահմանադրութիւն, մարդու իրաւունքի եւ ազատութեան լուսարձակ մարդկային հետագայ շարժումներուն: Ապա 1789-ին Ֆրանսական Յեղափոխութեան հռչակագիրով հրապարակուած սահմանադրութիւնը, որ նոյնպէս առնչուած է մարդու իրաւունքներու եւ քաղաքացիութեան հետ, ապա լեհական սահմանադրութիւնը, հռչակուած՝  1791-ին:
Սակայն մեզի եւ աշխարհին քիչ ծանօթ են հայ միտքի լուսաւորութեան, զարթօնքի ու անոր գաղափարախօսութեան առնչուած հայեացքները ու զարգացման զանազան փուլերը՝ 17-րդ դարէն սկսեալ, որոնք կանխած են միջազգային գաղափարախօսութիւնը 14 տարիով, որպէս հասուն միտքի արգասիք։ Անոնց հրատարակութիւնը եւ տպագրութիւնը եւս կանխած են ամերիկեան սահմանադրութեան տպագրութիւնը ու կը մնան անկիւնաքարը համամարդկային միտքի զարթօնքին, ներկայանալով որպէս  մարդկային իրաւունքներու փաստագրական տուեալ՝ 1773-ին:
Ազատ Հայաստանի տեսլականն ու գաղափարը, մարդու իրաւունքները, որպէս միտք սկսած են կազմուիլ եւ բիւրեղանալ  17-18-րդ դարերէն սկսեալ, մասնաւորապէս հայրենիքէն հեռու, ծնունդ առնելով մետաքսի ճանապարհին վրայ:
Հայկական սահմանադրութիւնը որպէս գիրք անուանեալ «Որոգայթ Փառաց եւ Նշաւակ» հրատարակած է Շահամիր Շահամիրեանը 1773-ին, Մատրաս-Հնդկաստան:
Շահամիր Շահամիրեան ծնած է Նոր Ջուղա, Պարսկաստան, ապա՝ անցած Հնդկաստան որպէս վաճառական եւ քաղաքական ակնառու քարոզիչ:
Շահամիր Շահամիրեան եղբօր՝ Յակոբ Շահամիրեանի, Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեանի եւ այլ գործիչներու հետ զարգացուցած է սահմանադրական գաղափարները՝ տեսլական ունենալով ապագայ ազատագրուած Հայաստանի ստեղծումը:
Ան կը հաստատէ որ. «Որեւէ մարդ էակ, ըլլայ հայ կամ այլ ցեղի մասնիկ, այր կամ կին, ծնած Հայաստան կամ հոն հաստատուած այլ երկրէ, պէտք է ապրի հաւասարութիւն ու  ազատութիւն վայելելով իր բոլոր աշխատանքներուն մէջ: Ոչ ոք իրաւունք ունի գերեվարելու  անձ մը, իսկ բանուորները պէտք է վարձատրուին իւրաքանչիւր աշխատանքի  դիմաց»: Այս միտքը արձանագրուած է Հայոց սահմանադրութեան մէջ «Որոգայթ Փառաց, 1773 թ. Յօդուած 3.»:
«Որոգայթ Փառաց» կը յիշատակէ առաւելութիւնները  ներկայացուցչական պետութեան եւ անոր կարեւորութիւնը ընդդէմ միապետութեան, ապա  յաւելեալ կերպով կը բացատրէ, թէ հայերը ինչո՛ւ որպէս ընտրեալ ժողովուրդ պէտք է  ունենան իրենց օրէնքները, իրենց յատուկ «Նշաւակ»-ը. ան օրէնքի փաստաթուղթն է խմբագրուած 521 յօդուածներով, որ կը պարունակէ.
Մարդու ու կնոջ հաւասարութիւնը,
Մարդ էակին բացարձակ իրաւունքները,
Մարդու աշխատանքին գնահատականը,
Կը նկարագրէ անհրաժեշտութիւնը եկեղեցւոյ եւ պետութեան անջատման, պահելով եկեղեցականի ներկայութիւնը օրէնսդիր մարմիններուն մէջ,
«Որոգայթ Փառաց եւ Նշաւակ»-ը կը ներկայացնէ ժողովրդավարական ծրագիր մը՝ ուղղուած հայ տան (ազգային ժողով): Ծրագիրը կը պարտադրէ որբերով հետաքրքրուիլ, խմբագրուած է ծերերուն անկարողներուն ու հիւանդներուն հետեւելու յորդորով:
Այս աշխատանքի նախօրէին Շահամիրեան հրատարակած է նեղ եւ հակիրճ տետրակ մը, որ կոչուած է «Նոր  Տետրակ, Կոչի Յորդորակ», 1772-ին: Այս գիրքին նպատակն էր խրախուսել երիտասարդ հայը, որ ըլլայ տեղեկացուած եւ իրազեկ իր պատմական հայրենիքին եւ պետութեան գոյութեան:
Լուսաւորութեան եւ մշակոյթի սէրը մտաւոր եւ փիլիսոփայական կարեւոր շարժում մըն է, որ կը գերիշխէ գաղափարներու աշխարհին, ինչպէս նաեւ 18-րդ դարուն Եւրոպայի ազգայնամոլութեան վերելքին:
Լուսաւորութիւնը կ’ըլլայ աղբիւր նոր միտքերու եւ գաղափարներու, ինչպէս՝ ազատութեան, յառաջընթացի, հանդուրժողութեան, եղբայրութեան, սահմանադրական պետութեան  եւ եկեղեցին պետութենէն բաժնելու գաղափարին, ինչ որ կը համարուի գլխաւոր փիլիսոփայական  կռուանը նորակառոյց արեւմտեան քաղաքակրթութեան:
Կան բազմաթիւ տեսութիւններ այն մասին, թէ իրականութեան մէջ ի՞նչը նպաստած է լուսաւորութեան: Պատմաբաններու մեծամասնութիւնը համաձայն է այն կարծիքին, որ տպագրութեան գիւտը եւ գրագէտ բնակչութեան աճող թուաքանակը կարեւոր դեր ունեցած են լուսաւորութեան մէջ: Ինչպէս պատմութենէն գիտենք, Հայաստան ունի գրելու հարուստ աւանդոյթ, որ կը համարուի հայ ժողովուրդի գոյատեւման գլխաւոր գործօնը: Հակառակ Հայաստան ներխուժած բազմաթիւ կայսրութիւններու, հայերը կրցած են պահպանել իրենց լեզուն, կրօնքը եւ մշակոյթը՝ շնորհիւ գրականութեան հանդէպ իրենց տածած  բացառիկ սիրոյն: Այս իրողութեան խօսուն փաստը կը մնայ այսօրուան  Երեւանի մէջ գտնուող հին ձեռագրերու  պահեստարանը (Մատենադարանը), ուր կը գտնուի միջնադարեան ձեռագրերու եւ գրքերու աշխարհի ամենահարուստ պահեստներէն մէկը: Միւս կողմէ,  հայ անհատը՝ հայրենիքէն հեռու կամ հայրենիքի հողին վրայ, շուտով յափշտակած է տպագրութեան գիւտը, իւրացուցած զայն, զարգացուցած եւ տարածած աշխարհով մէկ:
Հետեւաբար զարմանալի չէ, որ հայերը սիրաշահեր եւ օգներ են լուսաւորութեան այն գործիչներուն, որոնք նպաստած են ազգային ազատագրութեան գաղափարին:
Հայերը միշտ ալ ընկալած են փիլիսոփայութիւնը եւ գրականութիւնը մեծ սիրով:  Յիշենք Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի միստիկները, հին հեթանոսական շարժումին մէջ Պօղոսեանները, կամ աշխարհիկ լուսաւորութեան շարժումները:
Այս նաեւ այն ժամանակահատուածն է, երբ հայերը կրցած են տնտեսական մեծ յաջողութիւններ նուաճել ու հայ վաճառականին  ներկայութիւնը պարտադրել՝ մետաքսի ու համեմունքներու միահիւսուած ճանապարհներուն խորքերէն մեծ կարողութիւններ  ձեռք բերելով, բացառապէս յաջող առեւտուրին հետեւանքով: Հայ վաճառականը ներկայ է ամէն տեղ՝ Հոլանտայէն մինչեւ Արեւելք, Հնդկաստան եւ այլուր: Հայ վաճառականներն այնքան ծաղկեցուցած են իրենց գտնուած միջավայրը, որ ինչպէս պարսկական, այնպէս ալ ռուսական կայսրութիւնը փորձած են հայերը խրախուսել ապրելու իրենց սահմաններէն ներս: Օրինակ ՝ Մեծն Պետրոս Առաջինի հրահանգներէն մէկը հետեւեալը կ’ըսէ:
«Հայերուն որքան կարելի է պէտք է հոգ տանիլ եւ խրախուսել անոնց ժամանումը Ռուսական կայսրութիւն»:
Շահ Աբասի օրօք, պարսիկները նոյնիսկ 250.000 հայ տեղափոխած են իրենց սիրտը եւ ստեղծած հայկական թաղամաս՝ Նոր Ջուղա, Իրանի մայրաքաղաք Սպահանի մէջ, նպատակ ունենալով օգտուիլ մետաքսի ճանապարհի առեւտուրի հայկական կարողութիւններէն:
Եւրոպական լուսաւորութիւնը որքան տարբեր էր, հայկական լուսաւորութիւնը այնքան բազմազան շարժում էր, որ կ’ընդգրկէր ինչպէս կրօնի քննադատները, այնպէս ալ հոգեւորականութիւնը, որպէս հայկական մշակոյթի երաշխաւոր տարր։ Հաւատքն ու աւանդոյթը մնացին այս ծրագիրին հիմնական նախադրեալները: Աշխարհիկ եւ հոգեւորական, լուսաւորական մտածողներու միջեւ բաժանում չկար:
Մխիթար Սեբաստացի Աբբահայր (1676-1749) առանցքային դեր ունեցաւ Հայ Լուսաւորութեան մէջ: Սեբաստացի Աբբահայրն ու անոր հետեւորդները ապաստան գտան եւ ստեղծեցին իրենց վանքը Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ, Վենետիկ, որ կազմաւորեց Հայոց Լուսաւորութեան կիզակէտը: Մխիթարեաններու ներդրումը հայ լուսաւորութեան մէջ եղաւ կրօնական, լեզուական եւ մշակութային վերածնունդի ստեղծումով: Անոնց ջանքերը այնքան արդիւնաւէտ էին, որ յայտնի լուսաւորչական մտաւորականներ պարբերաբար կ’այցելէին Մխիթարեաններուն, կը սորվէին հայերէն եւ կը լիցքաւորուէին իրենց փիլիսոփայութեամբ:
Հայաստան դարձեր էր ստրկութենէ ձերբազատուած շնչելու ու մտածելու խորհրդանիշ: Հանրաճանաչ լուսաւորական մտածողները շարունակ կը հագնէին հայկական հագուստ: Լուսաւորչական շարժումի հիմնադիրներէն՝  Ժան-Ժագ Ռուսոն, որ ոգեշնչեց ֆրանսական յեղափոխութիւնը, յաճախ իր հասարակութեան մէջ  կը գտնուէր հայկական տարազով:
Լուսաւորչական դարաշրջանի մէկ այլ յայտնի հեղինակ Լորտ Պայրընը յայտնի հայասէր էր, որ յաճախ կ’այցելէր Մխիթարեաններուն եւ լաւ ուսումնասիրած էր հայոց լեզուն:
Ուրեմն ասիկա այն ժամանակն է, երբ հայերը չունէին իրենց ինքնիշխան երկիրը, սակայն անոնք կրցան մնալ ամուր ազգ՝ իրենց ինքնութեամբ: Մետաքսի ճանապարհի առեւտուրին շնորհիւ կրցան արտայայտել նաեւ իրենց սէրը գրականութեան եւ փիլիսոփայութեան նկատմամբ՝ ստեղծելով աշխարհի ամենահին ու յայտնի սահմանադրութիւնը:
Լուսաւորութեան իրենց ուրույն ձեւով, գիտական ոճի, բանականութեան եւ գիտելիքներու պատկերացումներով, կառչելով իրենց կրօնքին եւ աւանդոյթներուն, հայերը մեծ տպաւորութիւն թողուցին լուսաւորչական միտքի, գաղափարի, մտաւորականութեան  ու  ռոմանթիք շարժումին  վրայ։
Աղբիւրներ.
-Տէր Յովնանեան, «Պատմութիւն Նոր Ջուղայի», 1880
-Collection cathedral of st. Echmiatsin,  Echmiatsin 
-Collection mekhitarist fathers,  Venice 
-Collection st. Amenaperkich,   New Julfa 
-Collection Manuscripts of Madenataran,   Yerevan
Ճրտրգ. Կարպիս Մինասեան