Ֆրանսայի արտաքին գործով նախարարը ԱՄՆ պետական քարտուղարին հետ հանդիպումին անդրադարձած է Ատրպէյճանի կողմէն Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան սպառնալիքին։

Ֆրանսայի Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Սեժուրնէ Փարիզի մէջ ԱՄՆ պետական քարտուղար Անթոնի Պլինքընի հետ մատեղ մամլոյ ասուլիսին յայտարարած է, որ Ատրպէյճանի կողմէն Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան սպառնալիքին մասին։

«Մենք կը վերահաստատենք մեր հաւատարմութիւնը Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան, որ այժմ կասկածի տակ կը դրուի Ատրպէյճանի կողմէն, եւ թոյլ տուէք ըսել, թէ որքան անհանգստացած ենք անոր համար, նկատի առնելով, որ Ատրպէյճանի հռետորաբանութիւնը հետզհետէ անվերահսկելի կը դառնայ», նշած է Սեժուրնէ։
Սփեֆան Սեժուրնէ մտահոգութիւն յայտնած է Պաքուէն եկող կեղծ տեղեկատուութեան յաւելումին համար, որ միտում ունի յարձակումի պատասխանատուութիւնը վերագրել Հայաստանին, որմէ այսօր միայն Հայաստան կ’ուզէ խուսափիլ:
«Շատ նմանութիւններ կը տեսնենք այն ամէնուն հետ, որ Ռուսիան կը կիրառէ Ուքրանիոյ նկատմամբ», ըսած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը՝ կոչ ուղղելով ուշադրութիւն դարձնել այս հարցին Պաքուի մէջ կայանալիք COP29-էն վեց ամիս առաջ: