Իրանի զինեալ ուժերու գլխաւոր շտապի պետ Մուհամմէտ Պաղեր` Սուրիոյ մէջ Իրանի հիւպատոսութեան շէնքի հրթիռակոծման հետեւանքով զոհուած Իսլամական Յեղափոխութեան Պահապաններու ցամաքային ուժերու հրամանատար, զօրավար Մուհամմէտ Ռըզա Զահետիի յուղարկաւորութեան ընթացքին ըսաւ, որ Իսրայէլի դէմ գործողութիւն անպայման պիտի իրականանայ որպէս պատասխան այս յարձակումին։
«Իսրայէլի յարձակումը անպատասխան պիտի չմնայ, մենք կ’որոշենք գործողութեան ժամանակը, տեսակը եւ ձեւը, անիկա անպայման, մանրակրկիտ կերպով պիտի իրականանայ։ Մենք պիտի ստիպենք թշնամին զղջալ ըրածին համար», յայտարարած է ան: