Հայոց ճակատագիրը ճակատի վրայ չէ գրուած, ոչ ալ ձեռքի ափի մէջ՝ այն ճիւղաւոր ուղին որ գնչու բախտագուշակը կարդալով կը պարզէ, (փողի փոխարէն):
Թափառական Հայուն «գիր»-ը ոչ թէ ճակատին՝ այլ ներբանին վրայ է գրուած. հանենք կօշիկ գուլպայ ու մեր ներբանի Գիրք Ելիցը1 կարդանք ու պարզենք…
Քալելով հեռանա՞լ Հողէն՝ արմատախիլ, ափ յափոյ2 թէ ոտքը հողին խրել՝ արմատ նետած՝ ճիւղ տալ կրկին, մեր թռչող տրոններու կարկինը լայն բացած այս անգամ: Զէնք՝ քան եկեղեցի կառուցել:
Բուռ մը Հող եւ ափ մը մոխիր (ո՞վ պիտի բերէ Սիամանթոյին համար),
* Ափ մը արցախաբոյր հրաժե՞շտ թէ ցտեսութիւն. պատմութեան ընթացքին տեղաշարժներն անթիւ, տեղերը իրենց տեղը երկար չեն նստիր. մէկ քայլ ետ կ’երթաս՝ հող կու տաս, պայմանաւ որ երկու քայլ առջեւ երթաս՝ Հողը ետ առնես.
* Եւ բուռ մը հող (փոքրիկ շիշի մէջ, բերուած 1984-ի պիոներական շրջապտոյտիս՝ Էջմիածնի Մայր Տաճարի պարտէզէն): Հիմա ինչ. շիշի հողին գոյութի՞ւնն ալ եղաւ թէական, զերթ Շուշի… Ալիեւը իր ոտքը Սեւանայ լիճի դիմացի ափի՞ն պիտի խրէ… ափիս մէջ այս մէկը չէ գրուած…
Մնաց ուշի,
Ախ իմ Շուշի,
Կոկորդ փուշի,
Երբ դու նորից
Մայր Հայաստան
Պիտ՛ վերա-ԴԱՌՆ-աս:
Չունեցանք՝ չունինք վստահելի Մովսէս ու գաւազան՝ դուք հայոց Լաչինի վիզէն՝ միջանցքէն Ելքը՝ Տէր Զօրի անապատին հարցուցէ՛ք, այն օր երբ երկինքէն անձրեւի փոխարէն խաչքար պիտի տեղայ եւ ճամբաները մեր թափառական բոպիկ ներբանները3 նորէն պիտի լիզեն:
1 Exodus 
2 հապճեպ, աճապարանքով
3 ոտքի տակի մասը 
***

TATTOO

Պարզ մատիտով «սէր» մի՛ գրեր
Օր մը սրբիչդ կը սողայ
Սեւագիրիդ հետքը կը թողու
Անընթեռնելի
Գրաքննութեան զոհի պէս
Լրտեսներու մելան ալ չ’ըլլար
Այն որ եօթը օրէն
Ինքնիրեն կ’անհետի
Եթերի մէջ ~ աննշմար
Ձեռագիրդ նրբատեսիլ ~
Դուն «մեր սէրը» ասեղնագրէ
մորթիս վրայ
Խոստումդ ամէնուրեք
հետս գայ
Պարզ մատիտով «սէր» մի՛ գրեր
Ոչ ալ լրտեսներու մելանով
Դաջուածքի արիւնը վկայ
Յարվարդ