Վարուժան Նալպանտեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա Փետրուար, 1938-ին, Վարդանանց տօնին: Ան առաջին զաւակն է մեծ հօրս՝ Եագուպ Նալպանտեանի եւ մեծ մօրս՝ Վերգին Պարսումեանի: Վերգին մեծ մայրս Կիպրոսի Մելքոնեան վարժարանը աւարտելէ ետք վերադարձած էր Հալէպ եւ հայկական ընտանիք կազմած Եագուպի հետ, աշխարհ բերելով չորս զաւակներ՝ Վարուժան, Մատլէն, Ոոզիկ եւ Սալբի, որոնք, իրենց կարգին, կազմեցին իրենց ընտանիքները, ունեցան զաւակներ ու թոռներ, որոնց բոլորին հետ հայրս մինչեւ իր կեանքին վերջը պահպանեց սերտ կապեր, եղաւ սիրելի մօրեղբայրը իր քոյրերուն զաւակներուն, նոր սերունդի ամէն մէկ անդամին հետ կիսեց հաճելի փորձառութիւն մը, իւրաքանչիւրին հետ ապրելով անմոռանալի յիշատակներ:

Հալէպի մէջ աւարտելէ ետք տեղւոյն Կրթասիրաց վարժարանը, հայրս իր ուսումը կը շարունակէ «Ալէփօ Քոլէճ» Ամերիկեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ, ապա կը վկայուի եւ անմիջապէս կը նետուի կեանքի ասպարէզ՝ իր հօր առեւտրական խանութէն ներս, ուր կ՛աշխատի բազում տարիներ եւ կը հիմնէ իր աշխատանքային ոճը՝ ինքնաշարժի մասերու կապուած առեւտրական զանազան բաժիններու մէջ: Ան մնաց իր սեփական գործին տէրը մինչեւ Լոս Անճելըս հաստատուիլը, 2017-ին:
Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն եւ յատկապէս Ցեղասպանութենէն ետք Այնթապէն գաղթած եւ Հալէպ ապաստանած հայ ընտանիքները մեծ դեր ունեցած են Հալէպի հայ ազգային կեանքի կազմակերպման եւ բարգաւաճման մէջ: Նալպանտեան ընտանիքը մէկն էր անոնցմէ: հայրս, փոքր տարիքէն մաս կազմած է Հալէպի ազգային, մշակութային եւ մարզական կեանքին եւ իր բաժին նուիրումը բերած Հալէպի գաղութի ազգօգուտ ծառայութեան: Ան 1950-ականներու սկիզբը Հալէպի մէջ կ՛անդամագրուի Հայ Մարմնական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Մ.Ը.Մ.ի) եւ իբրեւ մարզիկ մաս կը կազմէ պասքեթի եւ վոլէյպոլի խումբերուն: 1958-1962 կը միանայ Համազգայինի Կարա-Մուրզա Երգչախումբին նաեւ կը մասնակցի Կրթասիրացի «Եղբայրունի» Թատրոնին: Հայրս միշտ համակիր մնաց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ. մարզական միութեան, սիրայօժար իր նիւթական մասնակցութիւնը բերաւ աջակցելով հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ Հալէպի տարբեր ազգային հաստատութիւննիրուն:
Հալէպի մէջ, 1976-ին, հայրս կը ծանօթանայ մօրս՝ Ծաղիկին, որուն հետ կ՛ամուսնանայ 1976-ի Դեկտեմբերին եւ կը բախտաւորուի երկու զոյգ աղջիկ զաւակներով՝ Վանիա եւ Տանիա եւ մէկ տղայ զաւակով՝ Յակոբ:
Ան հովանաւորած է Արցախի մէջ հայ սանիկ մը, անոր ապահովելով ապրուստ եւ ուսումնառութիւն:
Սուրիոյ քաղաքացիական վերջին պատերազմին պատճառով, 2017-ին հայրս եւ մայրս կը հեռանան երկրէն եւ կը հաստատուին Լոս Անճելոս՝ միանալու համար իրենց զաւաներուն՝ Յակոբին եւ Տանիային, որոնք արդէն հաստատուած էին Կլէնտէյլ:
Կարճատեւ հիւանդութենէ մը ետք, հայրս վերջնականապէս իր աչքերը փակեց 26 Փետրուար 2024-ին, խոր սուգի մատնելով մայրս եւ մեզ՝ զաւակներն ու թոռները, քոյրերն ու իրենց ընտանիքները, այլեւ բազմաթիւ զարմիկներ, հարազատներ, բարեկամներ եւ ընկերներ:
Հայրս բարի, համբերատար, ազնիւ եւ հոգատար բնաւորութեան տէր մարդ մըն էր եւ սիրուած ու յարգուած էր իր ընտանիքէն, շրջապատէն եւ ընկերական շրջանակէն:

Շրջահայեաց էր, հանգիստ բնաւորութեան տէր եւ միշտ ներողամիտ՝ բոլորին նկատմամբ: Մենք իր շունչին տակ մեծցանք ու աճեցանք եւ իր բարի ցուցմունքներով մեր նկարագիրը կազմեցինք:
Հողը թեթեւ գայ վրադ սիրելի հայր, մեծ հայր, եղբայր, մօրեղբայր, զարմիկ եւ հարազատ, իմ շատ-շատ աղուոր պապա: Մենք քեզ երբեք չենք մոռնար:
Խունկ ու մոմ անթառամ յիշատակիդ:

 

Դուստրդ