Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ: Քննարկուած են Հայաստան-Գերմանիա գործակցութեան, ՀՀ-ԵՄ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման վերաբերող հարցեր:
Անդրադարձ կատարուած է Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին: Վարչապետ Փաշինեան յայտնած է, որ Հայաստան պատրաստ ուղղուիլ լուծումներու 6 Հոկտեմբեր 2022-ի Պրահայի, 14 Մայիս 2023-ի եւ 15 Յուլիսի Պրուքսէլի, ինչպես նաեւ 5 Հոկտեմբեր 2023-ի Կրանատայի համաձայնեցուած սկզբունքներու հիման վրայ: Վարչապետը անընդունելի համարած է այդ սկզբունքները աղաւաղելու իւրաքանչիւր փորձ:
Վարչապետ Փաշինեան վարչապետ Շոլցին շնորհակալութիւն յայտնած է՝ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներուն, Հայաստան-Գերմանիա, Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու զարգացումին աջակցելու համար: