Ազգային ժողովի ընդդիմադիր  «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան չի բացառեր, որ Ատրպէյճան անցնի Հայաստանի դէմ լայնամասշտապ յարձակման: Այս միտքը յայտնեց 9 Ապրիլին, Ազգային Ժողովէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին:
«Եթէ յարձակումի վտանգ չկայ, իշխանութիւնը ինչո՞ւ կը վախցնէ մեր ժողովուրդը պատերազմով։ Վերջերս Նիկոլ Փաշինեան այցելած էր սահմանամերձ գօտի, ուր կը պատրաստուին տարածքներ յանձնել, ահաբեկած էր պատերազմով: Եթէ որեւէ վտանգ չկայ, պէտք  չէ ժողովուրդը վախցնել,  բայց, իրականութիւնը այդպէս չէ։ Ասիկա շատ յստակ ծրագրուած գործընթաց է. այնտեղէն կը վախցնեն, այստեղէն կը վախցնեն ու կը ստեղծեն այնպիսի տպաւորութիւն, որ  այլ ճանապարհ չունինք, պէտք է զիջինք, որ կարենանք գոյատեւել», ըսաւ ան:
Ըստ Ռուստամեանի, բանաւոր խօսակցութիւնները կը զուգորդուին սահմանային լարուածութիւններով, որ  Ատրպէյճանն ու Թուրքիան ստանան իրենց համար ընդունելի արդիւնքներ ու հասնին իրենց նպատակին: