ՀՀ Ազգային Ժողովը 9 Ապրիլին խորհրդարանական ընդդիմութեան նախաձեռնութեամբ արտահերթ նիստ կը գումարէ։ Քննարկումներուն նիւթը պիտի ըլլայ «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցերը»։
Ընդդիմութիւնը որպէս հիմնական զեկուցողներ հրաւիրած է փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանն ու արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը։
Արտահերթ նիստը սկսած է Երեւանի ժամով 14.30-ին։