Պաղտատցի տեղահանուածներուն օգնութեան յատուկ ՄԱԿ-ի գործակալութիւնը ԱՆՐՈՒԱ-ն յայտնեց, որ ամիսներէ ի վեր Կազզայի դէմ իսրայէլեան յարձակումներուն հետեւանքով Կազզայի բնակարաններու 62%-ը, ինչպէս նաեւ ենթակառոյցները, ներառեալ ԱՆՐՈՒԱ-ի ենթակայ շէնքերը, որոնց մէջ պաղեստինցի տեղահանուած ընտանիքներ կ՚ապաստանէին, քանդուած են։

Գործակալութիւնը աւելցուց, որ Կազզայի բնակչութեան աւելի քան 75%-ը տեղահան դարձած է։