Պաղեստինի Կազզայի հատուածին վրայ Իսրայէլի շարունակական յարձակումներուն լոյսին տակ Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւնները աւելի կը խորանան:
Ըստ «ԷրմէնիՀապէր»-ի թրքական ընդդիմադիր մամուլին մէջ կը շեշտուի, որ հակառակ Թուրքիոյ նախագահի մակարդակով Կազզայի հատուածին մէջ տիրող իրավիճակի ու իսրայէլեան կողմի գործողութիւններու դատապարտումին, երկկողմ յարաբերութիւնները կը պահպանուին:
«Թուրքիոյ պալատներու եւ սակարաններու միութեան»  (TOBB) տուեալներուն համաձայն՝ 7 Հոկտեմբեր 2023-էն՝ պաղեստինա-իսրայէլեան հակամարտութեան վերջին լարումէն մինչեւ օրս Թուրքիոյ մէջ բացուած է 18 իսրայէլեան դրամագլուխ ունեցող ընկերութիւն:
Իսկ ընդհանուր առմամբ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ գործող իսրայէլեան ընկերութիւններու թիւը կը հասնի 505-ի, անոնց կողմէ կատարուած ուղղակի ներդրումներու ծաւալը՝ 431 մլն. տոլարի: