Ապրիլ 5-ի լոյս 6-ի գիշերը Ատրպէյճանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերու սադրիչ գործողութիւնները արդարացում չունին: Սահմանի բազմաթիւ հատուածներուն մէջ անկանոն կրակահերթեր բանալով,  քանի մը տասնեակ զինուորական աւտոմեքենաներու շարժերով Ատրպէյճան ակնյայտօրէն հետապնդած է սադրիչ նպատակ։
Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած Ուժերու ստորաբաժանումները դրդե՛լ համանման հակադարձ գործողութիւններու, վերջին շրջանի ատրպէյճանական ապատեղեկատուութիւնը «հիմնաւորող» փաստեր ստանալու համար:
Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած Ուժերու ստորաբաժանումները, գնահատելով իրադրութիւնը, հետագայ սրման նպաստող գործողութիւններ չեն կատարած, որուն հետեւանքով սահմանագիծի իրավիճակը հանդարտած է:
Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը կը վերահաստատէ, որ Հայաստան տարածաշրջանի իրադրութեան սրմամբ  չէ հետաքրքրուած  եւ Ատրպէյճանին կոչ կ’ուղղէ դադարեցնելու իրադրութեան սրման հասնելու գործողութիւնները:
Արդարացուած չենք համարեր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին վրայ պաշտպանական կառոյցներու ստեղծման վերաբերեալ Ատրպէյճանի գնահատականները, քանի որ բանակի եւ բանակային ենթակառուցուածքներու բարեփոխումները իւրաքանչիւր երկրի ինքնիշխան իրաւունքն է: Միեւնոյն ժամանակ կը յիշեցնենք, որ Հայաստան-Ատրպէյճան պետական սահմանէն զօրքերու հայելային յետքաշման, սպառազինութիւններու վերահսկման փոխադարձ մեքանիզմներու ներդրման, յարձակումը կանխելու պայմանագիր կնքելու, պետական սահմանին յարակից տարածքները ապառազմականացնելու Հայաստանի Հանրապետութեան առաջարկները Ատրպէյճանի կողմէ կը շարունակեն անարձագանգ մնալ:
Անհասկնալի են նաեւ Հայաստանին ուղղուած մեղադրանքները պաշտպանական նպատակներով սպառազինութիւններու ձեռքբերման առիթով, որովհետեւ Ատրպէյճան Հայաստանի Հանրապետութենէն անգամներով աւելի սպառազինութիւն ձեռք կը բերէ, ինչի մասին Հայաստան համապարփակ տեղեկատուութիւն կը ստանայ:
Այս առիթով պաշտօնապէս կը վերահաստատենք Հայաստանի Հանրապետութեան նուիրումը խաղաղութեան օրակարգին, ինչպէս նաեւ անկէ բխող սպառազինութիւններու փոխադարձ վերահսկման մեքանիզմներու ստեղծման եւ երկու երկիրներու միջեւ սահմանի յարակից տարածքները ապառազմականացնելու` Ատրպէյճանին ուղղուած մեր առաջարկը:
ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն
6 Ապրիլ 2024
Երեւան