«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան խորհրդարանական ճեպազրոյցներու ընթացքին յայտնեց. «Հանդիպումը, որ տեղի ունեցաւ Պրիւքսէլի մէջ, կը կարծեմ, որ խայտառակ հանդիպում ու ձախողում էր»։

Անոր համաձայն, կառավարութեան ղեկավարը եւ 4 բարձրաստիճան պաշտօնեաներ Եւրոպայի մէջ չեն հանդիպած եւ քննարկած ԱՄՆ-էն տարեկան 15 մլն. տոլարի եւ Եւրոպայէն 70 մլն. տոլարի աջակցութիւնը, այն պարագային, երբ երկու տարի առաջ առաջարկուած էր 2, 6 միլիառ եւրոյի աջակցութիւն։

Յիշեցնելով, որ իշխանութիւնները յայտարարած են, որ Հայաստան պատրաստ է Եւրոպային այնքան մօտ ըլլալ, որքան վերջինս կը կամենայ՝ ընդդիմադիր պատգամաւորը ըսաւ, որ Եւրոպան առաջարկած է նախապէս գործող ՀՀ-ԵՄ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործակցութեան համաձայնագիրը։
Պատգամաւորը անդրադարձաւ նաեւ խորհրդարանի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթին եւ ըսաւ. «Արցախի հարցը Փաշինեանի խօսքերով, եթէ ուղղակի փականք էր, որպէսզի Հայաստանը անկախութենէն զրկեն, Փաշինեանն ալ ամէն ինչ ըրաւ, որ այդ փականքը շարունակուի, այսինքն՝ իր քաղաքականութիւնը, իր խօսքերը ուղղուած էին Արցախը զոհելու, որպէսզի փրկէին Հայաստանը, բայց կը տեսնենք, որ Արցախը զոհելէն վերջ մենք աւելի վատ վիճակի մէջ յայտնուած ենք»։