Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմի պաշտպանական արդիւնաբերութեան վարչութեան պետ Հալուք Գեորգիւն Պաքու կատարած այցելութեան ընթացքին հանդիպումներ  ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի՝ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ։
Այցելութեան ընթացքին հանդիպումներ տեղի ունեցած են ռազմարդիւնաբերական շարք մը  ատրպէյճանական ընկերութիւններու ներկայացուցիչներու հետ, որոնց ընթացքին ստորագրուած են  համագործակցութեան պայմանագրեր։
Այս շրջագիծին մէջ թրքական պատուիրակութեան կազմին մէջ գըտնուող «MKE»-ի գլխաւոր տնօրէն Իլհամի Քելէշ եւ «Repkon Group»-ի նախագահ Իպրահիմ Քիւլեքճի փոխըմբռնումի յուշագիր  ստորագրած են Ատրպէյճանի ռազմական արդիւնաբերութեան շարք մը ընկերութիւններու հետ, որոնց անունները չեն հրապարակուած։
Թրքական կողմը Ատրպէյճանի ղեկավարութեան ու ատրպէյճանական ընկերութիւններուն  ներկայացուցած է սեփական արտադրութեան  շարք մը համակարգեր, քննարկուած են  համագործակցութեան կարելիութիւնները։