Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ
Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան,
անցնող օրերուն, ցաւակցական
այցելութիւն տուաւ Հալէպի մէջ Իրանի
Իսլամական Հանրապետութեան գլխաւոր
հիւպատոս Նաւապ Նուրիին՝ Դամասկոսի
մէջ տեղի ունեցած անմարդկային
ռմբակոծումին զոհ դարձած
նահատակներուն համար վշտակցութիւն
եւ ցաւակցութիւն յայտնելու։
Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէին Սուրիոյ
Խորհրդարանի Երեսփոխան եւ Ազգ.
Վարչութեան ատենապետ Տիար Ժիրայր
Րէիսեան եւ Ազգային Վարչութեան
անդամ Տիար Արմէն Գասպարեան։

Սրբազան Հայրը հայ համայնքին անունով
ցաւակցական խօսք ուղղեց մեծարգոյ
հիւպատոսին եւ զոհուածներու
ընտանիքներուն, եւ շուտափոյթ
ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն։
Մեծարգոյ հիւպատոսը շնորհակալութիւն
յայտնեց այցելութեան համար։