Ի՞ՆՉ ԿԸ ԹԵԼԱԴՐԷ ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԻՒՆԸ
Այս տարի ներքնազգեստի ոճով հագուստներ կը շարունակեն գերել նորաձեւութեան սիրահարները:
Ոճաբաններ իրենց հաւաքածոներուն մէջ կարեւորութիւն կու տան առաւելաբար կարճ վերնաշապիկներու, թափանցիկ կիսաշրջազգեստներու, որոնց տակ հաստ կտորով ներքնազգեստներու, ինչպէս նաեւ փայլփլուն ուլունքներով զարդարուած երեկոյեան զգեստներու, եւ մետաքսէ գազակներու: Այսպիսի ոճեր, սակայն, դժուար թէ յարմարին մեր ապրած միջավայրին։
Դժուար է պատկերացնել կնոջ զգեստներու պահարանը առանց կաշիէ հագուստի։ Մեզմէ գրեթէ իւրաքանչիւրը ունի կաշիով պատրաստուած տաբատ,կիսաշրջազգեստ, բաճկոն կամ թիկնոց: Կաշին մեզի կու տայ ինքնավստահութիւն, ուստի կը շարունակէ մեծ տեղ գրաւել գարուն-ամառ 2024-ի նորաձեւութեան մէջ:
Այս տարի նորոյթ են նաեւ մետաղի գոյնով հագուստներ, շրջազգեստներ, շողշողացող ուլունքներով զարդարուած կիսաշրջազգեստներ, փայլուն կօշիկներ եւ խոշոր զարդեր:
Այս եղանակին համար ձեր զգեստներու պահարանը հարստացուցէ՛ք նաեւ դասական սպիտակ եւ երկար մոխրագոյն գուլպաներով:
Բնականաբար գարունը եւ ամառը առանց ճինզի կարելի չէ պատկերացնել, ոճաբաններ կը ներկայացնեն ճինզ կտորով տաբատներ, պայուսակներ, շրջազգեստներ եւ ամառնային գլխարկներ:
Այս ամռան տիրող գոյները շաքարագոյնի երանգներն են:
Ոճաբաններ ընդհանրապէս նախապատուութիւն տուած են կնոջ կազմուածքը ընդգծող հագուստներու, ընտրելով շաքարագոյնի երանգները:
Փարիզի մէջ կը շարունակուի աւանդական նորաձեւութեան շաբաթը։ 43-ամեայ հայուհի Քիմ Քարտաշեան ներկայ եղած է Maison Margiela նորաձեւութեան տան ցուցադրութեան եւ հագած է սեւ, նեղ հագուստ մը, որ ընդգրկած է մարմինի կազմուածքը՝ գրաւելով բոլորին ուշադրութիւնը:
Յայտնի ոճաբան Միքայէլա Էրլանքրի կարծիքով, այս եղանակին պիտի օգտագործուին առաւելաբար փայլուն զգեստներ, փայլուն իրեր եւ բարձրակրունկ կօշիկներ:
Այս ամառ եւս նորոյթ կը համարուին թափանցիկ կօշիկները:
Յատկապէս նորոյթ են թափանցիկ կրունկներով կօշիկները: Իսկ փոքր պայուսակները ընդգծելի են 2024-ի գարուն-ամառ հաւաքածոյին մէջ: Նիւ Եորքի նորաձեւութեան շաբթուան ընթացքին, լաւագոյն պայուսակները ճերմակ, վարդագոյն, արծաթագոյն եւ դեղին պայուսակները համարուած են:
2024-ի նորոյթ գոյնը Նարնջագոյնն է (Apricot Crush): Ունի իւրայատուկ հմայք, որ կը յիշեցնէ ամառնային արեւոտ,
տաք օրերը։ Նարնջագոյնի պայծառ երանգն ու թարմութիւնը շատերուն ուժ եւ եռանդ կը հաղորդեն եւ դրական տրամադրութիւն կը ստեղծեն:
Նորաձեւութեան հետեւորդները անդրադարձած են նաեւ դիմայարդարման նախընտրութիւններուն: Դեղձի երանգներով դիմայարդարումը ամէնէն ընդհանրացածն է այս ամառ։ Ընդհանրապէս թեթեւ քսուկներ, ինչպէս նաեւ բաց գոյնի երանգներ (pastel) պէտք է օգտագործել:
Ինչ կը վերաբերի 2024-ի ամռան արեւէն պաշտպանուելու ակնոցներուն, ոճաբաններ կը թելադրեն իւրաքանչիւր անձի ընտրել իր դէմքին համապատասխան ակնոց: Լայն շրջանակներով ակնոցները չեն յարմարիր փոքր դէմք ունեցողներուն, եւ հակառակը՝ նեղ շրջանակներով ակնոցները անյարմար տեսք մը կու տան երկար կամ լայն դէմք ունեցողներուն։
Նորաձեւութիւնը կրնայ բազում առաջարկներ ու մտայղացումներ հրամցնել ձեզի, ուստի ընտրեցէ՛ք յարմարագոյնը թէ՛ վայելուչ մնալու, թէ՛ խնայողութեամբ ծախսելու ներկայ տնտեսական ծանր պայմաններուն մէջ։
Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան