ՏԵՂԱԿԱՆ
ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– ՀՄԸՄ-ի պասքեթի տղոց խումբին պարգեւատրումը՝ Սուրիոյ պասքեթի ախոյեանութեան Ա. դասակարգ բարձրանալուն առիթով։
Պարգեւատրումը տեղի ունեցաւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Հալէպ Մասնաճիւղի Վարչութեան, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Շաբաթ, 13 Ապրիլ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀՄԸՄ-ի մարզադաշտէն ներս։
Սրբազան հօր կողքին ներկայ էին թեմի Յարաբերական Մարմինի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդր. Վարչութեան ներկայացուցիչ Աւետիս Տէրվիշեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան, ՀՄԸՄ-ի Շրջ. Վարչութեան, Տեղական Վարչութեան անդամներ, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ՀՄԸՄ-ի մարզիկներ։
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐ ՊԱՍՔԵԹԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԽՈՒՄԲԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Հայաստանի Պասքեթի Դաշնութեան դիմատետրի էջը կը հաղորդէ , որ Հայաստանի պասքեթի խումբերուն մէջ տեղի ունեցած են մարզական նոր նշանակումներ:
2024-ի ամռան տեղի ունենալիք Եւրոպայի Գ. մասի  առաջնութեան մէջ Հայաստանի  աղջկանց մինչեւ 16 տարեկաններու հաւաքականը կը գլխաւորէ Ալպերթ Յարութիւնեան:
Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ «Հատիս» դարձած է Հայաստանի աղջկանց առաջնութեան 2023/2024 մրցաշրջանի փոխախոյեան:
Աղջկանց մինչեւ 16 տարեկաններու հաւաքականը ընդգրկուած է Ա. ենթախումբին մէջ, ուր ան կը մրցի Վրաստանի, Ատրպէյճանի եւ Կիպրոսի հաւաքականներուն հետ: Հանդիպումները տեղի պիտի ունենան 9-14 Յուլիս 2024
Ճիպրալթարի մէջ:
Հայաստանի աղջկանց մինչեւ 18 տարեկաններու հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնին նշանակուած է Հայաստանի հաւաքականի նախկին խաղցող Արտիոմ Թաւակալեան:
Անոր գլխաւորութեամբ «Ֆոքսիս» նուաճած է Հայաստանի աղջկանց  2023/24 մրցաշրջանի ախոյեանութեան տիտղոսը։
Աղջկանց մինչեւ 18 տարեկաններու հաւաքականը ընդգրկուած է Գ. մասի Բ. ենթախումբին մէջ, ուր կը մրցի Ալպանիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի խումբերուն հետ: Հանդիպումները տեղի պիտի ունենան  23-28 Յուլիսին Քոսովոյի Պրիշթինա քաղաքը:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՄԱՀԱՑԱԾ Է ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆ ՊԵՂՆԹ ՀԸՐՑՆՊԱՅՆԸ
Գերմանիոյ ֆութպոլի միութեան կայքը կը գուժէ մահը Գերմանիոյ նախկին Դաշնային Հանրապետութեան հաւաքականի եւ Ֆրանքֆուրթի «Այնտրախտ»-ի նախկին յարձակող, աշխարհի ախոյեան 78-ամեայ Պեղնթ Հըրցնպայնին։