Իրանեան իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը հաղորդագրութեամբ յայտնեց, որ Իրան հրթիռներով եւ ինքնաթիռներով թիրախ դարձուց Պաղեստինի մէջ իսրայէլեան կեդրոններ, ի պատասխան՝ Դամասկոսի մէջ իրանեան դեսպանատան Իսրայէլի կողմէ հրթիռակոծման, որուն հետեւանքով իրանցի հրամանատարներ եւ զինուորական խորհրդատուներ նահատակուեցան։