Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան քննարկած են երկկողմանի համագործակցութեան հարցեր եւ տարբեր մակարդակներու վրայ յառաջիկայ հաղորդակցութիւններու ժամանակացոյցը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յիշուի նախարարներու հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք հրապարակուած Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Կողմերը նաեւ քննարկած են Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող կացութիւնը եւ «3+3» ձեւաչափով համագործակցութեան զարգացումը: