ՄԱԿ-ի մօտ Իրանի մնայուն ներկայացուցչութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի զինուորական յարձակումը ինքնապաշտպանութիւն է, որ նախատեսուած է ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 51-րդ յօդուածով, որպէս պատասխան Դամասկոսի մէջ Իրանի հիւպատոսութեան Իսրայէլի կողմէ հրթիռակոծման։

Ներկայացուցչութիւնը յայտնեց, որ յարձակումը աւարտած է, աւելցնելով որ «Իսրայէլ սխալ մը եւս գործելու պարագային, Իրանի պատասխանը աւելի կոշտ պիտի ըլլայ»։