Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ. «Մենք դէմ ենք շրջանին մէջ լարուածութեան հաւանական աճին, ատիկա կը վնասէ շրջանին, նաեւ Հայաստանին ու Ատրպէյճանին. երկու կողմերուն կոչ կ’ուղղենք հանդարտութիւն, զսպուածութիւն ցուցաբերելու եւ խաղաղութեան մասին երկխօսութիւնը շարունակելու»:
«Մենք կը գտնենք, որ լարուածութիւնը նուազեցնելու կարեւորագոյն գործօններէն են երկխօսութիւնը եւ դիւանագիտութիւնը, ինչպէս նաեւ ազգային գերիշխանութեան յարգումն ու միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու անխախտելիութիւնը եւ միջազգային օրէնքներու յարգումը: Պատերազմը երբեք խնդիրները չէ լուծած, նոյնիսկ պատերազմները կը լուծուին երկխօսութեան եւ դիւանագիտութեան միջոցով», աւելցուց Սոպհանի:
Այն հարցումին, թէ որո՞նք են Իրանի կարմիր գիծերը Հայաստանի գերիշխան տարածքին համար, արդեօք անոնք փոխուա՞ծ են, դեսպանը պատասխանեց.
«Ո՛չ, մեր կարմիր գիծերը չեն փոխուած, մեր երկրի ամէնէն բարձրաստիճան ղեկավարը միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու փոփոխութեան դէմ արտայայտուած է, իբրեւ կարմիր գիծ, եւ կարելի չէ զայն անտեսել: Մենք կտրականապէս դէմ ենք որեւէ աշխարհաքաղաքական փոփոխութեան եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու փոփոխութեան»:
Ան նշեց, որ Իրանի կարծիքով, եթէ սահմանին վրայ կան խնդիրներ, այդ խնդիրները պէտք է լուծուին երկխօսութեան, փոխադարձ ընկալման հիման վրայ, ինչպէս նաեւ երկիրներու գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը յարգելով: