Հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Շաբաթ, 13 Ապրիլ 2024-ին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական միաւորի վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ աշակերտական համերգ, նուիրուած Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 155-ամեակին, Ա. Մանուկեան Ժ. Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս։
Համերգին ներկայ գտնուեցան Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Ազգ. Վարչութեան անդամ Արմէն Գասպարեան, Պատկան մարմինի անդամ Ներսէս Պարսումեան, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Կարօ Մանճիկեան, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Ռաֆֆի Սիւլահեան, Շրջ. Վարչութեան անդամներ, հրաւիրեալներ եւ աշակերտներուն ծնողները։

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական միաւորի վարչութեան ատենապետ Շողեր Մուշեղեան-Հայրապետեան բացման խօսք արտասանեց, յայտնելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումին նուիրուած ամսուան մէջ, այս համերգը կազմակերպուեցաւ՝ յիշելու եւ մեծարելու հայ երաժշտութեան պատմութեան ամէնէն պայծառ եւ լուսաւոր դէմքերէն Կոմիտաս Վարդապետը, իր ծննդեան 155-ամեակին առիթով։ Ան յայտնեց, թէ Կոմիտաս վարդապետը հայու հոգին երգով եւ երաժշտութեամբ շնչաւորեց, հայկական երաժշտութեան ազգային դիմագիծը պահեց եւ զայն ողջ աշխարհին ծանօթացուց: Մեծանուն երգահանն ու երաժշտագէտը 1915-ին, հայ մտաւորականներուն հետ աքսորի ենթարկուեցաւ եւ դարձաւ հայ ժողովուրդի տառապանքին ականատեսը:

Համերգին հանդիսավարն էր երաժշտանոցի տնօրէնուհի Տալիտա Մինասեան-Թովմասեան, որ մերթ ընդ մերթ Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն գեղեցիկ տողեր մէջբերեց։

Աշակերտները երաժշտական զանազան գործիքներով գեղեցկօրէն ներկայացուցին Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն ընտրանի մը։ Սկսնակ եւ առաջին դասարաններու աշակերտները, երգընթերցման (solfeggio)-ի իրենց ուսուցչուհիին՝ Անի Պօղիկեանի ղեկավարութեամբ երգեցին «Կաքաւիկ»-ը, ֆլիւթի եւ դաշնամուրի աշակերտներու նուագի ընկերակցութեամբ։
Ապա, երաժշտանոցի լարային անսամպլը մեկնաբանեց «Հաբրբան» եւ «Ալայլուղս» երգերը, ղեկավարութեամբ Լուսիա Պանտաքի։

Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր սրտի խօսքը։
Ան ողջունեց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամին ներկայութիւնը եւ իր հարազատ ու անկեղծ զգացումները փոխանցելով հաստատեց, թէ լաւապէս պատրաստուած համերգը մեր ներաշխարհը ուրախութեամբ եւ յոյսով լեցուց, երբ մեր ժողովուրդի զանազան տարիքի զաւակները ժպտումերես, եռանդուն, խանդավառ եւ երաժշտութեան սիրով լեցուն իրենց նուագով հայու հոգին փոխանցեցին մեզի։ «Այսօր մեր փոքր, պատանի եւ երիտասարդ ոյժը կու գայ ապացուցելու, թէ ինչքան ալ կեանքի պայմանները ծանր կերպով փորձեն ճնշել ու սեղմել մեզ՝ չեն կրնար ընկճել հայու հոգին»։
Ան յայտնեց, թէ աշակերտները այսօր Կոմիտասի ստեղծագործութիւններուն նուիրուած համերգով մեզի շատ լուրջ դաս մը տուին, որն է որպէս ծնողներ եւ պատասխանատուներ, ի գին ամէն զոհողութեան նախանձախնդիր ըլլալ մեզի փոխանցուած արժէքներն ու գանձերը անաղարտ պահելու։

Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական միաւորի վարչութիւնը, տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, ծնողները եւ ելոյթ ունեցող աշակերտները, մաղթելով, որ այսպիսի համերգներ ամսական դրութեամբ կազմակերպուին։